Ժամանակի խորհուրդը, ժամանակի պահանջը կամ ժամանակի հրամայականը։ Երեք արտայայտութիւններն ալ իրենց մէջ կը նշանակեն փոփոխութիւն։ «Եթէ ժամանակը քեզ չի յարմարիր, փորձէ դուն ժամանակին յարմարուելու» կ՚ըսէր մայրս։ Ակնարկածը անշուշտ որ ներկան էր, իսկ հրաժարելու խորհուրդ տուածը անցեալը։
Կարծես քաղաքակրթութեան զարգացման հիմնական պայմանն է ժամանակի թելադրանքը ընկալել եւ համապատասխան ճամբով ընթանալ։ Հապա եթէ աճապարանքի մէջ սխալ ընկալենք այդ թելադրանքը։ Հապա եթէ տարուի՞նք արդի կոչուածի հմայքէն ու լքենք բազում տարիներու փորձառութեամբ կուտակուած կենցաղը։ Մարդու կեանքի առումով բաւականին ուշ, իսկ մարդկութեան յարատեւութեան մէջ խիստ կարճ ժամանակի մը ընթացքին կը պարզուի սխալ ճամբան։
Այդ ե՞րբ էր, որ յօժարեցանք արեւազուրկ նկուղային բնակարաններու մէջ ապրելու, քաղաքի բնակիչ դառնալու սիրոյն։ Իրաւ, ո՞ր քարոզչութիւններու ազդեցութեամբ հեռու կեցանք օգուտը փաստուած սնունդներէ եւ ընտրեցինք գովազդներով փառաբանուած կեղծիքը։ Այդ ո՞ր բժիշկներն էին, որ իբրեւ թոյն նկարագրեցին ձուի, կարագի, ճարպի, մսի նման անասնական կամ ձէթի նման բուսական սնունդները ու մեզ դատապարտեց իբրեւ թէ «հիժիէնային» արհեստական արտադրութիւններով սնանելու։
Ո՞վ էր որ յանձնարարեց անխտիր բովանդակ երիտասարդութեան համալսարանական ուսման անհրաժեշտութիւնը։ Հետեւանքը ծանր եղաւ նման խաբկանքներէ տարուելու։ Մէկ կամ երկու սերունդ ետք, մարդ արարածը կ՚անդրադառնայ այդ սխալէն եւ համալսարանները կը վերագտնեն իրենց հիմնական առաքելութիւնը։ Ուսում կը ջամբեն բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին այդ ուսման։ Իսկ մարդկութեան մեծամասնութիւնը, փոխանակ անտեղի ու անօգուտ գիտելիքներ իմանալու համար տանջուելու, այդ ճանապարհի վրայ կեանքի կարեւորագոյն տարիները վատնելու, ճիշդ ժամանակին կ՚ուղուի իրեն պիտանի փորձութիւնները ապահովելու։
Այս խորհուրդները, որ երկար ժամանկէ ի վեր կը տողանցեն մտքիս մէջ, թերեւս տակաւին յօդուածի մը նիւթ չէին դառնար, երբ պատահաբար հանդիպած չըլլայի այն անծանօթ երիտասարդ զոյգին, որոնք չորս երեխաներով ելած էին գնումի։ Վեց կամ եօթ տարեկաններով երկու աղջիկներ քանի մը քայլ առաջ, երկու տարեկանի մօտ մանչուկ մը հօրը շալակին եւ նորածին մըն ալ մանկակառքին մէջ։ Իսկ ամուսինները տակաւին հասած չեն երեւիր երեսունական տարիքներու։
Մերօրեայ քաղքենի երիտասարդութիւնը ամուսնութեան տարիքը բարձրացուց քառասունականներու։ Խեղճ տղաք հազիւ այդ տարիքին է որ իրենց վրայ կը գտնեն ամուսնութեան պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարողութիւնը։ Բնականաբար այդ ժամէն ետք չեն աճապարեր մանուկի մը յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը եւս յանձն առնելու։ Իսկ երբ համոզուին պտղաբերութեան, այս անգամ ալ բնութիւնն է որ դժուարութիւններ կը յարուցէ իրենց դիմաց։ Այլեւս անկարելի է առանց բժիշկներու օգնութեան յղիանալ։ Երբեմն հազիւ երրորդ, չորրորդ փորձով կը յաջողի բեղմնաւորումը։ Նման տառապանքէ ետք ո՞վ պիտի համարձակի երկրորդ զաւակի մը տիրանալու։ Քրոջ կամ եղբօր սէրէ զրկուած մանուկներով լեցուն է քաղաքի քաղքենի թաղերու մանկապարտէզները։
Սա ժամանակի թելադրանքը սխալ ընկալելու տխուր հետեւանքն է։ Բայց հաստատ կը հաւատամ որ նման հետեւանքը սահմանուած կը մնայ մերօրեայ մի քանի սերունդով միայն։ Մարդկային միտքը կը յաջողի այս հակամարդկային սխալէն վերադառնալու։
pakrates@yahoo.com