Քորոնա ժահրը որ բաւական յապաւումով եկած էր Թուրքիա, այժմ արագօրէն կը ծաւալի ամբողջ երկրի տարածքին։ Առողջապահութեան նախարարը ամէն օր յաճախ ալ «թուիթրեան» հաշիւը օգտագործելով կը յայտարարէ վարակուածներու եւ մահացածներու թիւը։ Այդ տուեալները կ՚ապացուցեն, թէ վարակուածներու թիւը կ՚աճի երկրաչափական համեմատութիւնով։ Հասարակութեան մէջ ընդհանուր համոզում կը տիրէ, թէ այս տուեալները բաւականին կրճատուած կամ զեղչուած են։ Արդարեւ Բժիշկներու Կաճառն ալ 30 Մարտ թուականէն սկսեալ տուեալներ կը հաղորդէ, որոնց մէջ ի տարբերութիւն Նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններէ, կը նշուի նաեւ վարակուածներու գտնուած քաղաքները։ Այս առումով առաջին գծի վրայ կը գտնուի Իսթանպուլ։ Նախագահ Էրտողան 30 Մարտի երեկոյեան ժողովուրդին կոչ ըրաւ զօրակցութեան արշաւի մը համար։ Ան որպէս արշաւի մեկնակէտ յատկացուցած է իր եօթը ամսուայ նախագահի ամսականը։ Յաւելեալ Նախարարաց Խորհուրդի անդամներու նման բնոյթի մասնակցութեամբ այդ նպաստը կազմած է 5 միլիոն ԹԼ.։
Հայոց Պատրիարքարանն ալ յայտարարեց, թէ Պատրիարք Սրբազանը եւս նուիրած է իր հինգ ամիսներու ամսականը, որուն միացած են նաեւ հոգեւորականաց դասը եւ գոյացած է 100 հազար ԹԼ.-ի նպաստ մը։
Սակայն երկրին ընկերաքաղաքական պառակտումը հոս եւս զգալի է, քանի որ նոյն ժամանակահատուածին անջատաբար նման արշաւներու կոչ ըրած են Իսթանպուլի Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու եւ Անգարայի Քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ։
Միւս կողմէ այս յայտարարութեան անմիջապէս յաջորդ օր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու ընդհատած է այդ արշաւները՝ պատրուակելով թէ առանց իր արտօնութեան քաղաքապետները իրաւունք չունին նման արշաւ կազմակերպելու։
Սա ուշագրաւ երեւոյթ է, քանի որ Նախագահ Էրտողան ընդմիշտ կը յայտարարէ, թէ երկրի տնտեսութիւնը պատրաստ է դիմագրաւելու «Փանտեմի»ի պահանջած բոլոր ծախսերը։
Մասնագէտներ կը զգուշացնեն ըսելով, թէ յառաջիկայ շաբաթը շատ աւելի սուր զարգացումներու ատակ է եւ հաւանաբար երկրի հիւանդանոցներու տարողութիւնը անբաւարար մնայ նոր դիմումներու դիմաց։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի «Աստարճեան» եւ «Թոքաթ» յարկաբաժինները բժիշկ Մաքսուտ Ահբապի հսկողութեան տակ տրամադրուած է «Փանտեմի»էն վարակուած հիւանդներու։
Այդ բաժնի համար նախ յայտարարուած էր 40 անկողիններ, որոնք աւելի վերջ բարձրացուեցան 60-ի։ Նշենք որ մեր համայնքէն ալ աւելի քան 14 հիւանդներ վարակուած են ժահրէն եւ կը դարմանուին զանազան հիւանդանոցներու մէջ։
Պատրիարքարանը նախորդ շաբաթավերջին աղօթքի շղթայ մը յայտարարեց իրենց համար եւ կոչ ուղղեց հասարակութեան, որպէսզի իրենց թաղի եկեղեցիներուն միջոցաւ տեղեկացնեն հիւանդներու անունները, որպէսզի անոնք մի առ մի նշուին աղօթքի շղթայի ընթացքին։
Յայտնի է, որ «Փանտեմի»ն յառաջիկայ օրերուն եւս օրակարգի գլխաւոր նիւթը պիտի մնայ, թէ երկրիս եւ թէ աշխարհի վրայ։