Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան համար ճակատագրական նշանակութիւն ներկայացնող խորհրդարանի ընտրութիւններուն, քաղաքական դաշտը լրջօրէն սրուած է։ Քանի մը օր առաջ տասը վայրկեանի հետեւութեամբ ռումբեր պայթեցան ՀՏՓ կուսակցութեան Մէրսինի եւ Ատանայի կուսակցական կեդրոններուն մէջ։ Ռումբերը զետեղուած էին թաղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կուսակցականներուն։
Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան համար ճակատագրական նշանակութիւն ներկայացնող խորհրդարանի ընտրութիւններուն, քաղաքական դաշտը լրջօրէն սրուած է։ Քանի մը օր առաջ տասը վայրկեանի հետեւութեամբ ռումբեր պայթեցան ՀՏՓ կուսակցութեան Մէրսինի եւ Ատանայի կուսակցական կեդրոններուն մէջ։ Ռումբերը զետեղուած էին թաղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կուսակցականներուն։ Մէրսինի մէջ պայթումէն հազիւ քանի մը րոպէ առաջ կուսակցականները պատշգամ հանեցին թաղարը եւ պայթումը կատարուեցաւ առանց զոհեր խլելու։ Եթէ այդ զգուշացման քայլին դիմած չըլլային, շատ հաւանական է որ պայթումը պատահէր ժողովի ընթացքին եւ պատճառ դառնար հաւաքական սպանդի մը։ Կուսակցութեան շրջանակները կը յայտնեն թէ քարոզարշաւի սկսելէն ի վեր այս 50-րդ յարձակումն է իրենց հանդէպ։ Փորձագէտներ այս յարձակողական միջավայրը կը վերագրեն նախագահ Էրտողանի գրգռիչ ելոյթներուն։ Իսկ այդ ելոյթները կը բացատրուին իշխող կուսակցութեան քուէներու հաւանական նուազումով։ Վերջին հարցախոյզներու համաձայն ՀՏՓ կը յաղթահարէ տասը տոկոսի արգելագիծը եւ կը կրկնապատկէ խորհրդարանէ ներս զբաղեցուցած աթոռները։ Այս կը նշանակէ թէ իշխող կուսակցութիւնը չի յաջողիր 400 պատգամաւոր ունենալու իր երազին հասնեիլ։ Այսպէսով կը դժուարանայ նաեւ նախագահ Էրտողանի ցանկացած նախագահական համակարգին անցնելու օրինական կարգադրութիւնները։
Այս լուրերուն գրուած պահուն յարձակման նոր լուր մըն ալ կը հասնէր Իսթանպուլի Սարըեէր թաղամասէն։ Հոս ալ ՀՏՓ-ականները ենթարկուեցան ազգայնականներու խուժանի յարձակումին։
Նշենք որ Յունաստանի Սիրիզա շարժումէն ետք, Եւրոպայի Հայ Դաշնակցութեան գրասենեակն ալ զօրակցութիւն կը յայտնէ ՀՏՓ-ին։