Ամէտի 9-րդ «FilmAmed» վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնի ուրախ տրամադրութիւնը յանկարծ ալեկոծուեցաւ անուանի մտաւորական, ընկերաբան Իսմայիլ Պեշիքչիի բեմին վրայ անհանգստանալով։ Իսկոյն Տիճլէ Համալսարանի Հիւանդանոց փոխադրուող Պեշիքչիին համար ստուգուեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն։
Շտապ բժշկական միջամտութեան արդիւնքով անուանի ընկերաբանը հետզհետէ մտած է ապաքինման փուլին։
Լուրը լսելով հիւանդանոց փութացողները հանգիստ շունչ մը քաշած են բժիշկներու փոխանցած տեղեկութիւնները լսելով։
Իսմայիլ Պեշիքչին ծնած է 1939 թուականին Չորում քաղաքը։ Աւարտած է Անգարայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժինը։ Քիւրտերու պատմութեան նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները հետաքննութեան ենթարկուած են, հեղինակած 36 գրքերէն 32-ը արգիլուած եւ ինք ալ 17 տարի ազատազրկման դատապարտուած է Թուրքիոյ զանազան բանտերուն մէջ։