Պուրսայի Եըլտըրըմ գաւառի քաղաքապետը յայտարարեց որ Քուրտօղլու թաղամասին մէջ գտնուող հայ եկեղեցին պիտի վերականգնուի։ Եկեղեցին պիտի վերածուի Սեդպաշը արուեստի կեդրոնի։
Երկար տարիներ չօգտագործուած եւ ճակատագրին մատնուած հայ եկեղեցին, նորոգման աշխատանքներէն ետք պիտի վերածուի երկյարկանի մշակութային կեդրոնի։ Կը նշուի որ եկեղեցին 1920էն առաջ օգտագործուած է որպէս տաճար, ապա ծխախոտի պահեստ։
Եըլտըրըմ քաղաքապետարանին կողմէ մշակուած նախագիծին համաձայն՝ շէնքին մէջ պիտի ըլլայ բազմանպատակ սրահ մը եւ ցուցահանդէս, ներկայացում եւ գիտաժողովի նման միջոցառումներու յարմար երկու սենեակներ։ Նախագահական Հաղորդակցութեան վարչութեան փոխանցած լուրին համաձայն՝ Եըլտըրըմի քաղաքապետ Օքթայ Եըլմազ ըսաւ որ եկեղեցին միայն պատմական շէնք մը չէ, նաեւ Պուրսայի մշակութային յիշողութիւնն ու ժառանգութիւնը կը ներկայացնէ։
Եըլմազ ըսաւ. «Այս շրջանը ոչ միայն կրօնական եւ առեւտրական կեանքին կեդրոնը եղած է, այլ նաեւ մշակոյթին ու արուեստին։ Նախորդ Ակտէմիր փողոցին մէջ կատարած բարելաւումներով այս տարածքը ձեւափոխած էինք։ Պահանջներու վրայ այս եկեղեցին կը վերականգնենք։ Այսպէս, շրջանը զբօսաշրջային գրաւչութեան կեդրոն դարձնելու համար եկեղեցիին շրջակայքն ալ բարելաւել որոշած ենք»։
Պատմական շինութեան վերականգնումով Սեդպաշը թաղի արուեստի կեդրոն ըլլալու մասին նշելով՝ քաղաքապետ Օքթայ Եըլմազ ըսաւ. «Սեդպաշը արուեստի կեդրոնով մեր երիտասարդները հոս արուեստ պիտի ստեղծեն, ցուցահանդէսներ եւ արտադրանոցներ պիտի կազմակերպեն, թաղամասի բնակիչներուն եւ հիւրերուն համար ապրող մշակութային հովիտ մը պիտի ստեղծուի։ Միաժամանակ այս նախագիծը մեր Սեդպաշը-Եշիլ-Էմիրսուլթան պատմական առանցքի կենդանացման նախագիծի մաս մըն է եւ շատ աւելի մեծ տեսլականի առաջին քայլն է։ Այսօր առած այս քայլը միայն վերականգնում մը չէ. Պուրսայի հոգին, յիշողութիւնն ու ապագան ներկայացնող խորհրդանիշ մըն է։ Սեդպաշը արուեստի կեդրոնը արդէն իսկ մեր Պուրսային համար բարիք ըլլայ»։
Սեդպաշը հայ համայնքին
եկեղեցին էր
Այս եկեղեցին Հանրապետութենէն առաջ հայ համայնքին խիտ բնակած Սեդպաշը թաղամասին եկեղեցին էր։ 1915-էն ետք՝ Հանրապետութեան շրջանին անձնական օգտագործման անցած, ատեն մը ծխախոտի պահեստ ըլլալով օգտագործուած, ետքը պարպուած էր։ Արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ ուղղանկիւն տարածքի վրայ կառուցուած եկեղեցին, պահեստ օգտագործուած շրջանին կատարուած փոփոխութիւններովը իր յատուկ յատկանիշները կորսնցուցած է։