Փորձով անգամ մը եւս տեսանք թէ որքան փշոտ դաշտ մըն է հոգեւորականներու քննադատութիւնը։ Փշոտ է որովհետեւ կղերականները նիւթը ինչ որ ալ ըլլայ, իրենց հասցէին ուղղուած բոլոր մեղադրանքները կը ներկայացնեն իբրեւ հոգեւոր արժէքներու հալածանք։ Շատ անգամ ալ կը յաջողին այդ ռազմավարութեան մէջ։ Վերջերս Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անձին ուղղուած մեղադրանքները ոչ միայն իւրացուեցան հոգեւորականաց լայն փաղանգի մը կողմէ, այլ միաբերան կերպով դասուեցան հայ եկեղեցիի դէմ անարգանք։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Սրբազան համարեա նոյն նախադասութիւններով զօրակցեցան Էջմիածինի Կաթողիկոսին։
Տեղի ունեցաւ աւելին եւ Թուրքիոյ Պատրիարքը յանդգնեցաւ իր աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան դէմ բաղդատութիւն բերելու՝ նշելով որ պետութիւնը ունի 30 տարուայ անցեալ, իսկ իր ներկայացուցած աթոռը մօտ վեց դարու պատմութիւն։
Անցեալին իբրեւ առհամարհանք հնչած էին խօսքեր, Պոլսոյ Պատրիարքարանի թրքական հաստատութիւն մը ըլլալու մասին։ Յետին նպատակով արտասանուած այդ խօսքը խորքին մէջ իրականութեան մը բացայայտումն էր պարզապէս։ Ճիշդ է որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը 1861 թուականին հիմնուած է Պոլիս քաղաքը արշաւող Օսմանեան Սուլթանի հրովարտակով։ Անշուշտ որ սուլթանը ունէր իր քաղաքական նպատակները, որոնց համար կարիքը զգաց նման աթոռի մը հաստատման։ Բայց անցնող ժամանակահատուածին այդ աթոռի վրայ ծառայեցին թէ արժանի եւ թէ անարժան գահակալներ։ Բոլորն ալ գիտակցեցան իրենց լիազօրութիւններու սահմանին։ Այդ գիտակցութեան համաձայն դիրք բռնեցին պետութիւնը ներկայացնող համակարգին հետ։ Իսկական փորձի դաշտ մըն էր այդ պաշտօնը, ուր գահակալը թէ պիտի պահէր հայ հոգեւորականի պատշաճող վարք եւ թէ պիտի խուսափէր իշխանութիւններու հետ առճակատումէ։
Մեր ժամանակներու ակներեւ երեւոյթն է անցեալին, պայմաններու բերմամբ կրօնափոխ եղած հայերու իրենց նախկին արմատներու վերադարձի ցանկութիւնը։ Այս երեւոյթը յանկարծակի ոստում արձանագրեց Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք։ Մարդիկ սկսան Պատրիարքարանի դռները մաշեցնել մկրտուելու ցանկութեամբ։ Բայց ափսոս որ այդ դիմումներու կարեւոր մէկ մասը մերժուեցաւ, պարզապէս իշխանութիւններու աչքին «միսյոնար»ի դիրքին մատնուած չըլլալու համար։
Գլխաւոր հակասութիւնը կը ներկայանայ այն պահուն, երբ հայ ըլլալու էական յատկանիշն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մկրտուիլ։ Շատեր ի սէր հայանալու, ընդունեցին մկրտութեան պարտադրանքը։ Եկեղեցին այս անգամ հնարեց ուրիշ պարտադրանք մը՝ վեց ամիս հետեւիլ Պատրիարքարանի կողմէ նշանակուած քահանայի մը մատուցելիք քրիստոնէութեան դասաւանդումին։ Մարդիկ այս պարտադրանքին ալ յօժարեցան, որմէ ետք եկեղեցին դասաւանդութիւններու տեւողութիւնը բարձրացուց երեք տարուայ։ Կարծես թէ մկրտուողը նոյն պահուն եպիսկոպոս ալ պիտի ձեռնադրեն։
Անհատներ իրաւունք ունին իրենց հաւատացած կրօնին հպատակելու։ Իսկ արդեօք հոգեւորականներն ալ իրաւունք ունի՞ն իրենց կատարուած դիմումները մերժելու։
Մեր օրերու կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է այս, որուն մասին տակաւին կը շարունակենք խորհրդակցիլ։