ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Դէպի ակունքն Արեգական
«Ակօս»ի բարեկամներէն Ամէտ Կէօքչէն «Մերօրեայ պատմահայրը» կը կոչէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը։ Իր թարմ կորուստով մենք զրկուած էինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան կախարդական աշխարհին վերաբերող յօդուածներէ։
Ուրախութիւնով կը ներկայացնենք այս անգամ եթէ ոչ պատմահայր, բայց ապագայ պատմաքոյր կոչելու արժանի երիտասարդ յօդուածագիր մը։ Յետայսու այս էջերու վրայ ան աւանդազրոյցներ կը փոխանցէ հայ վիպասանութեան հսկայ ժառանգէն գաղուած եւ մենք ալ ձեւով մը շարունակած կ՚ըլլանք սիրելի Սարգիս Սերովբեանի թողած աւանդը։
Յանցաւորը ծիրանն է
Այս շոգը փառատօնի համար չէ, բայց հենց «Ոսկէ Ծիրան» է մոռացնել տալիս Յուլիսեան տօթը եւ ստիպում տրուել կինօարուեստի բարիքներին, որոնք են՝ կինօնմոյշների դիտումները եւ հանդիպումները դրանք ստեղծողների հետ, վարպետութեան դասեր, մամլոյ-ասուլիսներ… Մասնագիտական խօսք շարժանկարի մասին։ Այսպիսով դուրս ենք գալիս գաւառական մեկուսացումից, նոր դէմքեր տեսնում, որոնք մեծ ներդրում են ունեցել կինօարուեստի մէջ եւ ծանօթացնում նրանց մեր երկրի համամարդկային արժէքների հետ։ Հայաստանն ունի իր խորհրդանիշները եւ… համը։ Մեր երկրի համն առնելու համար ծիրանն է ընտրուել։ Այս մրգատեսակն է զուտ հայկական։ Տարածուելով Հայաստանից՝ լատիներէն ամրագրուել է որպէս Prunus armeniaca, իսկ հռովմեացիները այն անուանել են mela armeniaca (հայկական խնձոր)։
Երեւանեան ուղեցոյց
Ինչպէս բոլոր երկիրներ ու Թուրքիոյ բնակիչներու համար ալ եկած է արձակուրդի ամիսները։ Նախապէս Հայաստան այցելածներ, երբ կը փորձեն իրենց բարեկամներուն յանձնարարել դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն, յաճախ կ՚ենթարկուին «իսկապէս կ՚արժէ՞», «արձակուրդի համար Հայաստան կարելի՞ է երթալ», «ի՞նչ կայ որ հոն», «ելեկտրականութիւն կա՞յ»ի նման հարցումներու։
Ճիշդ է որ Հայաստանի ցամաքային սահմանը գոց է 1993-էն այս կողմ։ Բայց ամէն շաբաթ երկու ինքնաթիռ երկու ժամուայ թռիչքով Իսթանպուլը կը կապեն Երեւանին։
Մենք համոզուած ենք որ արձակուրդի համար ճիշդ ընտրութիւն մըն է Հայաստանը։ Ապացոյցը նախապէս գացածներու տպաւորութիւնն է։ Երկիրը Յուլիս ամսուայ մէջ կը պատրաստուի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինօփառատօնին։ Իսկ Օգոստոսի սկիզբին կը մեկնարկէ «Համահայկական Ողիմպիական խաղերը»։ Այս բոլորը նկատի ունենալով համառօտ ուղեցոյց մը պատրաստեցինք Հայաստան այցելելու մտադիր եղողներուն համար։
Մարլէն՝ իր իւրայատկութիւններով
Իսթանպուլահայ գեղարուեստական կեանքի մէջ իւրայատուկ գեղանկարիչ մըն է Մարլէն Թէքիրտաղլըճան։ Արուեստականի արտադրութիւնը կը կատարէ ամբողջովին ուրոյն մերձեցումով մը։ Քիչ մը ուշացած եւ պատահութիւններու բերմամբ մուտք գործած է նկարչական ասպարէզ։ Իր իսկ պատմածով գիտենք թէ պատահական հարեւանութիւն մըն է Յովհաննէս Ղուպէսէրեանի հետ, որ բացած է նկարչութեան գունագեղ հորիզոնը իր առջեւ։
Խաչատուրեան Պատրիարք քերթուածներով
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը կը շարունակէ վերջին տարիներուն զգալիօրէն թափ ստացած հրատարակութեան աշխատութիւնը։ Արդէն լոյս տեսած է նորահաստատ «Արմաշ» մատենաշարի 11-րդ գիրքը։
Համասեան ճախրեց դուրս գալով Այա Իրինիյի գմբեթէն
Շաբաթ մը ետք դարձեալ Այա Իրինի պատմական տաճարն ենք։ Այս անգամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ Երեւանի սենեկային երգչախումբի համերգը լսելու։ Համասեանի նախորդ համերգներուն արձագանգները ալ աւելի սրած են մեր հետաքրքրութիւնը։
Շփուելով ուշադրութեան արժանի հաւաքականութեան հետ
Անուանի կինօբեմադրիչ Ատոմ Էկոեան Սերա Տինքի եւ Էրիք Նազարեանի պսակադրութեան մասնակցեցաւ իբրեւ նորապսակներու խաչեղբայրը։ Այդ մէկ շաբաթուան թոհուբոհի մէջ Մարալ Տինք յաջողեցաւ Ատոմ Էկոեանի հետ զրուցելով, Իսթանպուլեան տպաւորութիւններու մասին։
Իսթանպուլի Փառատօնը ընդմիշտ
Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազդը ինքնաբերաբար մեզ տարաւ վաղ երիտասարդութեան տարիներու։ 1972 տարեթիւն է մատնանշուածը։ Տարեթիւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնողական անմիջական հոգատարութենէ եւ սկսած ենք որոնել մեզ ձեւաւորող ճաշակները, միտքերը, միջավայրները։ Ձեռնարկած ենք Սայաթ Նովա երգչախումբի հիմնարկութեան։ Եթէ նախապէս ամբողջովին շրջապատուած էինք ընտանեկան կամ դպրոցական յարաբերութիւններով, հիմա դուրս եկած այդ դաշտէն կը փորձէինք նոր ծանօթութիւններ, նոր ընկերութիւններ կազմել։ Այսօր սիրելի յիշատակ մը դարձած Արա Ղուպեսերեանի հետ ծանօթանալով գիւտը ըրած էինք դասական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առջեւ լայնօրէն կը բանար համաշխարհայնացման դռները։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշխարհ մը որ մեզ պիտի պարգեւէր աւելի նուրբ ճաշակ, աւելի զգայուն երաժշտական ընկալում, որոնցմով աւելի հարուստ պիտի զգայինք մենք
Համասեան երաժշտութիւնով կը հատէ սահմանները
Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներու կարգին կը դասուի ծանօթ ճազի դաշնակահար Տիգրան Համասեանը։ Ան վերջերս ձեռնարկած է հիւրահամերգներու ծրագրին, որ ունի նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ։ Համասեան որոշած է աշխարհի վրայ հարիւր եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ հնչեցնել Կոմիտասեան մեղեդիները եւ հայ ժողովուրդի պատմական տաղերը։
Զուգահեռներ այժու եւ անցեալի միջեւ
Հայաստանի հեռուստաընկերութիւններու շրջանակներէ ներս ծանօթ անուն մըն է Արթիւր Բաղտամեանը։ Երբ առաջին անգամ արբանեակի դրութեամբ կարելի եղաւ «Հ1» հեռուստակայանի հաղորդումներուն հետեւիլ, օրուայ ուշ ժամերուն ամենահաճելի հաղորդումը դարձած էր Բաղտամեանի վարած «Կէսգիշերային Ճեպընթաց»ը։ Իր հիւրերու հետ վարած զրոյցները ուսուցողական յատկութիւն ունէին բոլորին համար։

