Եղբայրութեան հէքեաթներ

ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼ

«Դուք ո՞վ էք, պա­­­լատէն չէք, գիւ­­­ղէն ալ չէք, դուք ոչինչ էք։ Օտար մըն էք, ան­­­պէտք ու բո­­­լորին ար­­­գելք դար­­­ձող... նպա­­­տակը ան­­­յայտ»։ Ֆրանց Քաւ­­­քա, «Դղեակ»

«Իրաւ եր­­­թը ճամ­­­բայ բա­­­նալն է։ Ճամ­­­բայ բա­­­ցողը ճամ­­­բայ ել­­­լե­­­­­­­լու կամքն է» Օրուչ Առո­­­ւօպա «Եր­­­թը»

Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկին ուղղեալ սպառ­­­նա­­­­­­­կան նա­­­մակի «յան­­­կարծ կու գանք գի­­­շեր մը» խօս­­­քը բա­­­ւակա­­­նին ծա­­­նօթ է, եւ տո­­­ւած ար­­­դիւնքով ալ սահմռկե­­­ցու­­­ցիչ։ Պի­­­տի յի­­­շէք՝ 2004 թո­­­ւին «Ակօս»ի դրան առ­­­ջեւ Տին­­­քի դէմ բո­­­ղոքող­­­ներն ալ այդ նոյն նա­­­խադա­­­սու­­­թիւնը վան­­­կարկած էին։ Անոնց վան­­­կարկած մի այլ կար­­­գա­­­­­­­խօս էր «Սի­­­րէ կամ լքէ»։ Ել-նա­­­մակով ղրկո­­­ւած այս նոր սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին մէջ այ­­­լընտրանք ալ չկայ, ուղղա­­­կի «լքէ» պա­­­հան­­­ջէր են։

Սպառ­­­նա­­­­­­­կան նա­­­մակի ու­­­շագրաւ կէ­­­տերէն մէկն ալ, Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկը «Եղ­­­բայրու­­­թեան հէ­­­քեաթ­­­նե­­­­­­­ր» պատ­­­մե­­­­­­­լով մե­­­ղադ­­­րելն է։ Այս ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւ­­­նը ար­­­ժա­­­­­­­նի կեր­­­պով չէ նկա­­­տուած։ Յայտնի է թէ գրու­­­թեան հե­­­ղինա­­­կը որ­­­քան ան­­­հանդուրժող է եղ­­­բայրու­­­թեան հա­­­ւանա­­­կանու­­­թեան հան­­­դէպ։ Հրանդ Տինք ան­­­ցեալի հես առե­­­րեսո­­­ւելու եւ իրո­­­ղու­­­թիւնը չու­­­րա­­­­­­­նալու մա­­­սին կո­­­չեր կ՚ընէր միշտ եղ­­­բայրու­­­թեան շեշ­­­տադրու­­­մով։ Հրան­­­դի ակ­­­նարկած «եղ­­­բայրու­­­թիւն»ը եր­­­բեք նման չէր այս երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րուն առա­­­ջար­­­կած աւագ եւ կրտսեր եղ­­­բայրու­­­թեան։ Հրանդ Տինք կը պատ­­­մեր հա­­­ւասա­­­րու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րու մէջ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին հա­­­մակե­­­ցու­­­թիւն մը։ Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկն ալ ժա­­­ռան­­­գե­­­­­­­լով այդ սկզբունքը, կը յա­­­ռաջա­­­նայ նոյն ուղղու­­­թեամբ։

Եղ­­­բայրու­­­թեան խոր­­­հուրդը բա­­­ւակա­­­նին հին ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­նալով հան­­­դերձ, հա­­­զիւ ֆրան­­­սա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան շնոր­­­հիւ քա­­­ղաքա­­­կան իմաստ մը ստա­­­ցաւ։ Ֆրան­­­սա­­­­­­­ցի փի­­­լիսո­­­փայ Մո­­­նա Օզու­­­ֆի հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մով, յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան երեք սկզբունքնե­­­րէն «եղ­­­բայրու­­­թիւն»ը այլ հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւն մը նշա­­­նակե­­­լուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ամե­­­նադ­­­ժո­­­­­­­ւար ըն­­­կա­­­­­­­լուո­­­ղը եղաւ։ Քան­­­զի ան իրա­­­ւունքնե­­­րու փո­­­խարէն բա­­­րոյա­­­կան պար­­­տադրանքնե­­­րը, օրէնքնե­­­րու փո­­­խարէն մարդկա­­­յին յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը, դա­­­շին­­­քի փո­­­խարէն զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը կը նա­­­խապա­­­տուէր։ Հե­­­տեւա­­­բար կարճ ժա­­­մանա­­­կի մէջ գործնա­­­կան նշա­­­նակու­­­թիւնը կորսնցնե­­­լով խորհրդան­­­շա­­­­­­­կան ար­­­ժէք մը ստա­­­ցաւ։ Եղ­­­բայրու­­­թիւնը, ֆրան­­­սա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան «եղ­­­բայրու­­­թիւն, հա­­­ւասա­­­րու­­­թիւն, ազա­­­տու­­­թիւն» երեակի ամե­­­նաշուտ հրա­­­ժարո­­­ւած ար­­­ժա­­­­­­­նիքը եղաւ նաեւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան երկրի մէջ կեան­­­քի կո­­­չուած 1908-ի յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան։

Բո­­­լոր յե­­­ղափո­­­խական հե­­­ռան­­­կարնե­­­րու մէջ ամե­­­նաերա­­­զային, ան­­­հա­­­­­­­սանե­­­լի, դժո­­­ւար ու խե­­­ղաթիւ­­­րե­­­­­­­լու հար­­­մար եղողն է եղ­­­բայրու­­­թիւնը։ Խե­­­ղաթիւրման ամե­­­նայա­­­ճախա­­­կի եղա­­­նակն է եղ­­­բայրու­­­թիւնը ցե­­­ղային, կրօ­­­նական, ազ­­­գա­­­­­­­յին ինքնու­­­թիւննե­­­րով սահ­­­մա­­­­­­­նել եւ այդ ծա­­­ւալէն դուրս մնա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը մեր­­­ժել։ Մինչ Հրանդ Տին­­­քի առա­­­ջար­­­կա­­­­­­­ծը եղ­­­բայրու­­­թիւնը առանց նմա­­­նու­­­թիւննե­­­րով սահ­­­մա­­­­­­­նելու, միւ­­­սի հան­­­դէպ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ստանձնելն էր։ Իր միտ­­­քով ու գոր­­­ծով կ՚ապա­­­ցու­­­ցեր թէ այդ երա­­­զային ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը ինչպէ՞ս, ո՞ր եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով գործնա­­­կանի կրնանք վե­­­րածել։ Իր ինքնու­­­թիւնը ու­­­րի­­­­­­­շին թշնա­­­մու­­­թեան վրայ կա­­­ռու­­­ցողնե­­­րուն, գեր­­­մա­­­­­­­նական Նա­­­զի կու­­­սակցու­­­թեան կար­­­կա­­­­­­­ռուն դէմ­­­քե­­­­­­­րէն իրա­­­ւաբան ու քա­­­ղաքա­­­գէտ Գարլ Շմի­­­թի հե­­­տեւող, քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը բա­­­րեկամ- թշնա­­­մի սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով ըն­­­կա­­­­­­­լող, թշնա­­­միի գո­­­յու­­­թեան իսկ չհան­­­դուրժող մտայ­­­նութեան հա­­­մար ան­­­շուշտ որ «վտանգ» են Հրանդ Տին­­­քը եւ անոր աւան­­­դը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկը։

Հրանդ Տին­­­ք ան­­­շուշտ որ առան­­­ցին չէր իր մեկ­­­նարկած «Ճամ­­­բայ բա­­­ցող եր­­­թ»ին։ Սա­­­կայն եր­­­կար ու դարձդար­­­ձիկ էր անոր որ­­­դեգրած ճա­­­նապար­­­հը։ Կը նմա­­­նէր Ք.-ի դէ­­­պի դղեակ ճամ­­­բորդու­­­թեան։ «Գիւ­­­ղի գլխա­­­ւոր պո­­­ղոտան չէր հաս­­­ներ բար­­­ձունքի դղեակին։ Կ՚եր­­­թար մին­­­չեւ մօ­­­տակայ­­­քը եւ յան­­­կարծ կը թե­­­քուէր։ Թէեւ չէր հե­­­ռանար դղեակէն, բայց չէր մօ­­­տենար ալ։ Ք. Միշտ յու­­­սաց թէ ճամ­­­բան ի վեր­­­ջոյ պի­­­տի հաս­­­նի դղեակին, այդ հա­­­մոզու­­­մով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց եր­­­թը։ Եւ զար­­­մա­­­­­­­ցաւ ան­­­վերջա­­­նալի ճամ­­­բուն...»։ Անխղճօ­­­րէն կա­­­սեցու­­­ցին Հրան­­­դի եր­­­թը։ Յու­­­սա­­­­­­­ցին թէ իր հետ պի­­­տի ոչնչա­­­նայ նաեւ անոր ցա­­­նած հունտե­­­րը։ Գլխա­­­ւորու­­­թեամբ Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկի, այդ հունտե­­­րուն ոչնչաց­­­ման առիթ չտո­­­ւող­­­նե­­­­­­­րը իրենց ճամ­­­բուն ար­­­գելք հա­­­մարե­­­ցին։ Այս երկրի յոյ­­­սը Հրանդ Տին­­­քի ցա­­­նած հունտե­­­րուն ոչ թէ ար­­­մա­­­­­­­տախիլ ըլ­­­լա­­­­­­­լը, այլ աճիլ, հա­­­սակ առ­­­նելն է։ Եւ յոյ­­­սը ամե­­­նավեր­­­ջին մեռ­­­նողն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ