Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք Սահակ Բ.-ի պաշտօնական գահակալութիւնը կատարուեցաւ 11 Յունուար Շաբաթ օր, Գումգաբու Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Գահակալութեան հանդէսին ներկայ էին Ներքին Գործոց Նախարարութեան տեղակալ Մուհթերէմ Ինճէ, Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Սրբազան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան, Իսթանպուլի մէջ Պապական պատուիրակ Ռուբէն Թիէրրա Պլանքա Կոնզալէս։ Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Օրհան Ապտուլլահատ Չանլը, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ անունով Եպիսկոպոս Եուսուֆ Չեթին եւ այլ հոգեւոր ու Դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։
Նորընտիր պատրիարքը եկեղեցի մուտք գործեց ամպհովանիով, որ պարզած էին համայնքային հինգ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հանդէսի ընթացքին Ս. Էջմիածնի կողմէ Արքութեան կոչում շնորհուեցաւ նորընտիր պատրիարքին։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի տուչութեան կոնդակը ընթերցեց Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորութեան պատգամը փոխանցեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան։ Ս. Էջմիածնէն Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի շնորհաւորական ուղերձն ալ ընթերցուեցաւ Պարեթ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ։
Իսկ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի շնորհակալութեան ուղերձը ընթերցեց Տէր Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Այս ընթերցումներէ ետք նորընտիր պատրիարքը Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ձեռամբ ստացաւ պատրիարքական գաւազանը։
Եկեղեցական արարողութենէ ետք Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն, ուր ներկաները առիթը ունեցան Սահակ Բ. Պատրիարքը շնորհաւորելու։
Յաջորդ օր նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր պատրիարքի մատուցած առաջին Ս. Պատարագը։ Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ պատրիարքը յատկապէս ընդգրկեց Յիսուս Փրկչի միացնող յատկանիշը, որուն ուխտած էինք եւս արժանի ըլլալ եւ ծառայութեան տարիներուն աշխատիլ սոյն միասնութիւնը ապահովելու համար։ «Աղօթեցէք որ միասնաբար սովորենք, միասնաբար մեծանանք»։ Պատրիարքը միասնութեան կոչը ընդլայնեց դէպի համաշխարհային հայութեան, ըսելով թէ բոլոր հայերը նոյն եկեղեցիի որդիներն են եւ եկեղեցին է, որ կը միացնէ մեզ։
Իսկ 14 Յունուարին պատրիարքը փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախարարին կողմէ։