ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ
vardbalian@gmail.com
Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակին նուիրուած համագումարը Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան արգելքով ծանօթ դարձաւ պոլսահայութեան։ Նախարարութիւնը 10 Օգոստոսին հրապարակած շրջաբերականով Թուրքիոյ քաղաքացիները կը զգուշացնէր 15-18 Սեպտեմբեր թուականներուն կայանալիք համագումարին չմասնակցելու մասին։ Շրջաբերականին մէջ գրուած է հետեւեալը. «Լսումներու համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքի՝ Լեռնային Ղարապաղի մէջ կը կազմակերպէ Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակը խորագրեալ միջազգային համագումար մը։ Հաւանական հրաւէրի մը պարագային կը զգուշացնենք մասնակցութենէն հրաժարելու մասին»։ Համագումարը կազմակերպող Ղարապաղի Երիտասարդ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու միութեան հիմնադիր Աւետիք Յարութիւնեան այս մասին «Ակօս»ին փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնը. «Հիմնադրութեան 25 ամեակին Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան հատած ճանապարհը, յաջողութիւնները եւ անյաջողութիւնները քննարկելու համար պիտի մէկտեղուինք։ Այս առթիւ Ղարապաղի երիտասարդ ակադեմականները այլ երկիրներէն եկած պաշտօնակիցներու հետ պիտի ծանօթանան եւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն։ Հինգ երկիրներէ մասնակիցներ ունինք, որոնց մէջ թուրքիացիներ չկան։ Բայց եթէ ցանկութիւն ըլլայ մենք պատրաստ ենք զիրենք ընդունելու»։