Ընթերցումի ակումբի յաղթողն է Աքսէլ Ճավաք

Համավարակը եթէ խանգարեց գրական ու գեղարուեստական տարաբնոյթ բազմաթիւ միջոցառումներ, շնորհիւ ընկերային ցանցերու կարելի եղաւ բազում նախաձեռնութիւններ ալ իրենց աւարտին հասցնել։ Այս ընթացքին իբրեւ օրինակ կրնանք նշել «Ընթերցանութեան ակումբ»ի կազմակերպած շարադրութեան մրցումը։ Արդարեւ մասնակիցներուն առաջարկուած էր իրենց միտքերը արծարծել պսակաձեւ ժահրի յայտնութեան եւ հետեւանքներուն շուրջ։ Նաեւ պահանջուած էր գրութեան մէջ օգտագործել կազմակերպիչներու առաջարկած 20 բառերը։ Այս շրջագծով կայացած մրցումին առաջինը հանդիսացաւ 16 ամեայ Աքսէլ Ճավաք։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք պատանի գրողին յաջողութիւն պարգեւող շարադրութիւնը։

 

Սիրելի՛ Քորոնա

Կ՚ըսեն թէ համաճարակ դարձած ժահր ես։ Բայց ես քեզի մարդ արարածին շատ կը նմանցնեմ։ Քայլ առ քայլ շրջելով կը պտըտիս ամբողջ աշխարհը։ Մահուան պատճառ եղածներդ անտեսելով, թէյ մը անգամ չխմած, ճամպրուկդ հաւաքած կ՚ըլլամ ու փշրանքներդ ցանելով կը մեկնիս իւրաքանչիւր քաղաքէն։

Քեզմէ առաջ ի՛նչ կ՚ընէինք գիտե՞ս։ Անասունները կը սիրէինք. Կը շոյէինք, կը կերակրէինք, մեր տուները կը տանէինք եւ կը բանտարկէինք։ Դուն ալ մեզի՞ կը սիրես, որ այսպէս մեզի մեր տուներուն մէջ կը բանտարկես։

Արդեօք մեր ազատութեան օրերը յիշեցնելով տանջելո՞ւ համար է, որ շարունակ ձեռքերնիս լուալ կու տաս։ Որպէսզի մեր օճառէն սայթաքուն դարձած ձեռքերը, որ կը սահին մէկէն դէպի միւսը, յիշեցնեն ու տանջեն մեզ՝ ազատութեան գաղափարներով։

Հիւանդներ էինք որ պիտի մեռնէինք մօտ 60 տարիէն։ Այս հիւանդութիւնը ո՛չ դեղ ունէր, ո՛չ դարման։ Մահը անխուսափելի ըլլալով հանդերձ, վտանգաւոր ու թմրեցուցիչ պատուաստ մը ունէր որ կը կոչուէր «սէր»։ Մեզի գաղտնօրէն, ֆրէմններու ճամբով կը հասնէր ու կը սրսկուէր։ Քանի որ տունն ենք, տնարգելութեան պատճառաւ, այս թմրեցուցիչներուն ազդեցութիւնը օր ըստ օրէ կը պակսի։ Ահա՜ հիմա մահուան աւելի մօտ կը զգանք շնորհիւ քեզի։

Ըսենք «Աստուած պահապան» ու տեսնենք…

Տեսնենք թէ ո՞վ է բժիշկը,

Ո՞վ ժահրը կամ մանրէն,

Եւ ո՞վ է Աստուածը.

Տեսնենք թէ, ո՞վ աւելի առողջ…

Քորոնայէն բուժուո՞ղը, թէ ոչ՝ բնաւ չվարակուողը…

Դիմակս երեսս անցուցած, հականեխիչս ձեռքս, կը զգուշացնեմ քեզ Քորոնա՛ . առողջութիւնս փոխանցիկ է։

ԱՔՍԷԼ ՃԱՎԱՔ (16 տարեկան)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ