Հայ բանաստեղծութիւնը յունարէնով

Ուրա­խու­թեամբ վե­րահա­սու եղանք, «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Նո­րայր Տա­տու­րեանի շուրջ եր­կու տա­րուայ աշ­խա­տու­թեան ար­գա­սիքը հան­դի­սացող Αρμενική Λύρα (Ար­մէ­նիքի Լի­րա, «Հայ­կա­կան Քնար») բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու թարգմա­նական ընտրա­նիին։

Հա­տորը կը բո­վան­դա­կէ Հայ­կա­կան ժա­մանա­կակից 24 բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու յու­նա­րէն թարգմա­նու­թիւնը։ Հա­տորին մէջ տեղ գտած են՝ Պո­լիսէն՝ Զահ­րատ, Նո­ւէր Սի­լահ­լը (Տա­տու­րեան), Իգ­նա Սա­րըաս­լան, Ան­դան Էօզէր, Հա­յաս­տա­նէն՝ Յով­հաննէս Գրի­գորեան, Ռու­բէն Հախ­վերտեան, Հայր Իսա­հակ Վարդ. Պօ­ղոսեանի գոր­ծե­րէն նմոյշներ։ Ընտրա­նի եզ­րը իր իմաս­տը կը գտնէ այն հան­գա­ման­քով թէ Տա­տու­րեան գոր­ծե­րը ընտրած է լոկ իր նա­խասի­րու­թեանլ՝ առանց նկա­տի ու­նե­նալու անոնց նիւ­թե­րու կամ ոճե­րու նմա­նու­թիւննե­րը։ Ու­րեմն ոչ հա­ւաքա­ծոյ եւ ոչ ալ ժո­ղովա­ծու եզ­րե­րը պի­տի հա­մապա­տաս­խա­նէին կա­տարո­ւած ընտրու­թիւնը բնու­թագրե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ այս մա­սին Նո­րայր Տա­տու­րեան օրի­նակ­նե­րով կը բա­ցատ­րէ իր ընտրած բա­նաս­տեղծնե­րու զա­նազա­նու­թիւնը։ «Բո­լորն ալ ար­դի, ազատ գոր­ծեր են, չու­նին չափ եւ յանգ։ Այ­լա­պէս ին­ծի հա­մար ան­կա­րելի պի­տի ըլ­լար թարգմա­նել։ (Զահ­րատ մը թարգմա­նել շատ աւե­լի դիւ­րին է Վա­րու­ժա­նի կամ Թէ­քէեանի վրայ աշ­խա­տելէ։) Պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծնե­րու նիւթն է՝ մար­դը մեծ քա­ղաքի մէջ, անոր ցան­կութիւններն ու խեղ­ճութիւննե­րը, մե­ծու­թիւննե­րը եւ սէ­րերը եր­բեմն։ Հա­յաս­տա­նեան­նե­րը այսպէս.- Յով­հաննէս Գրի­գորեանը ան­կա­խու­թեան սե­մին կանգնած Հա­յաս­տա­նի (1980-90 թո­ւական­նե­րու գոր­ծեր են) ող­բերգու­թիւնն է, հայ­րե­նական մանր պատ­կերներ՝ սէ­րով եւ գու­թով լե­ցուած։ Իսա­հակ վար­դա­պետի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը մե­նակեաց մար­դու նե­րաշ­խարհն է, քնա­րական, զգա­յուն։ Զար­մա­նալիօրէն ազատ ու հա­մար­ձակ սի­րային բա­նաս­տեղծու­թիւններ ու­նի, չես գի­տեր՝ հե­ռաւոր ան­ցեալի գե­ղեց­կուհիի մը հա­մա՞ր են գրո­ւած, թէ՝ Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի կամ մէկ այլ սրբու­հիի հա­մար»։

Հա­տորին մէջ իւ­րա­քան­չիւր բա­նաս­տե­ծին կեն­սագրու­թիւնը եւ լու­սանկա­րի կող­քին, տե­ղադ­րո­ւած է ծա­նօթ լու­սանկա­րիչ Վազ­գէն Տէ­ղիր­մէնթա­շի ոսպնեակէն նմոյշներ, որոնք կը պատ­շա­ճին բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու բո­վանդակութեան։։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ