Հրանդ Տինքի ոճիրի համառօտ դատավարութիւն

Համավարակի նախորդող վերջընթեր նիստին որոշուած էր 12, 13 եւ 14 Մայիս թուականներուն շարունակել Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը։

Դատարանը նկատի ունենալով համավարակի բացառիկ երեւոյթը, որոշեց միայն 12 Մայիսի նիստով գոհանալ ու լսել ձերբակալուած ամբաստանեալներու վկայութիւնները։ Այս նիստին ամբաստանեալներ Էրճան Կիւն եւ Ռամազան Աքեիւրէք Սիլիվրիի բանտէն, Մուհարրէմ Տեմիրքալէ ալ Սինճանի բանտէն տեսալսողական դրութեամբ մասնակցեցան։ Ներկայ էին նաեւ Էրճան Կիւնի իրաւապաշտպաններ Ուղուր Կիւնէր եւ Էօմէր Պայրաքթար։ Իրաւապաշտպանները պահանջեցին իրենց պաշտպանեալներու ազատ արձակումը, բայց այս պահանջը մերժուեցաւ դատակազմի կողմէ։

Յաջորդ նիստերը պիտի կայանան 7, 8 եւ 9 Յուլիս 2020 թուականներուն։

Միւս կողմէ ԵՄԻԱ մերժեց Օսման Քաւալայի անպարտ հռչակման դէմ Թուրքիոյ առարկութիւնը։ Ամէն պարագայի Եւրոպական դատարանի այս որոշումը դրական ազդեցութիւն մը պիտի չունենայ Քաւալայի բանտարկութեան դիմաց։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ