ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Որպէսզի Պերճը ծանօթանայ քաղաքին

Միջոցէ մը ի վեր, «Ակօս»ի չորս աշխատակիցներս՝ Գարին Գարագաշլը, լուսանկարիչ Պերճ Արապեան, ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու եւ ես կը շրջինք Պոլսոյ պատմական խաները։ Այս յատուկ շրջագայութեան դրդապատճառը եղաւ Պերճ Արապեանի հետաքրքրութիւնը։ Անգամ մը թերթի բակին, երբ կը զրուցէինք «Եղբայր ի՞նչ է այս խան ըսուածը, որ յաճախ կը լսեմ, բայց ինչ ըլլալը չեմ գիտեր», ըսած էր Պերճ։ Պատասխանած էի որ պատմելիք բան չէ, պէտք է իր հետ շրջինք որ պատկերացում մը գոյանայ։ «Ես ալ կ՚ընկերակցիմ ձեզի», վրայ բերաւ Գարինը ու այսպէսով կազմուեցաւ հետաքրքիրներու եռոտանին։

Այդ կազմով մեր առաջին այցելութիւնը կատարեցինք պատմական «Վեզիր Խան»։ Այստեղ մեզ ուղեցոյց եղաւ սիրելի ընկերս՝ Սարգիս Էրքօլ, որ մանկութեան տարիներէն փոխանցուած բազմաթիւ վկայութիւններ ունի այս կառոյցի մասին։

Յաջորդ համարով երբ լոյս տեսաւ «Վեզիր Խան»ի մասին Գարինի խմբագրած նկարագրականը, խումբին միացաւ նաեւ Զաքարիան։ «Առանց ինծի ի՞նչպէս կը ձեռնարկէք նման աշխատութեան», ըսաւ եւ մեր երեք հրացանակիրներուն աւելցաւ նաեւ Տարթանեանի կերպարը։

Այսպէս իւրաքանչիւր շաբաթի մէկ օրը տրամադրած Պոլսոյ պատմական խաներուն, չորսով մէկ կը շրջինք քաղաքի հնագոյն թաղերուն մէջ։

Քաղաքի փարթամ առեւտուրի շուկայէն դուրս մնացած են խաները։ Այժմ անոնց տեղը առած է նորակառոյց առեւտուրի կեդրոններ։ Յատուկ հրապոյրով այդ վայրերը օտար են մեզի։ Մենք անցեալի հետքերն է որ կ՚որոնենք։ Գարինը անհատական պատմութիւններ կ՚որսայ այդ շրջագայութիւններէն, Պերճը խօսուն լուսանկարներ։ Զաքարիան որպէս արխիւի որդ, մեզ բոլորս զարմանքի մատնող նիւթեր կը հայթայթէ մերթ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններէն, մերթ ալ պարբերական մամուլի գովազդներէն։ Խաներէ ներս մեր զրուցակիցները կարօտով կը յիշեն անցեալի եռուզեռը։ Կերպասավաճառը կը պատմէ թէ օրը քանի անգամներ կը բեռնէին Սարգիսի ձիակառքը Չաքմաքճըլար փողոցէն դէպի Սիրքէճիի բեռնակայաններ, ուրկէ ապրանքը պիտի առաքուէր երկրի չորս կողմերը։

Ինձ վիճակողը այս բոլորը համադրելն է։ Ո՞ւր պիտի երթանք, ո՞ր խանը։ Որո՞ւ հետ պիտի հանդիպինք, ո՞վ պիտի այցելենք, բոլորը իմ հոգերս են։

Մեր այս շաբաթուայ այցելութիւնը եղաւ Գարագիւղի մէջ նշանաւոր «Քուրշունլու Խան»ը։ Հազարամեայ անցեալ ունեցող խանի դարպասէն ներս մտնելով կարծես ներկայ ժամանակն ալ թողուցինք մեր ետին։ Կենովացիներու օրով կառուցուած այս շինութեան մէջ նախապէս գործեր են կաթսայագործներ։ Այժմ անոնց փոխարինած են աղեղնագործներ, զսպանակ արտադրողներ։ Իսկ մեզ կը հիւրընկալէ սղոցներու մեծաքանակ վաճառական մը։

Նշեմ որ պատմական խաներուն պիտի յաջորդէ նոյնքան գեղագոյն ուրիշ աշխարհ մը՝ Պոլսոյ պատմական բաղնիքները։ Կասկած չկայ որ հոն եւս պիտի հանդիպինք խիստ շահեկան պատումներու, որոնք նախ մեր ապա ընթերցողի մօտ պատճառ պիտի ըլլան հաճելի անակնկալներու։

Իրաւ ալ Չարենցի բացատրութեամբ «միջազգային պոռնիկ» պատուական ածականին արժանացած Պոլիսը հազարումէկ անակնկալներ կը պահէ իր ծոցին մէջ։ Մենք՝ այս քաղաքի սիրականներս կը փորձենք հազարամեայ փողոցներուն մէջ թաքնուած գաղտնիքները բացայայտել, մեր երեւակայութեան թռիչք տալ դէպի դարաւոր անցեալ եւ այսպէսով ալ աւելի հաղորդուիլ քաղաքին հետ։

Կարծեմ ճիշդ ալ այս էր Ղամիշլի ծնած, Պէյրութ ուսանած, երկար տարիներ Քանատա ապրելէ ետք Իսթանպուլ բնակութիւն հաստատած ընկերոջս՝ Պերճին փափաքածը։