Չենք վարանած «յեղափոխական» կոչումը օգտագործելէ, քանի որ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք իրաւ յեղափոխական էր։ «Ակօս» անցնող 999 թիւերով ծառայեց Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Պոլսահայոց բարեփոխումներուն։ Յարատեւ պայքար մըն է որ կը շարունակուի աւանդապաշտ յետադիմականութեան դէմ, եւ այդ պայքարը ցարդ արդարացաւ ընկերական կեանքի զարգացումներով։ Երեւոյթ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ապագայի համար ալ։ Յայտարարութիւն մըն է այս, որ կու գայ «Ակօս»ի մերօրեայ խմբագիրներէն, յանուն հաւատարմութեան Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերովբեանի եւ նմաններու աւանդին հանդէպ։
Թիւ 0- 25 Փետրուար 1996
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս հայրապետական
այցելութիւնով կը ժամանէ քաղաքս։ Վեհափառ հայրապետը քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տայ յունաց Բարթողիմէոս տիեզերական պատրիարքի։ Կաթողիկոսը պիտի հանդիսապետէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան հիմնադրութեան 535 ամեակի հանդիսութեանց։
Թիւ 53- 4 Ապրիլ 1997
Ներքին գործավար Մէրալ Աքշէնէր ելոյթի մը ընթացքին ակնարկելով ՓՔՔ-ի ղեկավար Աբօյի, «Հայու սերմ դատարկապորտ մը՝ Աբօ, չկրցաւ մեր ազգային միասնականութիւնը խախտել» ըսած էր։ Աքշէնէրի այս դժբախտ ելոյթը լայն արձագանգ գտաւ թուրք մամուլի էջերուն։
Թիւ 133- 16 Հոկտեմբեր 1998
Չորեքշաբթի առաւօտ գումարուած պատգամաւորական ժողովը ընտրեց նախ կրօնական ժողովի նոր անդամները ապա 74 քուէներով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական աթոռի 84-րդ գահակալը յայտարարեց Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան սրբազանի անունով։
Թիւ 374- 30 Մայիս 2003
Իգդիրի Կէտիքլի գիւղին մէջ «Հայերու կողմէ սպանուած թուրքերու պատկանող» հաւաքական գերեզմանի մը բացման արարողութեան ընթացքին Թուրք Պատմութեան Կաճառի ատենապետ Եուսուֆ Հալաչօղլու կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդին, պահանջեց որ հայերն ալ եթէ ունին ցոյց տան իրենց թաղուած հաւաքական գերեզմանները։
Թիւ 565- 26 Յունուար 2007
Հրանդ Տինքին հրաժեշտի համար 23 Յունուար Երեքշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն քաղաքին ամէն կողմէն մարդիկ, իրենց ձեռքերուն «ԲՈԼՈՐՍ ՀՐԱՆԴ ԵՆՔ - ԲՈԼՈՐՍ ՀԱՅ ԵՆՔ» գրուած ցուցատախտակներով ողողեցին Բանկալթիի անկիւնի «Ակօս»ի խմբագրատան մուտքը, ուր չորս օր առաջ ինկած էր մեր ընկերը։
Թիւ 707- 16 Հոկտեմբեր 2009
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ըդնառաջելով Թուրքիոյ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հրաւէրին, 14 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի ժամանեց Թուրքիա, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներու Պուրսայի մէջ կայանալիք մրցման հետեւելու համար։
Թիւ 729- 19 Մարտ 2010
Թուրքիոյ վարչապետը սպառնած Թուրքիաբնակ հայաստանցիներուն։ «Երկրէս ներս 170 հազար հայեր կ՚ապրին։ Անոնցմէ 70 հազարը իմ հայրենակիցներս են, իսկ մնացեալ 100 հազարի ներկայութեան համար հանդուրժողութիւն ցոյց կը տրուի։ Ես կրնամ երկրէն վտարել այդ 100 հազարը»։
Թիւ 744- 2 Յուլիս 2010
Իսթանպուլի Կուսակալութեան միջոցաւ Պատրիարքարան հասաւ ընտրութեան առաջքը առնող կառավարական որոշումը։ Հայ հասարակութիւնը այս զարգացումին վերահասու եղաւ 30 Յունիս թուակիր Հիւրրիյէթ թերթի միջոցաւ։ Թերթը յիշեալ լուրը մէկ օր առաջուընէ հրապարակած էր արդէն իր կայքէջին վրայ։
Թիւ 752- 27 Օգոստոս 2010
Թուրքիոյ ամօթալի պաշտպանութենէն ետք, ԵՄԻԱ արձակեց իր վճիռը եւ Թուրքիան դատապարտեց Հրանդ Տինքի կեանքի անվտանգութիւնը չապահովելու եւ կարծիքի ազատութիւնը արգիլելու մեղադրանքներով։ Ատեանի այս որոշումը կայացաւ երբ երկրի մէջ դեռ կը շարունակուէին այս մասին բողոքները։
Թիւ 756- 24 Հոկտեմբեր 2010
Կիրակի՝ 19 Սեպտեմբերին, եկեղեցական տոմարի շաբաթուան մը շեղումով, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տաղաւարի Սուրբ Պատարագը, զոր մատոյց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան։