ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Պոլսոյ յոյները Սուրբ Զատիկէն 40 օր առաջ աւանդաբար կը տօնէին յատուկ Բարեկենդան մը, որ կը կոչուէր «Մաքուր Երկուշաբթի» կամ ալ աւելի տարածուն արտայայտութեամբ՝ «Պաքլախորանի»։
Այս աւանդական տօնակատարութիւնը 1941-ին պաշտօնապէս արգիլուեցաւ օրուան իշխանութեան կողմէ։ 2009-ին փորձեր կատարուեցան այդ աւանդութիւնը վերահաստատելու համար։ Մինչեւ 2014 Պաքլախորանին նշուեցաւ փողոցներու վրայ եւ ապա դարձեալ դադրեցաւ։ Այս տարի Շիշլիի քաղաքապետարանի քաղաքական խորհուրդը որոշած է այս ուրախ տրամադրութիւնը անգամ մը եւս փողոց իջեցնել։ Քաղաքապետական խորհուրդի այս որոշումին կ՚աջակցի նաեւ Քուրթուլուշի Յունաց նախակրթարանի վարչութիւնը։
Այս առթիւ սոյն դպրոցին մէջ այցելեցինք 1934-ին այս թաղին մէջ ծնած տիկին Էվանկելիա Քազալիտիցը։ Իրմէ լսեցինք 1940-ական տարեթիւերու Թաթավլայի մասին յուշեր ու վկայութիւններ։ «Մենք եօթը սերունդ է, որ Թաթավլա կը բնակինք։ 6 տարեկան էի, երբ սկսայ այս դպրոցը յաճախել։ Այսօր հանրաշարժերու կանգառ ըլլալով գործածուած այս տարածքը անցեալին բոլորովին պարապ էր։ Զատկի օրերուն հոն քանի մը ֆայթոն, քարուզել եւ օրօրոց կը գտնուէր։ Հայրիկէս 25 ղրուշ կը խնդրէի, որոն հետ չորս աղջիկ ֆայթոն կ՚առնէինք եւ պտըտելու համար Մեճիտիյէքէօյ կ՚երթայինք։ Տուն բան չկար։ Ամէն տեղ ազատ տարածքներ էր։ Ֆայթոնը մեզ մինչեւ Մեճիտիյէքէօյ կը տանէր ու ապա ետ կը բերէր։ Վերադարձին կրկին դրամ կը խնդրէի հօրմէս, որպէսզի նոյն պտոյտը դարձեալ կրկնեմ։ Այս պատմածներս 1940-ական տարեթիւեր են։ Քուրթուլուշի նախկին բնակիչները, որոնցմէ շատեր այսօր գերեզմանն են, յանկարծ եթէ տեսնեն թաղին ներկայ վիճակը, կը շրջին իրենց շիրիմներուն մէջ։ Չէք կրնար պատկերացնել թէ իմ մանկութեան տարիներուն մարդիկ փողոցը որքան վայելուչ կը հագնուէին։ բոլոր այր մարդիկ ֆէօթր գլխարկ կը կրէին։ Իսկ կանայք պլուզով անգամ փողոց չէին ելլեր։ Մարդիկ արծաթեայ գաւազաններ կը կրէին։ Ամէն մարդ իրար կը բարեւէր «քալիմերա» ըսելով։ Հիմա ո՜ւր մնացած է այդ Թաթավլան։ Հիմա մարդիկ քալելու ժամանակ իրար կը հրմշտկեն։ Նոյնիսկ չես կրնար առարկել։ «Հիլթոն» հիւրանոցի մէջ պալօներ կը կազմակերպուէր։ Աղքատախնամի համար դրամահաւաք կ՚ըլլար։ Ահաքին մարդ կը մասնակցէր այդ տեսակի հաւաքոյթներուն։ Պահքին նախորդող օրն ալ պալօ կը կազմակերպուէր։ Կ՚երթայինք ու մինչեւ առտու կ՚ուրախանայինք։ Այդ օր ահագին բան կ՚ուտուէր։ Բայց անոր մէջ կարեւորագոյնը «ֆավա»ն էր։ Կ՚ուտէինք, կը խմէինք կը զուարճանայինք եւ յաջորդ օր պահքը կը սկսէր։ Լաւ օրեր էին։ Թաթավլայի մէջ պաքլախորանին թէ դպրոցէ ներս ուրախութիւն էր եւ թէ փողոցը։ Բարեկենդանի ժամանակ տուներու դռները ընդմիշտ բաց կը մնար։ Շատ լաւ կը յիշեմ 8 կամ 9 տարեկան ըլլալու եմ։ Մասքարաներ հագայ։ Մէկը կիթառ միւսը աքորտիոն նուագող երկու մարդիկ տուն մտան։ Անծանօթներ էին։ Տուն մտնելով սկսան երգել։ Մէկը ճիշդ որ կ՚երգէր հայրս բերնէն ներս տոլմա մը թխեց։ «Տէ՛ հիմա երգէ» ըսաւ։ Մարդը չկրցաւ երգել անշուշտ։ Այդ դէպքը մինչեւ հիմա կը յիշեմ։ Նուագեցին ու գացին։ Բայց անոնցմէ ետք ուրիշներ եկան եւ այս այդպէս ընդմիշտ։ Պաքլախորանիի օր էր երեկոյեան դրան առջեւ ելայ։ Լուսին կար։ Օրը լուսաւորուած էր։ Ո՛չ էլեկտրականութիւն, ո՛չ ալ լապտեր։ Ամէն մարդ երգ կ՚երգէր։ Միջոց մը ետք ձիակառք մը եկաւ։ Շուարած էի։ Ի՞նչ գործ ունէր, որ հոս։ Ձիակառքէն մարդիկ իջան եւ երգելով տուներէն ներս մտան։ «Քալիսբերա» ըսելով ողջունեցին բոլորին։
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերն ալ ապրած եմ ես։ Այդ ժամանակ ամուսնացած եմ եւ Նիշանթաշի կը բնակինք։ Տան գործերուն օգնական կ՚ըլլայ խորհելով Իմրոզցի աղջնակ մը առած էինք մեր մօտ։ Փողոցէն 20-25 հոգի ձեռքերնին Թուրքի դրօշակներով երթ կ՚ընէին։ Իմաստ մը չէի կրցած տալ։ Չհասկցայ թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ։ Այդպէս պոռում գոչումով անցան հեռացան։ Այդ տարիներուն Նիշանթաշի մէջ շատ քրիստոնեայ չէր ապրեր։ Բոլորը թուրքեր էին։ Յաջորդ օր ամուսինս զանգահարեց ու ըսաւ թէ պիտի դժուարանայ տուն գալու։ Աշխատատեղին Փերան էր, Թոքալթըեան Խանի կողքի փողոցը։ Պէյօղլու մօտ 10հազար մարդ ձեռքերին կացիններով խանութներուն կը յարձակին ինչ որ գտնեն կը կոտրեն կը թափեն։ Նախապէս «Էթափ» հիւրանոցի գտնուած տեղը յոյն մը խանութ բացած էր։ Այդտեղ սառնադարանները երկրորդ յարկէն վար նետեր են։ Ռատիօն բացինք սկսանք սպասելու։ Վերջապէս ժամը 01,00-ի սահմաններուն արտակարգ իրավիճակ հռչակուեց։ Այդ լսելով խորունկ կշունչ մը առինք։ Յետոյ յայտնի դարձաւ որ Թեսաղոնիկէի մէջ Աթաթիւրքի տունին ռումբ դնողը թուրք մըն է եղեր։ Մուշտակ մը ունէի որ նորոգութեան թողած էի։ Յաջորդ օր փորձեցի երթալ ու առնել։ Շէնքին դռնապանը ընկերակցեցաւ ինծի բայց անկարելի բան։ Հազիւ Ֆրանսական Դեսպանատան առջեւ հասած էինք սոսկում լռութիւն մը։ Կարծես Հիրոշիմայի վրայ ռումբ ինկած ըլլար։ «Ինճի» ծաղարանի առջեւ հասանք սոսկալի էր երեւոյթը։ Բոլոր ապակիները ջարդ ու փշուր եղած էին։ Վերջապէս հասանք մուշտակավաճառին մօտ։ Խեղճ մարդը լաց լալագին։ Խանութը ինչ որ կայ բզիկ բզիկ ըրած էին։ Յետոյ ուղղաթիռ իջաւ Կալաթասարայի հրապարակը։ Վարչապետ Ատնան Մենտերեսն էր։ Քովը քանի մը հոգի եւս կային։ Ափսոսանքով դիտեց շուրջ բոլորը եւ յետոյ յանդիմանեց՝ «Ես ի՞նչ ըսի, դուք ի՞նչ ըրիք» ըսելով։ Միջոց մը շուրջ բոլորը դիտեց ափսոսանքով եւ ապա «վա՜խ վա՜խ» ըսելով նոյն ինքնաթիռով հեռացաւ։ Այդ օրերուն ապակի ճարելը լուրջ խնդիր դարձած էր։ Մամաս, հայրիկս Քուրթուլուշ կը բնակէին։ Տուներնիս եռայարկ էր։ Անոնք ալ վախ ու սարսափի մէջ էին, տեսած էին Այա Թռիատա եկեղեցւոյ այրիլը։ Ինձմէ վեց տարի փոքր քոյր մը ունիմ։ Հայրս անոր պատուիրեր է, եթէ յանկարծ տուն մտնեն վեր «ելիր ու ինքզինքդ պատուհանէն վար նետէ» ըսելով։ Մինչեւ մեր դուռը եկեր են։ Դրան առջեւի խօսակցութիւնները լսեր է։ Խուժանին մէկը «Հայտէ մտնենք այս տունը» ըսեր է։ Ուրիշ մէկը առարկեր է «Այս չորպաճըն լաւ մարդ է, աղքատներուն կ՚օգնէ։ Չմտնենք անոր տունը»։ Հիմա երբեմն թոռս 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու մասին ֆիլմ մը կամ նկար մը գիրք մը տեսնէ իսկոյն ինծի կ՚իմացնէ։ Միշտ նոյն պատասխանը կ՚ուտամ իրեն։ Ես այդ բոլորը տեսած եմ»։