Նոր շրջանի մարտահրաւէրներ

1 Նոյեմ­բե­րի ընտրու­թիւննե­րու արդիւնքները ինչպէս երկրի մէջ, երկրէ դուրս ալ անսպա­սելի գտնուեցան։ ԱՔՓ 7 Յու­նի­սի նա­հան­ջէն ետք յա­ջողե­ցաւ իր կորսնցու­ցած ձայ­նե­րը աւե­լիով վե­րաշա­հիլ։ Նա­խորդ ընտրու­թեան ըն­թացքին մեծ յաղ­թա­նակ տա­րած ՀՏՓ ալ իր կար­գին նա­հան­ջեց եւ այս պայ­մաննե­րու տակ հա­մատա­րած մտա­հոգու­թիւն գո­յացաւ երկրէ ներս լա­րուած իրա­վիճա­կին բնա­կանո­նաց­ման մա­սին։ Ար­դա­րեւ նոյն ընտրու­թեան օր, գի­շերուայ ժա­մերուն Թուրքիոյ Օդա­յին Ու­ժե­րը թռիչքներ կա­տարե­լով ռմբա­կոծե­ցին Քան­տիլ լե­րան վրայ նա­խապէս ճշդուած թի­րախ­նե­րը։ Յա­ջորդ օր իսկ քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ վերսկսաւ ոս­տի­կանա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Սիլ­վա­նի մէջ այդ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ըն­թացքին զո­հուե­ցան եր­կու երի­տասարդներ։ Չո­րեք­շաբթի երե­կոյ ոս­տի­կանու­թիւնը նոր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ձեռ­նարկեց Լճէի դաշ­տա­յին տա­րածքնե­րու մէջ։ Բո­լոր այս զար­գա­ցումնե­րու լոյ­սին տակ զա­նազան­նե­րու կար­ծի­քը շօ­շափե­ցինք ընտրու­թեան հե­տեւանքնե­րուն մա­սին։

Ճու­մա Չի­չէք՝ քրտա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը ալ աւե­լի ինքնա­վար կը դառ­նայ

«ՀՏՓ-ն բաղ­դատմամբ 7 Յու­նի­սի, 1 մի­լիոնի մօտ ձայ­նե­րու կո­րուստ ապ­րեցաւ։ Բայց այս հա­մեմա­տու­թիւնը ՀՏՓ-ի իրա­կան ուժն է։ Նա­հան­ջով հան­դերձ ՀՏՓ քրտաբ­նակ 20 քա­ղաք­նե­րու մէջ որո­շիչ տարր է։ Իս­թանպուլ, Իզ­միր, Մեր­սին եւ Ատա­նայի նման մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ կու­սակցու­թիւնը կրցած է պա­հել իրեն ուղղուած զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Բայց Ան­գա­րա, Պրու­սա, Քո­ճաէլի, Թէ­քիր­տաղ, Այ­տըն, Մուղլա եւ Ան­թա­լիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րած նա­հանջնե­րուն նա­յելով կա­րելի է ըսել որ ՀՏՓ կորսնցուց իր ռազ­մա­վարա­կան կա­րեւո­րու­թիւնը»։

Կա­րօ Փայ­լան՝ «լուծման գոր­ծընթա­ցին կա­սեցու­մով կողմնո­րոշումներն ալ յստա­կացան»

«Մեր ակնկա­լածէն աւե­լի քիչ ձայ­ներ ստա­ցանք։ Մէկ տա­րուայ ըն­թացքին յա­ջողած էինք մեր ստա­ցած ձայ­նե­րը կրկնա­պատ­կե­լ։ Սա­կայն լուծման գործընթա­ցի կա­սեցու­մով բե­ւեռա­ցումն ալ խստա­ցաւ։ Քրտաբ­նակ տա­րածքնե­րու ժո­ղովուրդը բա­ւակա­նին յոգ­նած է։ Բա­նակ­ցութեան սե­ղանը ճիշդ ալ լու­ծումին մօտ կար­ծուած պա­հուն տա­պալե­ցաւ։ ԱՔՓ-ի կողմնա­կից­նե­րը դիւ­րաւ կ՚ուղղուին իրենց կու­սակցու­թեան կող­մէ։ Եր­կու տա­րի առաջ անոնք զօ­րակ­ցած էին լուծման գոր­ծընթա­ցին։ Իսկ հի­մա ալ կը զօ­րակ­ցին բա­նակ­ցութեան սե­ղանի տա­պալու­մին։ Մենք այս երե­ւոյ­թը գիտ­նա­լով պի­տի աշ­խա­տինք որ ԱՔՓ իր քա­ղաքա­կան ու­ժը շա­հագոր­ծէ խա­ղաղու­թեան ի նպաստ»։

Կա­րօ Փայ­լան ապա աւել­ցուց որ այս նոր շրջա­նին որ­դեգրած են շի­նիչ ընդդի­մու­թեան ռազ­մա­վարու­թիւնը։ «Հաս­տա­տու­թիւննե­րու եւ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդիր­ներ ու­նինք։ Այդ խնդիր­նե­րու կող­քին Պատ­րիար­քա­րանի իրա­ւական հան­գա­ման­քը ճշդե­լու հա­մար ալ օրէն­քի առա­ջարկներ պատ­րաստած եմ, որոնք պի­տի յղեմ խորհրդար­նի օրա­կար­գին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ