Ճարակ Չեղաւ Կամ՝ Արարիչն արարածոց մեզ բարկացաւ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Սրբա­­­զան հայ­­­րը իր պար­­­տա­­­­­­­սուն փետ­­­րագրի­­­չը դրաւ կա­­­ղամա­­­րի մէջ, դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն ելաւ իր կար­­­միր թաւ­­­շեայ աթո­­­ռէն, ու խո­­­հուն քայ­­­լե­­­­­­­րով ան­­­ցաւ առաջ­­­նորդա­­­րանի հո­­­վոցը։ Կա­­­մարա­­­կապ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նէն վհատ աչ­­­քե­­­­­­­րով դի­­­տեց ամա­­­յացած դաշ­­­տե­­­­­­­րը, գիւ­­­ղե­­­­­­­րը, իր սի­­­րելի Ամի­­­դը, ապա Ս. Թէոդո­­­րոս կա­­­թողի­­­կէի գմբէ­­­թը, որուն խա­­­չը, քա­­­ռաթեւ նշոյլ, մշտար­­­թուն կը հսկէր քա­­­ղաքի վրայ ու վա­­­յել­­­չօ­­­­­­­րէն կը զար­­­դա­­­­­­­րէր անոր ու­­­րո­­­­­­­ւագի­­­ծը։ Ող­­­բաց։ Մահ էր ամե­­­նու­­­րեք։ Մարդկա­­­յին ան­­­յարմար վի­­­ճակ,- ըստ կեն­­­սա­­­­­­­սէր առաջ­­­նորդ հօր, որ համ­­­բաւ կը վա­­­յելէր որ­­­պէս նաեւ զգա­­­յուն ման­­­րանկա­­­րիչ եւ բա­­­նաս­­­տեղծ։ Ի՛նչ փոր­­­ձանք է, մտա­­­ծեց, Աս­­­տո­­­­­­­ւած բոր­­­բո­­­­­­­քեցաւ, դիեցիկ մայ­­­րեր կը մոր­­­մո­­­­­­­քին... Փոր­­­ձեց եր­­­կի­­­­­­­րը երկրորդ ան­­­գամ հա­­­րուա­­­ծող այդ չա­­­րագործ հա­­­մաճա­­­րակին պատ­­­ճա­­­­­­­ռը ըմբռնել։ Երկնա­­­յին պա­­­տի՞ժ։ Վան­­­քե­­­­­­­րու եւ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ բոյն դրած շո­­­ւայ­­­տութիւննե­­­րու, կա­­­շառա­­­կերու­­­թիւննե­­­րու հե­­­տեւա՞նք... Ալե­­­զարդ սրբա­­­զանը, այժմ եօթա­­­նասուն տա­­­րեկան այր, գլու­­­խը իր ձեռ­­­քե­­­­­­­րուն մէջ առաւ, ու Մի­­­ջագետ­­­քի անշնչա­­­ցած տա­­­րածու­­­թիւնը շրջա­­­գայե­­­լով մեղմ շշնջաց...

Արա­­­րիչն արա­­­րածոց մեզ բար­­­կա­­­­­­­ցաւ,

Քաղցր բնու­­­թիւնն աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին մեզ դառ­­­նա­­­­­­­ցաւ։

Այս օրե­­­րուն, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, երբ հա­­­մաճա­­­րակ մը կը սպառ­­­նայ եր­­­կիր մո­­­լորա­­­կի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու առող­­­ջութիւ­­­նը, ու երբ աշ­­­խարհի տնտե­­­սական եւ քա­­­ղաքա­­­կան հա­­­մակար­­­գը գլխի­­­վայր կը սու­­­րայ դէ­­­պի բեկ­­­ման մը, յար­­­մար կը տես­­­նեմ մտա­­­բերել միջ­­­նա­­­­­­­դարեան հայ բա­­­նաս­­­տեղծ եւ ման­­­րանկա­­­րիչ, Ամիդ մեծ քա­­­ղաքի առաջ­­­նորդ Մկրտիչ Նա­­­ղաշի այն ող­­­բը, զոր գրի առեր է Մի­­­ջագետ­­­քի երկրորդ՝ 1469 թո­­­ւակա­­­նի հա­­­մաճա­­­րակի օրե­­­րուն։ Եր­­­կա­­­­­­­րաշունչ է ան, 30 երկտող, ու կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ սրտաճմլիկ տե­­­սարան­­­ներ։ Խոր վիշ­­­տով տես­­­նե­­­­­­­լով, թէ զո­­­հերու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը կը կազ­­­մեն ան­­­չա­­­­­­­փահաս­­­նե­­­­­­­րը, բա­­­նաս­­­տեղծը զայն անո­­­ւաներ է «Ողբ վասն ման­­­կանցն ննջե­­­ցելոցն»։

Ո՞վ էր այդ ող­­­բի հե­­­ղինա­­­կը՝ մար­­­դա­­­­­­­սէր, կեն­­­սա­­­­­­­սէր եւ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր այդ անձնա­­­ւորու­­­թիւնը։ Թոյլ տո­­­ւէք խօ­­­սիմ անոր կեան­­­քի հան­­­գա­­­­­­­մանքնե­­­րու մա­­­սին ու մէջ­­­բե­­­­­­­րեմ ող­­­բէ ըն­­­տիր երկտո­­­ղեր։

Մկրտիչ Նա­­­ղաշը բնիկ Բա­­­ղէշ­­­ցի էր, Պոռ գիւ­­­ղէն։ Կը կար­­­ծո­­­­­­­ւի, թէ ծնած է 1394 թո­­­ւակա­­­նին։ Հայ­­­րը, Առա­­­քելը, քա­­­հանայ է եղած։ Շատ կա­­­նուխ տա­­­րիքին դրսե­­­ւորո­­­ւեր են անոր բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան եւ նկար­­­չա­­­­­­­կան ձիր­­­քե­­­­­­­րը։ Ու­­­սա­­­­­­­ներ է իր ծննդա­­­վայ­­­րի Ս. Անա­­­նիա եւ Ս. Գէորգ վան­­­քե­­­­­­­րու մէջ։ Ժա­­­մանա­­­կակից­­­նե­­­­­­­րը զինք կո­­­չած են «ան­­­հա­­­­­­­մեմատ նկա­­­րիչ»։ Որ­­­պէս հմուտ նկա­­­րազար­­­դող, ար­­­ժա­­­­­­­նացած է «նա­­­ղաշ», այ­­­սինքն՝ նկա­­­րիչ մա­­­կդի­­­րին։ Կ՚ամուսնա­­­նայ։ Կը ծնի փոք­­­րիկն Մես­­­րո­­­­­­­պը։ Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար, երի­­­տասարդ տա­­­րիքին կը մա­­­հանայ կի­­­նը։

Եղուկ ու վայ հա­­­զար բե­­­րան զինչ գոր­­­ծե­­­­­­­ցաւ,

Զի նո­­­րասէր հարսն ու փե­­­սան 
բա­­­ժանե­­­ցաւ։

Իր կնոջ մա­­­հէն յե­­­տոյ, 1420-ական­­­նե­­­­­­­րուն, Մես­­­րո­­­­­­­պի հետ կը տե­­­ղափո­­­խուի Ամիդ։ Կը ձեռ­­­նադրո­­­ւի եպիս­­­կո­­­­­­­պոս։ 1431 թո­­­ւակա­­­նին, ամիր Օս­­­ման բե­­­կի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան օրե­­­րուն, կը նշա­­­նակո­­­ւի Մի­­­ջագետ­­­քի հա­­­յոց հո­­­գեւոր առաջ­­­նորդը։

Սուրն հրե­­­ղէն այ­­­սօր յեր­­­կիր 
տա­­­րածե­­­ցաւ,

Հուրն ՛ի տա­­­նեն աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին 
բոր­­­բո­­­­­­­քեցաւ։

Բազ­­­մա­­­­­­­մարդ էր Ամի­­­դը, բազ­­­մակրօն եւ բազ­­­մամշա­­­կոյթ։ Նա­­­ղաշը իր մար­­­դա­­­­­­­սիրու­­­թեամբ եւ մաք­­­րա­­­­­­­կեն­­­ցաղ վար­­­քով կը վա­­­յելէ բո­­­լորին, մա­­­նաւանդ՝ ամի­­­րին հա­­­մակ­­­րանքը։ Անոր բա­­­րեացա­­­կամու­­­թեան շնոր­­­հիւ որոշ ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւններ ձեռք կը բե­­­րէ հա­­­յերու հա­­­մար։ Բե­­­ղուն շրջան է։ Կը գրէ խրա­­­տական բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւններ։ Կը քա­­­րոզէ հա­­­մամարդկա­­­յին հա­­­մերաշ­­­խութիւ­­­նը։ Փրկա­­­գինով գե­­­րու­­­թե­­­­­­­նէ կ՚ազա­­­տէ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­ներ։ Բա­­­րեն­­­պաստ պայ­­­մաննե­­­րը կ՚ար­­­տօ­­­­­­­նեն, որ 1439-1443 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն վե­­­րակա­­­ռու­­­ցէ քա­­­ղաքի Ս. Թէոդո­­­րոս կա­­­թողի­­­կէն։ Եկե­­­ղեցին կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ նոր գմբէթ, որ իր բարձրու­­­թեամբ կը գե­­­րազան­­­ցէ քա­­­ղաքի բո­­­լոր մի­­­նարէ­­­ները։

Լա­­­ցէք այ­­­սօր եւ ող­­­բա­­­­­­­ցէք ամե­­­նեքեան

Դառն ար­­­տա­­­­­­­սուօք հա­­­ռաչե­­­ցէք 
դուք միաբան։

Բարձրա­­­դիր այդ գմբէ­­­թի տես­­­քը քա­­­ղաքի վրայ, պատ­­­ճառ կ՚ըլ­­­լայ, որ մո­­­լեռանդ այ­­­լազգներ հա­­­լածանք սկսին եւ չա­­­րախօ­­­սին Նա­­­ղաշի դէմ։ Օս­­­ման բե­­­կի որ­­­դին, Համ­­­զան, նոր ամի­­­րը, ան­­­հանդուրժող անձ, կը հրա­­­մայէ գմբէ­­­թը խո­­­նար­­­հեցնել։

Գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­տիպ սար­­­կա­­­­­­­ւագունքն քաղցրա­­­ձայն,

Որք կար­­­դա­­­­­­­յին զօր­­­հա­­­­­­­նապազ 
սաղ­­­մո­­­­­­­սարան,

Որ­­­պէս ծաղ­­­կունք եկե­­­ղեց­­­ւոյ 
վա­­­յել­­­չա­­­­­­­կան,

Այ­­­սօր ան­­­կեալ ՛ի հող մա­­­հու 
թա­­­ռամե­­­ցան։

Ծանր կը վշտա­­­նայ առաջ­­­նորդը։ Հրա­­­ժեշտ կու տայ Ամի­­­դին։ Նախ կ՚եր­­­թայ Պո­­­լիս, ապա Ղրի­­­մի Թէոդո­­­սիա քա­­­ղաքը։ Չորս տա­­­րի ետք, Համ­­­զա­­­­­­­յին յա­­­ջոր­­­դած է անոր որ­­­դին՝ Ճի­­­հան­­­կիր միր­­­զան։ Լայ­­­նա­­­­­­­խոհ ամի­­­րի հրա­­­ւէրով Նա­­­ղաշ կը վե­­­րադառ­­­նայ իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նին։ 1447 թո­­­ւակա­­­նին ալ Նե­­­քամատ վար­­­պե­­­­­­­տի ձեռ­­­քով կը վե­­­րակա­­­ռու­­­ցէ Ս. Թէոդո­­­րոսը։

Քա­­­նի մա­­­նուկ մա­­­տաղա­­­տունկ 
՛ի հող դար­­­ձաւ,

Եւ թէ քա­­­նի մայր որ­­­դե­­­­­­­մեռ 
մոր­­­մո­­­­­­­քեցաւ։

Ան­­­մեղ տղայքն ՛ի հրեշ­­­տա­­­­­­­կէ 
խո­­­ցեալ լի­­­նին,

Եւ թա­­­ւալին առ­­­ջեւ ծնո­­­ղացն 
ողոր­­­մա­­­­­­­գին։

Նա­­­ղաշը վե­­­րանո­­­րոգ, բուռն աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի կը ձեռ­­­նարկէ։ Այս շրջա­­­նին կը ստեղ­­­ծէ իր գրա­­­կան լա­­­ւագոյն գոր­­­ծե­­­­­­­րը, առանց կաս­­­կա­­­­­­­ծելու, թէ ի՛նչ ար­­­հա­­­­­­­ւիրքնե­­­րու յղի էր Մի­­­ջագետ­­­քը։ Կը քա­­­րոզէ հո­­­գեւոր մա­­­քուր կեն­­­ցա­­­­­­­ղը եւ աշ­­­խարհի ու­­­նայնու­­­թիւնը, թէ սուտ է աշ­­­խարհը, երազ է ան, խա­­­բու­­­սիկ եւ ան­­­ցո­­­­­­­ղիկ, պէտք է խու­­­սա­­­­­­­փիլ սին վա­­­յելքնե­­­րէ, շռայ­­­լութե­­­նէ եւ փա­­­ռասի­­­րու­­­թե­­­­­­­նէ։ Կո­­­թողա­­­յին է անոր «Վասն ագա­­­հու­­­թեան» խրա­­­տական բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը. «Զինչ թա­­­գաւորք եւ մեծ իշ­­­խան, որ հե­­­ղելով յի­­­րար կռո­­­ւան, / Զինչ որ արիւն յեր­­­կիր հե­­­ղան, ամէնն վասն ագա­­­հու­­­թեան»։ Կեն­­­սա­­­­­­­սէր է ան։ Քնա­­­րական եւ նուրբ տա­­­ղերով կը գո­­­վեր­­­գէ բնու­­­թեան գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, ազ­­­նիւ փո­­­խադարձ սէ­­­րը, սո­­­խակը, վար­­­դը։

Զի գե­­­ղեցիկ եւ ճոխ պատ­­­կերքն 
մե­­­ռանին

Եւ սի­­­րական որ­­­դիքն ՛ի մօ­­­րէն 
բա­­­ժանին։

Աղէկ մա­­­նուկ, աղո­­­ւոր պատ­­­կեր, 
արեւ նման,

Ունքն կա­­­մար, աչքն կան­­­թեղ էր 
յան­­­դի­­­­­­­ման։

Նա­­­ղաշն է առա­­­ջինը, որ հայ­­­կա­­­­­­­կան քնա­­­րեր­­­գութեան մէջ գրեց պանդխտու­­­թեան բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւններ։ Ինք, թէ՛ պան­­­դուխտ էր եղած եւ թէ՝ աք­­­սո­­­­­­­րեալ մը։ Ծա­­­նօթ է այդ տա­­­ռապան­­­քին։ «Հո­­­գի՛, մի՛ ասեր ղա­­­րիպ, թէ չէ իմ սիր­­­տը կա­­­րու­­­նի»։

Արդ ո՞վ կա­­­րէ լե­­­զուաւ պատ­­­մել 
զբան աղէ­­­տին,

Եւ զկսկիծն դառ­­­նութեան՝ 
զողբն սրտին։

1449 թո­­­ւակա­­­նին կը բռնկի Մի­­­ջագետ­­­քի առա­­­ջին, իսկ 1469 թո­­­ւակա­­­նին երկրորդ հա­­­մաճա­­­րակը։ Յոյժ աւե­­­րիչ եւ ցնցիչ է եղած երկրոր­­­դը։ Ան խլեր է ան­­­թիւ մա­­­նուկնե­­­րու, «ազ­­­գի ազ­­­գի» ան­­­մեղնե­­­րու կեան­­­քը։

Մա­­­հու հրեշ­­­տակն ահե­­­ղակերպ 
զար­­­հուրա­­­կան,

Ո՛չ ողոր­­­մի նոր փե­­­սային եւ 
ո՛չ ման­­­կան։

Մա­­­նուկն ելաց եւ հա­­­ռաչեց, 
ճա­­­րակ չե­­­ղաւ,

Դառն ար­­­տա­­­­­­­սուօք դար­­­ձաւ 
՛ի հայրն նա­­­յեցաւ։

Հայրն չկա­­­րաց փրկել զոր­­­դին
իւր սի­­­րական,

Որ­­­դին ելաց եւ հա­­­ռաչեց ոգ­­­ւոց եհան։

Մա­­­հը, ըստ Մկրտիչ Նա­­­ղաշի, մար­­­դու ող­­­բերգու­­­թիւնն է, ան­­­յարմար վի­­­ճակ։ Ճիշդ է, բա­­­նաս­­­տեղծը խօ­­­սեր է մա­­­հուան մա­­­սին, բայց ո՚չ աղա­­­ղակե­­­լով, բայց՝ գե­­­ղագի­­­տական շունչով, քրիս­­­տո­­­­­­­նէական հե­­­զու­­­թեամբ եւ հան­­­դարտու­­­թեամբ։

Ող­­­բը գրի առեր է 1469 թո­­­ւակա­­­նին՝ երկրորդ հա­­­մաճա­­­րակի օրե­­­րուն։ Հո­­­գեւոր հո­­­վիւը, որ ակա­­­նատեսն էր իր հօ­­­տին վի­­­ճակած ճա­­­կատագ­­­րին, յա­­­ջորդ տա­­­րի, ի՛նք զոհ կ՚եր­­­թայ այդ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­սին։ Հե­­­տեւեալ քա­­­ռեակը, կար­­­ծես, թէ կեն­­­սագրա­­­կան է.

Գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­գեղ գոյնն երե­­­սին 
թա­­­ռամե­­­ցաւ

Եւ ծո­­­վային աչքն ՛ի լու­­­սոյ 
պա­­­կասե­­­ցաւ։

Եւ վա­­­յելուչ զօ­­­րեղ բա­­­զուկն թու­­­լա­­­­­­­ցաւ,

Լար ար­­­ծա­­­­­­­թոյ ոս­­­կի մա­­­նեակն 
ման­­­րե­­­­­­­ցաւ։

Ող­­­բը ու­­­նի երկտող մը, որ կար­­­ծես, թէ հրա­­­ժեշ­­­տի խօս­­­քեր են.

… Բա­­­րով կա­­­ցէ՛ք հարք եւ եղ­­­բարք,

Բա­­­րով կա­­­ցէ՛ք իմ սի­­­րելիք դուք 
հա­­­ւասար։

Ս. Թէոդո­­­րոսի գմբէ­­­թէն ալ վեր, այժմ Տի­­­րամայ­­­րը կը լսէ ող­­­բի վեր­­­ջա­­­­­­­բանը։ Ան բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն չէ, այլ՝ ջեր­­­մե­­­­­­­ռանդ աղօթ­­­քի մը մրմունջը.

Ամէն օրհնեալ կոյս 
Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին,

Զէ­­­նէհար մեր ննջե­­­ցեալքն 
՛ի քեզ յանձնին։

Ար­­­ժան արա զմեզ ան­­­թա­­­­­­­ռամ 
սուրբ պսա­­­կին,

Եւ քեզ ամէնքս երկրպա­­­գենք 
կոյս 
Տի­­­րածին։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այս օրե­­­րուն, երբ դա­­­ժան հա­­­մաճա­­­րակ մը կը ցնցէ աշ­­­խարհը ու կը սպառ­­­նայ կեան­­­քը, հա­­­զարա­­­ւոր ան­­­մեղներ ար­­­մա­­­­­­­տախիլ կ՚ընէ, կը հե­­­ռաց­­­նէ աշ­­­խարհ կո­­­չուած այս գե­­­ղեցիկ պար­­­տէ­­­­­­­զէն, յար­­­մար կը տես­­­նեմ իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ բա­­­նաս­­­տեղծի խօս­­­քե­­­­­­­րով հրա­­­ժեշտ տալ յօ­­­դուա­­­ծիս.

Բա­­­րով կա­­­ցէ՛ք հարք եւ եղ­­­բարք,

Բա­­­րով կա­­­ցէ՛ք իմ սի­­­րելիք դուք 
հա­­­ւասար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ