Գաղութէ գաղութ «Փոքրիկ»-ով կը միանանք

«Փոքրիկ» կայ­­­քէ­­­­­­­ջը Քո­­­րոնա­­­յի օրե­­­րուն ալ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ արեւմտա­­­հայե­­­րէն հէ­­­քեաթ­­­ներ մա­­­տու­­­ցել մա­­­նուկնե­­­րուն, եւ նպաս­­­տել Հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցման։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս, «Փոք­­­րիկ»ին կը հե­­­տեւին հայ բնակ­­­չութեան տէր՝ 21 եր­­­կիրներ։ Ամ­­­բողջ աշ­­­խարհի մէջ հե­­­ռակապ ու­­­սուցման գոր­­­ծադրու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով՝ վեր­­­ջին եր­­­կու ամ­­­սո­­­­­­­ւան մէջ՝ «Փոք­­­րիկ»ին այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­նե­­­­­­­րուն թի­­­ւը յա­­­ւելում ունեցաւ %82 տոկոսով։

Վեր­­­ջերս, «Փոք­­­րիկ»ը նոր ծրա­­­գիր մը կը գոր­­­ծադրէ։ Այս ինքնա­­­մէկու­­­սացման շրջա­­­նին «Տու­­­նը մնանք, Փոք­­­րիկ դի­­­տենք» վեր­­­նա­­­­­­­գիրի տակ, facebook-ի, twitter-ի եւ instagram-ի մէջ տեղ կը բա­­­նայ այն բո­­­լոր մա­­­նուկնե­­­րուն, որոնք կը փա­­­փաքին Հա­­­յերէն ար­­­տա­­­­­­­սանել կամ եր­­­գել, գրել, գծել, պա­­­րել։ Հե­­­տեւա­­­բար պի­­­տի հրա­­­տարա­­­կուին ման­­­կանց ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը եւ կամ զա­­­նազան հնա­­­րամ­­­տութիւննե­­­րը, որոնց պի­­­տի հե­­­տեւին 21 եր­­­կիրնե­­­րու «Փոք­­­րիկ»ի հե­­­տեւորդնե­­­րը։

Գու­­­նա­­­­­­­գեղ, շար­­­ժուն, լսե­­­լի

«Փոք­­­րիկ»ը իր վե­­­ցերորդ տա­­­րին պի­­­տի բո­­­լորէ Մա­­­յիս 2020-ին։ Ան՝ամէն ամիս եր­­­կու նոր հէ­­­քեաթ կ՚աւելցնէ ներ­­­կա­­­­­­­յիս իր ու­­­նե­­­­­­­ցած 100-է աւե­­­լի հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­րուն վրայ։ Այս հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­րուն իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը գու­­­նա­­­­­­­ւոր շար­­­ժուն պատ­­­կերնե­­­րով կը զար­­­դա­­­­­­­րուի եւ կը ձայ­­­նագրո­­­ւի։

«Փոք­­­րիկ»ին բո­­­լոր հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­րը, կայ­­­քէ­­­­­­­ջի առըն­­­թեր, լոյս կը տես­­­նեն նաեւ you tube-ի մէջ, որոնք կը պատ­­­րաստո­­­ւին՝ 4-7 եւ 8-12 տա­­­րիքի ման­­­կանց հա­­­մար։ Այս հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­րը, առանց դա­­­սի եւ նի­­­շի ճնշման տակ, իր փոք­­­րիկ ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն առիթ կը ստեղ­­­ծէ իրենց մայ­­­րե­­­­­­­նիին հետ հա­­­ճելի ժա­­­ման­­­ցի եւ միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ կը մղէ մտա­­­ծելու եւ քննար­­­կե­­­­­­­լու՝ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, հա­­­մակ­­­րա­­­­­­­կան հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան, քա­­­ջու­­­թեան, վե­­­րամ­­­շա­­­­­­­կու­­­մի, բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ այլ գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րու վրայ։

Թէ խաղ, թէ վար­­­ժութիւն

Վեր­­­ջերս աւել­­­ցո­­­­­­­ւած՝ «Աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան Էջեր» խո­­­րագ­­­րեալ յա­­­ւելո­­­ւածը, Հէ­­­քեաթ կար­­­դա­­­­­­­լու հա­­­ճոյ­­­քին առըն­­­թեր, նոր բա­­­ռերու եւ բնա­­­բան­­­նե­­­­­­­րու հետ ծա­­­նօթա­­­նալու, կար­­­դա­­­­­­­ցածը եւ լսա­­­ծը աւե­­­լի լաւ ըմբռնե­­­լու առի­­­թը կը ստեղ­­­ծէ։ Աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան էջե­­­րուն վրայ տեղ կը գրա­­­ւէ հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­րու բնա­­­գիրին հա­­­մեմատ պատ­­­րաստո­­­ւած խա­­­ղերն ու բա­­­ցատ­­­րութիւննե­­­րը, որոնք թէ ծնող­­­նե­­­­­­­րուն, թէ ման­­­կա­­­­­­­վարժնե­­­րուն, այդ հէ­­­քեաթի վրայ ման­­­կանց հետ միասին մտա­­­ծելու եւ խորհդակ­­­ցե­­­­­­­լու մի­­­ջավայր կ՚ապա­­­հովէ։

«Փոք­­­րիկ»ը կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ՝ հայ­­­կա­­­­­­­կան ժո­­­ղովրդա­­­կան հէ­­­քեաթ­­­ներ, առակ­­­ներ, առաս­­­պելներ, դի­­­ցաբա­­­նական պատ­­­մութիւններ, շու­­­տա­­­­­­­սելուկներ, սու­­­տա­­­­­­­սելուկներ, ժա­­­մանա­­­կակից պատ­­­մութիւններ։ Հայ ման­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան առա­­­ջատար ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ եւ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գրա­­­կանու­­­թեան անո­­­ւանի գրող­­­ներ միասին տեղ կը գրա­­­ւեն «Փոք­­­րիկ»ին մէջ։ Կայ­­­քէ­­­­­­­ջը կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի, Խնկո­­­յեանի, Աղա­­­յեանի, Այ­­­գեկցիի, եւ այլ Հայ գրող­­­նե­­­­­­­րուն բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ նաեւ Ուի­­­լիըմ Սա­­­րոյեանի, Օս­­­գար Ուայլտի, Սէր­­­վանդէ­­­սի նման աշ­­­խարհահռչակ գրող­­­նե­­­­­­­րու գոր­­­ծե­­­­­­­րը, որոնք հա­­­յերէ­­­նի թարգմա­­­նուած են մա­­­նուկնե­­­րուն հա­­­մար։ «Փոք­­­րիկ»ը նաեւ տեղ կը բա­­­նայ իր կայ­­­քէ­­­­­­­ջին մէջ, յատ­­­կա­­­­­­­պէս՝ Անա­­­հիտ Սար­­­գի­­­­­­­սեանի եւ այն բո­­­լոր ժա­­­մանա­­­կակից գրող­­­նե­­­­­­­րուն, որոնք կը հե­­­տաքրքրո­­­ւին ման­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան հետ եւ կ՛ար­­­տադրեն արեւմտա­­­հայե­­­րէնով։

Պո­­­լիսէն Աւստա­­­րալիա

«Փոք­­­րիկ» հէ­­­քեաթա­­­րանի կայ­­­քէ­­­­­­­ջին հե­­­տեւորդնե­­­րուն %70-ը վեց տար­­­բեր քա­­­ղաքը կ՛ապ­­­րին՝ Պո­­­լիս, Երե­­­ւան, Մոսկվա, Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըս, Մար­­­սէյ եւ Մոն­­­րէալ։ Իսկ մնա­­­ցեալ %30-ը կը բնա­­­կին լայ­­­նա­­­­­­­ծաւալ աշ­­­խարհագ­­­րութեան մէջ։ Որոնցմէ են՝ Աւստա­­­րալիա, Ար­­­ժանթին, Լի­­­բանան, Միացեալ Արա­­­բական Էմի­­­րու­­­թիւններ, Եգիպ­­­տոս, Ֆի­­­լիբին­­­ներ։

 

www.pokrig.org

Fb @pokrig

Instagram @pokrig_hekiataran

Twitter @Pokrig

Youtube Pokrig Hekiataran

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ