«Ակօս»ի հայերէն էջերու ամենահետաքրքրական անկիւններէն մէկն է Նորայր Տատուրեանի պատրաստած «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» խորագրեալ անկիւնը։ Տատուրեան այդ սիւնակի վրայ ամէն շաբաթ նիւթ կ՚առնէ հայերէնի հսկայ բառապաշառէն օրինակ մը եւ կը վերլուծէ այդ բառի ծագման պատմութիւնը։ Ստուգաբանական այդ յօդուածը շնորհիւ իր գրական տաղանդին կը վերածուի խիստ հաճելի պատմութեան։ Ընթերցողը յաճախ պատմութեան մէջ ճամբորդութիւններու կ՚ելլէ եւ լեզուաբանական բնոյթով ներկայացող յօդուածը կը վերածուի պատմուածքի։ Որոշ է որ Նորայր Տատուրեան հայերէն գրականութեան մտածած սէրը կը փոխանցէ նաեւ իր աշակերտներուն։ Արդարեւ նախապէս ալ զանազան անգամներ այս էջերուն վրայ տեղ տուինք Լոս Անճելըսի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի շարադրութիւններուն։ Այս շաբաթ մեծ ուրախութեամբ կը ներկայացնենք 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Կալին Աղէկեանի գրութիւնը, որ կը նկարագրէ Հրանդ Տինքի յիշատակման համար կազմակերպուած շատ իմաստալից ձեռնարկ մը։
ԿԱԼԻՆ ԱՂԷԿԵԱՆ
19Յունուար 2007 թուականին, երբ պոլսահայ խմբագիր եւ լրագրող Հրանդ Տինք անգութօրէն սպաննուեցաւ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ, հայ ժողովուրդը, Թուրքիոյ մէջ թէ ուրիշ երկիրներու՝ զայրացած վիճակ ունէր։ Այս վիճակը անոնք աշխարհին ցոյց տուին բազմահազարներու քայլարշաւներով, բողոքի ցոյցերով եւ այլ խաղաղ ձեւերով։ Իսկ ԱՄՆ-ի Պոսթոն քաղաքի մէջ հաստատուած «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրը» (ATP-Armenian Tree Project) յիշատակի անտառ մը որոշեց հաստատել Հայաստանի Լոռի մարզի մէջ, Մարգահովիտի մօտ,- 1700 մ. բարձրութեան վրայ գիւղ մը, որ ունի 4000 բնակիչ։
«Հրանդ Տինք» յիշատակի անտառի նպատակն է զոհուած լրագրողի յիշատակը դալար ու անմար պահել։ Հոն լերկ լերան մը վրայ տնկուած են 53,000 ծառեր։ Այդ ծառերը կը խորհրդանշեն Հ. Տինքի կեանքի 53 տարիները։ Անտառը 14 հեկտար է, երկու հողամասերու վրայ տարածուած։ Այժմ մշտադալար ու խիտ սոճիներ կը զարդարեն այդ երբեմնի լերկ լեռնալանջը։
Անտառի մուտքը տեղադրուած են երկու ցուցանակներ, որոնք հիմնական տուեալներ կու տան անոր մասին։
Անտառը ամէն տարի կ՚ունենայ հայ թէ օտար պատուոյ այցելուներ։ Այդ այցելութիւններէ ամենէն պատմականը ԱՄՆ-ի Կ.Պոլսոյ 1913-16 թուականներու դեսպան Հէնրի Մորկնթաուի ընտանիքի երրորդ սերունդի անդամներուն յարգանքի այցելութիւնն էր։
27 Ապրիլ 2015 թուականին դեսպան Մորկնթաուի ծոռերը Տօքթ. Հէնրի Պէն Մորկնթաու IV-ն ու Պոպ Մորկնթաուն, ծառ մը տնկեցին Հ. Տինք անտառին մէջ։ Յիշել կ՚արժէ, թէ ասիկա Տօքթ. Հ. Պէն Մորկնթաու IV-ի երկրորդ այցելութիւնն էր Հայաստան։ Ան առաջին անգամ 1999-ին Երեւան եկած էր Ծիծեռնակաբերդէն ներս պատուոյ պատի վրայ իր մեծ-մեծ հօր, դեսպան Մորկնթաուին անուան զետեղումին։ Ան նաեւ դեսպանին գերեզմանէն հող բերած էր եւ մասնակցած՝ երեւանեան վարժարանի մը «Հէնրի Մորկնթաու» վերանուանումի հանդէսին։
Հայաստանի Ծառատունկ Ծրագրի երազը ահա տասը տարի է իրականացած է։ Այս անտառի 53 հազար ծառերը ո՛չ միայն կը խորհրդանշեն հայ հերոս Հրանդ Տինքի 53 տարիները, այլ նաեւ աշխարհին կը փաստեն, թէ հայ ժողովուրդը ո՛չ մէկ ատեն պիտի մոռնայ անոր յիշատակը։ Մէջբերելով բանաստեղծ Պ. Դուրեանի խօսքերը
«Իսկ աննըշան եթէ մնայե
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,ե
Եւ յիշատակս ալ թառամի,ե
Ա՜հ, ա՚յն ատեն ես կը մեռնիմ»։
(«Իմ Մահը»)
Այս տողերը ցոյց կու տան, թէ սիրելի եւ յարգելի Հրանդ Տինքը կենդանի է մինչեւ հիմա եւ մինչեւ այն ատեն որ այս մշտադալար ծառերը կանգնած են՝ ան երբեք մոռցուած չէ։
ATP-ի Մասին
Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրը հիմնադրուած է 1994 թուականին Պոսթոնաբնակ ազգային գործիչ, բարերար Քարոլին Մուկարի (Մկրտիչեան) կողմէ։
Նպատակն է Հայաստանի սահմանամերձ եւ լեռնային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու մօտ ծառեր տնկել ու անտառային տնտեսութեամբ զարգացնել շրջանի տնտեսութիւնը եւ պայքարիլ աղքատութեան դէմ։ Ունի 2 տնկարան, 60 անտառաբան պաշտօնեաներ։ Հաստատութիւնը մինչեւ այսօր տնկած է 5 միլիոն ծառ (Արարատ մարզի մէջ՝ 38 հազար, Շիրակի մէջ 70 հազար, Արցախի մէջ 29 հազար)։
ATP-ի աշխատանքներու շնորհիւ ծառազարդարուած են Խոր Վիրապի, Նորավանքի եւ այլ եկեղեցիներու տարածքները, ինչպէս նաեւ Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ այլ պատմամշակութային վայրեր, դպրոցներու շրջապատներ եւ այլն.։