Այս օրերը, մէկ կամ միւս պատճառով փակուած մեր վարժարաններուն իրենց մոխիրներէն վերածնած տեսնելու օրերն են։ «Առաջ կային, այսօր չկան» խօսոյթին հերքման ուրախութիւնը կ՚ապրինք։ Ի՛նչ ուրախութիւն Ռումելի Հիսար Սուրբ Սանդուխտ Եկեղեցւոյ վարչութեան, որ «Ի՞նչ ընենք, վարժարանը արդէն փակուած էր» ըսելու տեղ, ձեռքը քարին տակ դնելով, իրենց երազները իրականացուց։ Տիկին Շահնարի Տոն Քիխոթի նման հողմաղացներու դէմ պատերազմիլը հրաշալի նախագիծի մը առիթ եղաւ։
4 Հոկտեմբեր Շաբաթ օր, Ռումելի Հիսար Սուրբ Սանդուխտ Եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարք Հօր՝ Սահակ Բ. Մաշալեանի նախագահութեամբ երեկոյեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Ապա նուիրական աշխատանքներու արդիւնքին, մշակութային կեդրոնի հանգամանքով կրկին կեանքի կոչուած Թադէոսեան Վարժարանի շէնքին բացումը պիտի կատարուի։ Այս առիթով հիմնադիր նախագահ Շահնար Տիւլկէր Պոշնաքի հետ իրականացուցած հաճելի զրոյցս ձեզի հետ կը բաժնեմ։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Հին վարժարանը կը ներկայացնէ՞ք
Որոշ ժամանակ մեր ժամկոչը եւ անոր ընտանիքը այս շէնքին մէջ ապրեցան։ Փայտեայ դուռը վատ վիճակի մէջ էր, նորը շինել տուինք։ Կարծեմ անցեալին աշակերտները այս մեծ փայտեայ դռնէն վարժարան կը մտնէին։
Մուտքի յարկին տնօրէնի սենեակ մը կար։ Հոս ապրող ընտանիքը սենեակը պատով բաժնած եւ ննջասենեակ, սրահ ըլլալով գործածած էր։
Մենք պատը վերցուցինք եւ սենեակը իր նախնական վիճակին վերադարձուցինք։ Այս յարկի սենեակներէն մէկը քահանաներուն եւ վարչութեան գործածած սենեակն էր։ Այսինքն տեսակ մը հիւրանոց էր, հիմա հոս արխիւի սենեակ նախագծեցինք։ Հրանդ Տինք Հիմնարկութեան գացինք եւ խօսեցանք, ընկերները պիտի գան եւ մեր արխիւային աշխատանքներուն պիտի օգնեն։ Աստուած տայ բացումէն ետք հոս ակտիւ աշխատանքներ կատարուին եւ մեր արխիկը թուայնացուի։
Առաջին յարկի սանդուխի տակը աղբ լեցուն էր։ Ամէն կողմը միջատներ պատած էին, դեղաբուծեցինք, նորոգեցինք, բոլոր ելեկտրական համակարգը ու ենթակառուցուածքը փոխեցինք։ Ստորագետնամուղները, ծորակները փոխուեցան։ Ելեկտրական բաշխումը կատարող վահանակը փոխեցինք։ Այսպէսով եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ելեկտրական վահանակները մէկս միւսէ զատ եղան։
Մուտքի դրան անմիջապէս աջ պատին մեր նուիրատուներու անունները յիշատակուեցան յուշածառի մը միջոցաւ։
Բոլոր մեր դռները Սարգիս Գալայճի վարպետին կողմէ վերաշինուեցան։
Մեր յարկերը անհարթ էին եւ բարձունքի տարբերութիւն կար, իրարու հաւասարեցուցինք։
Այս յարկի խոհանոցը շատ գեղեցիկ նախագծուած է։ Կահկարասիներուն եւ ձեւաւորումին մասին խօսի՞նք
Հոս առաջ ալ խոհանոց կար։ Մեր նոր խոհանոցը Սարգիս Վարպետը շինեց։ Բոլոր կահկարասիները, փայտերը անոր ձեռքի գործն են։ Գոյնի ներդաշնակութիւնը, ներքին ձեւաւորումը ինծի կը պատկանի։
Խոհանոցէն անցած կիսապատշգամբ տարածք մը կայ։ Հոն շատ վատ վիճակի մէջ էր։
Կոյտի նման բան մը կար, զուգարան դրած էին, պզտիկ պատուհան մը ունէր։ Հոս ի՜նչպէս արդիւնաւէտ ընենք կը մտածէի։ Պատշգամբ ընենք, ձմեռն ալ նստինք որոշեցինք։
Հրաշալի տեսարան մը ունի։ Պատուհանը քիչ մը մեծցուցինք։ Մեր կիներուն կերակուր պատրաստելէ ետք նստելու, հանգստանալու, սուրճ խմելու տարածք մը յայտնուեցաւ։
Գիտէք որ ձեր հին աշխատակիցներէն Սեդա Ռումելի հիսարցի է եւ արդէն մեր գործակից ընկերը։ Ես շատ կ՚ուզէի որ Սեդան հոս իր գեղեցիկ կերակուրները պատրաստէ։
Այս սանդուխի տակի սենեակը ի՞նչ է
Ասիկա փակ աղտոտ դռնով սենեակ մըն էր։ Երբ առաջին անգամ բացի այդ դուռը, զիս դիմաւորողը մուկ մը եղաւ։
Սենեակը յատակէն տանիք փորուեցաւ եւ ջերմացուցիչ խողովակաշար, օդափոխիչ սարք դրինք։ Բոլոր շէնքը տաքցնող կազի սարքաւորումն ալ հոս պիտի գայ։
Այս յարկին լուացքի սենեակ մըն ալ շինեցինք։ Լուացքի մեքենան, չորցուցիչ մեքենան դնելով տարածքը արժեւորեցինք։
Շէնքը քանի՞ սենեակ, խոհանոց եւ զուգարան ունի։
Ընդհանուրը չորս զուգարան, չորս սենեակ եւ երկու խոհանոց ունինք։ Շէնքին վարը դեռ չըրինք։ Եթէ յաջողինք, քաֆէի ոճով գործածել կը մտածենք։
Վարն ալ նորոգել շատ կ՚ուզեմ։ Աստուած տայ Հոկտեմբեր 4-ին եթէ քիչ մը ֆինանս գտնենք, ինչո՞ւ չէ…
Կարծեմ արդէն վեր կրնանք ելնել՞
Այո։ Իրականին շատ բան ընել կ՚ուզէինք բայց մեր ֆինանսը չհասաւ։
Սանդուխներէն ելլելով դատարկ դուռ մը, դրան ետեւը պզտիկ սենեակ մը կար։ Առաջ այդ դռնէն կողքի տուն կ՚անցնէին։ Աշակերտները սանդուխէն ելած այդ դռնէն միւս կողմ կ՚անցնէին։ Հոն ալ վարժարանին աւելցուած յաւելեալ շէնք մըն էր։ Այսինքն այս տեսնուած շէնքը ամբողջ վարժարանը չէ։ Արդէն հոն երկյարկանի զատ տուն է։ Մենք վարձու տուած ենք։
Այս պզտիկ դրան ետեւը զուգարան ընել գնահատեցինք որովհետեւ այս յարկին զուգարան չկար։ Դարձեալ այս յարկին ալ խոհանոց կար։ Շէնքին իսկապէս չկայ բայց հոս խառն խուռն խոհանոց մը շինուած էր։ Ատենին այս տարածքը դասարան էր հաւանաբար։ Այսինքն ձեւաւորուած խոհանոց շինեցինք։ Նոյնն վարի խոհանոցին պէս։
Վարժարան եղած ժամանակը յիշող մէկը կա՞յ
Աւետիս պապիկը ունինք։
Ես հոս 1960-ականները կը յիշեմ։ Հիմա գտնուած այս մեծ սրահին մէջ փոքր բեմ մը ունէինք։ Այս բեմին վրայ «Շուկայեցի Արթին Աղա» ներկայացուեցաւ։ Դարձեալ այս սրահին մէջ գիտութեան մրցումներ կ՚ընէինք։
Հոս Հոկտեմբեր 4 օրը Թադէոսեան մշակոյթի, արուեստի եւ արհեստի կեդրոն կ՚բացուի։ Քիչ մըն ալ խօսի՛նք հեռանկարներու մասին
Նախագիծին դեռ չսկսած Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ զրուցելով, անոր երազներս պատմեցի։ Խնդրեցի որ իր թատերական գիտելիքները, փորձութիւնները եւ յուշերը բաժնելով հարստացնէ մեզ։ Այդ օր «Տայ Աստուած» ըսաւ, բայց չեմ գիտեր։
Անցեալ տարի ճազի արուեստագէտ Եշիմ Փեքինէր այս սրահին մէջ իր աշակերտներուն դաս տալու փափաք յայտնեց։ Հիմա այս տարի դարձեալ այս ցանկութիւնը կրկնեց։ Շաբթուան քանի՞ օրը ճազի դաս կու տայ, ի՛նչ կ՚ընէ յստակ չեմ գիտեր։
Տարածքը ցուցահանդէս, սեմինար եւ նման միջոցառումներու տարած ըլլալով կրնանք գործածել։ Ո՛վ որ ի՛նչ դաս տալ ուզէ հոս սիրով բաց ենք։ Հայերէն, շախմատ դասերը պիտի ունենանք։
Ամբողջութեամբ մոռացուած արուեստներ ու արհեստներ կան, որոնց հետաքրքիրները եւ սորվիլ ուզողները հոս կրնան մէկտեղուիլ այդ արհեստներու մասնագէտ վարպետներուն հետ։ Մեր շատ հին վարպետներէն խօսք առի։ Օրինակ ոսկերչութիւն սորվիլ ուզողներուն սիրով կ՚օգնենք ըսող վարպետներ կան։ Կերամիկայ արհեստանոցներ պիտի դնենք։
Ներքեւի յարկը քաֆէ եւ տարբեր արհեստանոցներու յարմարութիւն ունի։
Առաջին փուլին այս սրահներուն մէջ երաժշտութեան եւ թատրոնի ուսուցիչներու դասաւանդելը պիտի ըլլայ։ Ասոնք միայն մեր երազներն ու ցանկութիւններն են։
Մեր ցանկութիւնները իրականացնելու համար երիտասարդութեան կարիք ունինք։ Մեր նպատակը համայնքի զաւակները ու երիտասարդները մէկտեղելով մշակոյթը, արուեստը, արհեստը, զուարճալի միջավայրի մէջ իրարու փոխանցել եւ զարգացնել է։
Ես եւ ինձ նման շատ հիսարցի հայերու մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը այս փողոցներուն, այս պարտէզներուն մէջ անցաւ։ Այս սրահին մէջ մենք մեծցանք։ Հիմա բոլոր շուրջը ցրուած մեր երիտասարդները, մեզ նման հոս՝ այս պարտէզին մէջ ձեռնարկներ ընեն։ Կարիքը ունեցող մեր զաւակներուն դասեր տան։
Մեզի համար ալ շատ շատ լաւ պիտի ըլլայ։ Այսօր հիսարցի հայ երիտասարդութիւնը շատ քիչ է։ Մերոնցմէ շատերը արտասահման գացած են, հոս եղողները հեռացած էին։ Ես մշտապէս կանչ կ՚ընեմ, որ գան։
Հոս միայն Հայ համայնքի անդամներու՞ն բաց է
Ո՛չ։ Հոս դուրսէն եկողներ ալ ձեռնարկ եթէ ընել ուզեն կրնան։
Օրինակ ճազի ուսուցիչ Եշիմ Փեքինին դասերուն, մեր աշակերտները եւ դուրսէն եկող աշակերտներ կրնան մասնակցիլ։
Վարչութիւնը ամբողջութեամբ մեր ձեռքն է։ Մեր ժառանգութիւնը մնաց մեզի։ Մենք զայն գնահատելով, հանրութեան կը բանանք։
Հանրութիւն ըսելով նախ եւ առաջ հայ հաւաքականութեան կը բանանք։
«Յոյս» խումբի յատուկ խնամքի կարօտ մեր զաւակները պիտի օգտուին այս առիթներէն։
Խօսակցութիւններ, ձայնասփռումներ պիտի ընենք անոնց համար։ Այսինքն ձեւով մը յոյսին յոյս ըլլալու պիտի ջանանք։
Բարին Եաքուպեանի հետ ալ խօսեցանք։ Արդէն ամռան օրերուն հոս անոնց համար տօնախմբութիւն կատարեցինք։
Իրենց խոստացած եմ 15 օրը անգամ մը զիրենք հիւրընկալել։ Այս զաւակները ե՛րբ որ բան մը ընել ուզեն այս դուռը անոնց միշտ բաց պիտի ըլլայ։ Քաղաքապետարանին հետ պիտի խօսիմ եւ պիտի ապահովեմ անոնց փոխադրութիւնը։
Հոկտեմբեր 4-ին շէնքի ամբողջական բացումը պիտի ըլլա՞յ։
Ո՛չ։ Հոկտեմբեր 4 օրը նախաբացում պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ ներքնայարկը դեռ պատրաստ չէ։ Նորոգութիւնը երեք ամիս եւս պիտի տեւէ։ Մենք հինգ ամիսներուն մէջ այսքանը կրցանք ընել։ Նիւթապէս, թէ հոգեպէս քիչ մը յոգնեցանք։
Անոր համար ըսինք թէ քիչ մը շունչ առնենք։ Այս բացումը ցարդ կատարուած աշխատանքը հանրութեան ներկայացնելու նպատակով է։ Կ՚ուզենք որ մարդիկ տեսնեն կատարուածը, լսեն նպատակներու մասին եւ պատկերացում կազմեն աւարտուած գործի հանդէպ։
Ուրեմն այս երեք ամիսներու մէջ գործածել պիտի սկսի՞ք։
Այո։ Այդ կ՚ուզենք։ Օրինակ դաս տալ ուզողներուն պզտիկ պզտիկ կրնանք բանալ։
Մեզի ալ եկամուտ բերող բան մը պիտի ըլլայ։
Հետագային եկամուտները ո՞ւր պիտի մնան
Հիմնարկութեան։ Ռումելի Հիսար Սուրբ Սանդուխտ Եկեղեցւոյ Հիմնարկութեան պիտի մնայ։
Հինգ ամիս առաջ այս նախագիծը ո՞վ որոշեց։ Գլխաւոր գաղափարը ո՞վ յղացաւ։
Հոս մեծցայ, դաստիարակուեցայ եւ այս գեղեցկութիւնները ապրեցայ։ Կ՚ուզէի որ հոս, այս շէնքը արժեւորուի։ Վարչութեան այս ցանկութիւնս բացի, դրական պատասխան տուին։
Արդէն վարչութեան մէջ ես հիմնադիր նախագահ, Օշին Փոլաթն ալ նախագահ ընտրած էինք։
Օշին ամէն բան ինծի թողեց։ Շինութեան փուլին ինծի վստահելով, «Ինչ որ ընես ընդունած եմ» ըսաւ։
Գուրգէն Թէոտորոսեան եւ Օշին իմ մէջքիս վրայ երկու ուժեղ օգնականներ են։ Մեր սպասաւորը Սեդա Կիւլպենքօղլուն ամէն օր հոս է։ Այնքան նուրբ, այնքան մտերիմ աշխատող աղջիկ մըն է որ։ Իմ բազուկս, թեւս կրնամ ըսել։ Ես հեռու, տանս մէջ ալ ըլլամ աչքս ետեւ չէ երբե՛ք։
Մէկ խօսքովս ամէն բան կը կարգադրէ։ Բոլոր գործերուն կը նայի։ Այսինքն միայն կերակուր պատրաստել չէ անոր գործը, ան ամէն բան է հոս։ Սեդան Հիսար հարս եկած ատեն 16 տարեկան էր, մինչեւ օրս ալ մշտապէս մեր կողքին։
Իմ երազս մեր մեծերուն թողած ժառանգութիւնը, ապագային փոխանցել է։ Իմ ապրած այդ գեղեցկութիւնները մեր զաւակները, մեր թոռները եւ բոլոր երիտասարդութիւնը ապրին կ՚ուզեմ։ Անոնց պիտի մնայ այս ժառանգութիւնը։ Կը յուսամ որ անոնք ալ այսպէս ընդունին։ Միակ խնդրանքս, այս տեղի արժեւորումն է։