ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան հիմնադիր Միհրան Փրկիչ վերջերս ձեռնարկած է հրատարակչական աշխատութեան։ Ընդհանրապէս այս անտեսուած գաւառի ապրումներով լեցուած մատենաշար մըն է իր հրատարակածները, որոնց մէջ բացառութիւն կազմող երկու գեղատիպ հատորներ եղան Կոմիտաս Վարդապետի գերմաներէն երգերու ձայնագրութիւնները եւ Հայաստանի պատմական քարտէզներու հաւաքածոն։
«Փրկիչ» հրատարակչատան մատենաշարի եօթներորդ հրատարակութիւնը նոյն ինքն իր Միհրան Փրկիչի գործունէութեան մօտ տասնամեայ ծանօթագրութիւնն է։ Առաջին էջերու վրայ շատ համառօտ անցնելով իր մանկութեան եւ պատանութեան յուշերը, ան գիրքի կարեւոր մէկ մասը տրամադրած է հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան դժուարին գործին։ Ոմանց համար ծպտեալ, ոմանց համար ազգուռած բացատրութիւններով բնութագրուած ժողովուրդը իրականութեան մէջ Միհրան Փրկիչի ընտանեկան պատմութիւնն է։ Ան շատ տեղին դիտարկումով ուսումնասիրած է իր ժողովուրդի կրօնափոխ ըլլալու երեւոյթները, այդ ընթացքին տեղի տուած գործօնները, այս բոլորին մէջ զինք շարժման մղող ազդակները։
Շատ պարզ ու հաղորդական պատմելաոճ մը որդեգրած է Միհրան Փրկիչ, որու շնորհիւ ընթերցողը առանց վարանումի կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ եղած է, ինչո՞ւ եղած է եւ ի՞նչ պէտք է ընել։
Դժբախտաբար Տէրսիմ յատկապէս ալ այսպէս յիշուած աշխարհագրական հատուածի ներքին մասերը զերծ մնացած են 1915-ի աղէտէն եւ այդ իրողութեան վրայ ալ հիւսուած է բաւականին ռոմանթիկ պատմութիւն մը։ Կասկած չկայ թէ այդ պատմութիւնը բնականաբար շատ հաճելի թուացած է բոլոր տէրսիմցիներուն, քանի որ իրենք այսպէսով հիւսած են այն պատումը, ըստ որու Տէրսիմի մէջ ցեղասպանութիւն չէ եղած, քանի որ տեղւոյն ալեւի եւ զազա ժողովուրդները խնայած են իրենց հարեւան բարեկամ ժողովուրդը։ Սակայն այս պատումը որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրաողութեան։ Եթէ այդպէս է ինչո՞ւ համար Տէրսիմի մէջ ալ վերապրածները միշտ մեծ մայրիկներ են եւ ոչ մեծ հայրիկներ։ Ինչո՞ւ համար այդ նոյն վերապրածները տարիներու ընթացքին ստիպուած եղած են իրենց հաւատքը ուրանալու։ Բոլոր այս հարցումները իրենց պատասխանները կը գտնեն Միհրան Փրկիչի պատումին մէջ։ Ան անշուշտ որ չուրանար տեղւոյն զազաներու կամ քիւրտերու հայերու հետ ունեցած բարեկամական անցեալը։ Բայց անդին կայ լուսաբանութեան կարօտ բազմաթիւ երեւոյթներ եւս։ Իսկ աւելի կարեւոր հանգամանքը այն է, թէ տէրսիմահայերուն վերայայտնութիւնը ի՞նչ տեսակ բեռ մը եւ պատասխանատուութիւն մը կը բերէ հայ ժողովուրդի ուսերուն։
Վահրամ Մաւեան իր պատմուածքներու հաւաքածոյի՝ «Ամէն Տեղ Հայ Կայ»ի մէջ կը յիշէ կարեւոր ապրումներ, որոնք կը նկարագրուին «Ինչո՞ւ այլամերժ էք հայերդ» հարցումով։ Ոչ հայու մը բերնէն կը լսենք այս հարցումը, որուն պարտաւոր ենք համոզիչ բացատրութիւն գտնելու։ Թերեւս ալ մենք չենք անդրադարձած նման ազգային յատկութեան։ Մտքով իսկ չենք անցուած, թէ մենք իսկապէս ալ այլամերժ ենք։ Բայց հաւանականօրէն Թուրք Ազգային Շարդում կուսակցութեան հայազգի հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքէշ ալ մտքով իսկ չէր անցներ, թէ երբ կ՚ըսէ «Թուրքի միակ բարեկամը թուրքն է», նոյն նախադասութիւնը կարելի է կարդալ «Թուրքը բոլորին թշնամի է» ձեւով եւս։
Ճիշդ է որ տէրսիմահայութիւնը այսօր երբ կը փորձէ իր նախնեաց արմատներուն վերադառնալ, զինք մերժողը դարձեալ իր ազգակիցն է։ Միհրան Փրկիչ շատ վառ օրինակներով կը պարզէ այս իրողութիւնը եւ ցոյց կու տայ թէ ինչ արգելքներով եւ խոչընդոտներով դէմ առ դէմ կը մնայ ալեւիացած հայը, երբ մկրտուելու համար կը դիմէ Պատրիարքարան։
Նշենք որ գիրքը Տիրան Լոքմակէօզեանի կողմէ թարգմանուած է նաեւ արեւելահայերէնի եւ հրատարակուած երկլեզու ձեւով։
Խիստ գնահատելի այս հրատարակութեան թերեւս գլխաւոր թերացումը կը ներկայանայ հայերէն էջերու համար գործածուած տառաչափով։ Դժուար ընթեռնելի այդ փոքր տառերը յուսանք կ՚ուղղուին յաջորդ տպագրութիւններուն։
Վերջապէս շատ կարեւոր նիւթի մը ակնարկող գիրք մըն է լոյս տեսածը, որուն մէջ հեղինակը ամենայն պարզութեամբ հանրութեան հետ կը կիսէ իր հայ ընկերային կեանքի մէջ ապրած յուսադրիչ եւ հիասթափեցնող զանազան երեւոյթները։ Կ՚ողջունենք այս աշխատասիրութիւնը, որ իր խօսքը կ՚ուղղէ մեր ներկայ կարեւոր խնդիրներէն մէկուն վերաբերեալ։