Համավարակը օր ըստ օրէ կը ծաւալի բազմաթիւ կեանքեր խլելով աշխարհի համարեա բոլոր երկիրներէ ներս։ Արդէն իսկ հասած ենք վարակուածներու 3 միլիոն թուանշանին ամբողջ երկրագունդի վրայ։ Մտահոգութիւնը այն է, թէ ժահրը կրկին անգամ պիտի հարուածէ մարդկութեան, եթէ յանկարծ մեղմացուի կանխարգելման միջոցները։ Իսկ օրըստօրէ աւելի կը ծաւալին համավարակի պատճառաւ գործադրուած սահմանափակումներէն դժգոհողներու թիւը։ Նոյնիսկ ԱՄՆ-ի կարգ մը նահանգներու մէջ այդ դժգոհութիւնը վերածուած է բողոքի ցոյցերու։ Բոլոր այս զարգացումներու մասին զրուցեցինք Ամերիկաբնակ հոգեբան Կիւնտիւզ Վասաֆի հետ։
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
Մեր զրուցակիցէն խնդրեցինք որ մեկնաբանէ եւ նկարագրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող ընկերային հոգեբանութիւնը։
«Գիտենք որ ԱՄՆ դաշնակցային երկիր մըն է։ Տարբեր է նահանգային նախագահներու եւ դաշնակցական նախագահի իրաւասութեան սահմանները։ Երբեմն կը պատահի որ անոնց որոշումները համընկնին իրարու եւ երբեմն ալ ոչ։ Ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներ ԱՄՆ-ի մէջ ալ հակասութիւն մը կայ տնտեսութիւն նախապատուողներու եւ հասարակութեան առողջութիւնը նախապատուողներու միջեւ։ Կայ փողոց ելլել ուզողներու հսկայ զանգուած մը։ Անոնք թէ կը դժգոհին ազատութիւններու սահմանափակումէն եւ թէ նաեւ մտահոգ են իրենց աշխատանքը կորսնցնելու առումով։ Կանխամիջոցներու դիմելու համար ուշացող պետական համակարգը ապա մարդիկ տուն բանտարկեց եւ յետոյ մորցաւ անոնք։ Հիմա մենք մեր սահմանափակ միջոցներով կը փորձենք միասնութիւն հաստատել։ Այս պայմաններու տակ մեր մատնուած առտնի կեանքն ալ հոգեկան առողջութեան առումով նոր խնդիր մը յարուցած է։ Պետութիւնը չէ կրցած առտու, թէ գիշեր ժահրի մասին լուրեր փոխանցելէ աւելին ընել։ Երկրի մէջ բազմաթիւ մշակոյթի առումով հարուստ մարդիկ կան։ Կան երաժիշտներ, կան թատերական գործիչներ, բանաստեղծներ կամ նկարիչներ։ Գոնէ հանրային հեռուստակայանի միջոցաւ կրնան մեզի հետ կապ հաստատել։ Իրենց առաջնորդութեամբ կրնանք թանգարանները շրջիլ։ Կրնանք մեր բանաստեղծները, գրողները լսել, անոնց հետ ծանօթանալ։ Բայց կ՚երեւի ժահրի համազօր կը վախնան նաեւ մշակոյթէն։ Ճիշդ է որ ԱՄՆ-ի մէջ պետութիւնը անգործութեան հատուցում կը կատարէ։ Բայց այդ հատուցումէն օգտուողները թերեւս անգործութեան մատնուածներու հինգ կամ տոկոսը կը կազմեն։ Միլիոններով հաշուարկուած գաղթականներ կամ ապաստանեալներ Իսթանպուլի նման մեծ քաղաքներու մէջ մէկ սենեակի պայմանները կը բաժնեն 5 կամ 10 հոգիով։ Բացի դժուարութենէ, վարակուելու վտանգն ալ առկայ է։ Առանց իրենց վարակուիլը սպասելու կարելի է զիրենք մեկուսացնել որոշ վայրերու մէջ։
Յայտնի է, որ այս արհաւիրքի աւարտին պետութիւնները աւելի հզօրացած դուրս պիտի գան։ Ալ աւելի մօտէն պիտի կրնան հետեւիլ կամ հետապնդել մեզ։ Այստեղ հարցական է, թէ բնականոն կեանքի վերադառնալ ի՞նչ կը նշանակէ։ Հաւանական է, որ բնականի դառնալ ըսելով մենք աղէտի մը հետ դէմհանդիման մնանք։ Ընդ հակառակը պէտք է սթափինք եւ դուրս գանք նախկին կենցաղէ, որ մեզ բերաւ նման փորձութեան մը դիմաց։ Ուրիշ ճար չկայ, այսուհետեւ պիտի խուսափինք շռայլ սպառումէ»։