Առասպելի վերջակէտը

Թուրքիոյ բռնցքա­մար­տի պատ­մութեան մէջ իւ­րա­յատուկ բա­ցառիկ դէմք մըն էր Կար­պիս Զա­քարեան, որ 25 Յու­նո­ւար 2020-ին կնքեց իր մահ­կա­նացուն 90 տա­րեկան հա­սակին։ Իրա­կանու­թեան մէջ Կար­պիս Զա­քարեան Թուրքիոյ բռնցքա­մար­տի պատ­մութեան մէջ հա­յերու ու­նե­ցած կա­րեւոր աւան­դի շա­րու­նա­կու­թիւնն էր միայն։ Իր­մէ առաջ ռին­կե­րու վրայ բռունցքո­ւելով առաս­պե­լի վե­րածո­ւած եւ այ­սօր շա­տերու յի­շողու­թե­նէ դուրս մնա­ցած կա­րեւոր անուն մըն է նաեւ Բագ­րա­տը։

Նոյ­նիսկ Բագ­րատ իր կեան­քը աւար­տած էր ռին­կի վրայ յոյն բռնցքա­մար­տի հետ տա­րած պայ­քա­րին։ Այդ տա­րինե­րուն նոյ­նիսկ տա­կաւին հիմ­քը չէր դրո­ւած Բռնցքա­մարտի Ֆե­տերա­ցիային։

Կար­պիս Զա­քարեանի մար­զա­կան քա­րիէրան սկսաւ «Պէ­յօղ­լու Սփոր» եւ «Թաք­սիմ» ակումբնե­րու մէջ, ուրկէ ետք ան ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Կա­լաթա­սարայ ակումբին։ Իր մար­զա­կան ան­ցեալին մէջ ու­նե­ցաւ բա­զում յաղ­թա­նակ­ներ, որուն շնոր­հիւ վա­յելեց երկրի հա­սարա­կու­թեան մեծ հա­մակ­րանքը։

Կար­պիս Զա­քարեանի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ 29 Յու­նո­ւար չո­րեք­շաբթի օր, Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Մօտ ան­ցեալին Կար­պիս Զա­քարեանի կեան­քը հա­տորի մը մէջ լոյս տե­սած էր ինք եւս բռնցքա­մար­տի մրցա­վար եղած Էմի­նա Թե­մելի գրի­չով։

«Ո՞ւր ես Կա­րօ» խո­րագ­րեալ այդ մե­նագ­րութեան մէջ հե­ղինա­կը ալ աւե­լի ծան­րա­ցած էր անո­ւանի բռնցքա­մար­տի­կի եւ կո­ղակ­ցի Էր­սի­լեայի մեծ սի­րոյն վրայ։ Իս­կա­պէս ալ յա­ւիտե­նական էր այդ սէ­րը, որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ նախ Էր­սի­լեայի եւ ապա Կար­պի­սի մա­հը։

Ինչպէս կեան­քի բա­զում երե­ւոյթնե­րուն Կար­պի­սի օրի­նակով ալ պե­տու­թիւնը փոր­ձած էր ան­տե­սել այս հսկայ մար­զի­կի թո­ղած մեծ աւան­դը։ Ճիշդ ալ այս պատ­ճա­ռաւ Ժո­ղովրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան դի­մում մը կա­տարած է Երի­տասար­դութեան եւ Մարմնա­մար­զութեան Նա­խարար՝ Մեհ­մետ Մու­հարրէմ Քա­սափօղ­լո­ւի, հարց տա­լով թէ մին­չեւ այ­սօր ին­չո՞ւ հա­մար Կար­պիս Զա­քարեանի անու­նը չէ տրո­ւած մար­զասրա­հի մը, ինչ որ ան­ցեալին այդ պա­տիւը չէ խնա­յուած Կար­պի­սի աշա­կեր­տը ըլ­լա­լով հան­դի­սացող Ճե­մալ Քա­մաճըէն։

Ահա­ւասիկ անուն մը, որ միշտ յար­գանք ցու­ցա­բերեց իր ու­սուցի­չին հան­դէպ։ Բայց պե­տու­թիւնը խտրա­կանու­թիւն դրաւ եր­կու բռնցքա­մար­տիկնե­րու մի­ջեւ, պա­տուե­լով Քա­մաճը­նի եւ ան­տե­սելով Զա­քարեանը։ «Մտա­դի՞ր էք Քա­մաճըի նման Կար­պիս Զա­քարեանի անու­նով օժ­տո­ւած մար­զա­կան դահ­լիճ մը կա­ռու­ցե­լու» հարց կու տայ Կա­րօ Փայ­լան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ