Պիտի Լսե՞նք Սարդարապատի Զանգերու Ղօղանջը

Մայիսի 28 կը յիշուի, իբրեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան օր։ Սակայն թուականը կը զուգադիպի նաեւ Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին, որ կարելի է համարել մերօրեայ Վարդանանք։ Այս մասին կ՚արտատպենք Երան Գուղյումճեանի յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Ազատ Խօսք» կայքէջի վրայ։

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

 

Մայիս ամի­սը՝ մե­զի, հա­յերուս հա­մար, յաղ­թա­նակ­նե­րու ամիս է՝ Սար­դա­րապա­տի, Հայ­րե­նական պա­տերազ­մի, Շու­շիի ազա­տագ­րութեան..., որոնք կո­փեցին մեր հա­ւաքա­կան կամ­քը, նոր որակ տո­ւին ազ­գա­յին մեր ինքնա­գիտակ­ցութեան եւ ու­ղե­նիշ կը մնան ապա­գայ յաղ­թա­նակ­նե­րու...։

Բո­լոր մեր յաղ­թա­նակ­նե­րուն մէջ, սա­կայն, Սար­դա­րապա­տը՝ Մեծ Եղեռ­նէն միայն երեք տա­րի ետք, վե­րահաս­տա­տեց մեր ապ­րե­լու իրա­ւունքը՝ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մէկ տաս­նե­րորդ տա­րած­քին վրայ, հի­մը դրաւ մեր նոր պե­տակա­նու­թեան, դար­ձաւ երաշ­խի­քը մեր յա­րատեւ­ման գո­յեր­թին։

Ար­դա­րեւ, թրքա­կան բա­նակը՝ 1918-ի Մա­յիսի կէ­սերուն, կո­տորե­լէ ետք մեր ժո­ղովուրդի արեւմտեան հա­տուա­ծը, հա­յաթա­փելէ ետք ամ­բողջ Արեւմտա­հայաս­տա­նը, ան­սանձ ու ան­պա­տիժ կը սպառ­նար միւս կէ­սին վրայ եւ կը յա­ռաջա­նար դէ­պի Երե­ւան ու Ս. Էջ­միածին, դէ­պի «սիր­տը մեր երկրին, մեր հա­ւատ­քին, մեր կեն­սագրու­թեան», դէ­պի վեր­ջին մնա­ցորդ բուռ մը հո­ղը, որ­պէսզի զայն եւս բզքտէր եւ յե­տոյ ըսէր՝ կար հայ ազգ, ա՛լ ան չկայ, եւ մենք ենք անոր տան ու հո­ղի տէ­րը։

Երիտ­թուրքե­րու վա­տահամ­բաւ առաջ­նորդնե­րէն Պէ­հաետ­տին Շա­քիր այսպէս կը բա­ցատ­րէր իր կա­ռավա­րու­թեան քա­ղաքա­կան ծրա­գիրը՝ հայ­կա­կան պա­տուի­րակու­թեան պետ, Աղեք­սանդր Խա­տիսեանին. «Հա­յերդ կանգնած էք մեր հա­միս­լա­մական ու հա­մաթրքա­կան սրբա­զան բաղ­ձանքնե­րու իրա­կանաց­ման ճամ­բուն վրայ, եւ մենք, ու­զենք թէ չու­զենք, կը բա­խինք ձե­զի հետ։ Այդ բա­խու­մը վեր է եւ դուրս՝ մեր անձնա­կան զգա­ցումնե­րէն ու տրա­մադ­րութիւննե­րէն։ Մենք տա­րերայ­նօ­րէն հար­կադրո­ւած ենք ոչնչաց­նել այն ամէ­նը որ ար­գելք կը հան­դի­սանայ մեր ազ­գա­յին այդ սրբա­զան բաղ­ձանքնե­րու իրա­կանաց­ման»։ Սա էապէս հա­մաթու­րա­նական կամ Մեծ Թու­րա­նի ձե­ւաւոր­ման ձգտող երազն էր...։

Ճա­կատագ­րա­կան այդ պա­հուն, սա­կայն, հի­նաւուրց մեր ժո­ղովուրդը դա­րերու խոր­քէն եկող ոյժ գտաւ իր մէջ, զարթնե­ցան իր մէջ՝ իր հե­րոսա­կան նախ­նի­ներէն ժա­ռան­գած հա­զարա­մեայ արիւնն ու ոգին, Աւա­րայ­րի ոգին, եւ թէեւ ու­ժասպառ ու արիւ­նա­քամ, գե­րագոյն լա­րու­մով ոտ­քի ելաւ ան ազ­գո­վին՝ երի­տասարդ թէ ծեր, հո­գեւոր թէ աշ­խարհա­կան, շի­նական թէ մտա­ւորա­կան, իր բո­լոր խա­ւերով ու հո­սանքնե­րով, դար­ձաւ հզօր բռունցք եւ ետ մղեց անարգ թշնա­մին՝ Սար­դա­րապա­տի, Բաշ-Ապա­րանի եւ Ղա­րաքի­լիսէի յաղ­թա­կան հե­րոսա­մար­տե­րուն մէջ։ Փրկո­ւեցաւ Արա­րատեան երկրի այն մի բուռ հո­ղը՝ որ­պէս մեր ազ­գի աւան­դա­կան ու սուրբ հայ­րե­նիքի ան­կորնչե­լի կո­րիզը։ Ծնունդ առաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կախ հան­րա­պետու­թիւնը՝ Մա­յիս 28, 1918-ին եւ բարձրա­ցանք պե­տական ազ­գի մա­կար­դա­կին։

Որ­քան դի­պուկ կը հնչեն Եր­ջանկա­յիշա­տակ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոս Վազ­գէն Ա.-ի խօս­քե­րը. «Մի ազգ չի ապ­րում իր նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րով, չի ապ­րում միայն իր մտքի եւ զգա­ցու­մի ար­տա­յայ­տութիւննե­րով, ինչպէս են արուեստներն ու գրա­կանու­թիւնը, չի ապ­րում միայն հան­ճա­րեղ ան­հատնե­րի գոր­ծե­րով, այլ ապ­րում է պա­տուի ու զո­հաբե­րու­թեան զգա­ցումնե­րով, իր «Մենք»-ի գի­տակ­ցութեամբ ու զո­հաբե­րու­թեան ոգով, իր ազատ եւ հպարտ ապ­րե­լու կամ­քով, մի խօս­քով իր բա­րոյա­կան նկա­րագ­րով»։

Սար­դա­րապա­տի աս­տե­ղային պա­հուն, այս «ՄԵՆՔ»ի գի­տակ­ցութիւ­նը, յանձնա­ռու­թիւնն ու վճռա­կամու­թիւնը գտան իրենց գե­րագոյն եւ վսե­մագոյն ար­տա­յայ­տութիւ­նը։

Յե­տագա­յին, Սար­դա­րապա­տի օրի­նակով, կը հրա­շակեր­տո­ւէր Ար­ցա­խեան փա­ռապանծ յաղ­թա­նակը՝ առիւ­ծա­սիրտ ազա­տամար­տիկնե­րու սուրբ արիւ­նով, ար­ձա­նագ­րե­լով մեր նո­րագոյն պատ­մութեան ամէ­նէն լու­սա­ւոր էջը...

Այ­սօր, Սար­դա­րապա­տը կը յու­շէ որ նոյնպի­սի ՄԵՆՔ-ի բարձր գի­տակ­ցութեամբ, հա­մահայ­կա­կան ոգիով, մտա­ծողու­թեամբ եւ գոր­ծե­լակեր­պի ճիշդ ռազ­մա­վարու­թեամբ՝ կրնանք յաղ­թա­հարել ամէն վտանգ ու խո­չըն­դոտ, որոնց մէջ թուրք-ազե­րի հա­մաթու­րա­նական սպառ­նա­լիքը՝ իր հա­յատեաց ու հա­յաջինջ քա­ղաքա­կանու­թեամբ կը մնայ ի զօ­րու եւ այժմէական բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն ալ...։

Այս սպառ­նա­լիքին հետ միասին, ներ­կա­յիս հա­մաշ­խարհայ­նացման եւ հա­մահար­թեցման հուժկու եւ ահեղ յոր­ձանքը կը մի­տի ջնջել ազ­գա­յին ինքնու­թիւն ու մշա­կոյթ, լե­զու եւ պատ­մութիւն, ազ­գա­յին հո­գեւոր ար­ժէքներ ու ազ­գա­յին գա­ղափար...եւ անոնց տեղ՝ ուղղա­կի թէ անուղղա­կի, լա­ւապէս սեր­տո­ւած մի­ջոց­նե­րով՝ պար­տադրել այ­լա­լեզու, ազ­գա­յին մեր էու­թեան խորթ քա­ղաքակրթու­թիւն, վարք ու բարք, մտա­ծելու եղա­նակ եւ կա­ցու­թա­ձեւ։

Ար­դա­րեւ, հա­մաշ­խարհայ­նացման ոյ­ժե­րը քիչ մը ամէն տեղ են եւ աւեր­ներ կը գոր­ծեն հայ կեան­քին մէջ...Անոնք են որ կ՚ըսեն թէ «Հա­յերէ­նը կա­րեւոր չէ հայ զգա­լու հա­մար» եւ կը փա­կեն հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը...Անոնք են որ կը ստո­րադա­սեն հա­յերէ­նը, հա­յոց պատ­մութիւ­նը, հայ հո­գեւոր-մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րը եւ կը փա­ռաբա­նեն կեղծ ու սին չար­ժէքնե­րը... Անոնք են որ իրենց զա­ւակ­նե­րը կը յանձնեն օտար վար­ժա­րան­նե­րու կրթու­թեան... Անոնք են որ կը քայ­քա­յեն հայ ըն­տա­նիքը, կը քա­ջալե­րեն օտար ամուսնու­թիւննե­րը... Անոնք են որ հա­յուն հա­ւատքն ու կրօն­քը կ՚եղ­ծա­նեն օտա­րամուտ եւ ազ­գա­կոր­ծան աղանդնե­րով...Անոնք են որ իրենց հայ հո­գին կը ծա­խեն դրա­մի, դիր­քի ու պաշ­տօ­նի հա­մար...Անոնք են որ խուլ կը մնան մեր մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հատակ­նե­րու եւ բռնագ­րա­ւեալ Արեւմտա­հայաս­տա­նի աղա­ղակին... խուլ կը մնան Սար­դա­րապա­տեան զան­գե­րու ղօ­ղան­ջին...

Սար­դա­րապա­տը կը յու­շէ որ պար­տինք ճիշդ ճանչնալ ու ձե­ւակեր­պել ՄԵՆՔ-ի՝ հա­մազ­գա­յին մեր գե­րագոյն շա­հերը, մշա­կել անոնց կեն­սա­գործման ի խնդիր պայ­քա­րելու միաս­նա­կան կամք եւ միաս­նա­կան, հա­ւաքա­կան ոյժ, զա­նոնք ամ­րապնդե­լով ազ­գա­յին ճիշդ դաս­տիարա­կու­թեամբ, իրե­րայա­ջորդ սե­րունդնե­րը թրծե­լով ազ­գա­յին-քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութեամբ եւ միաս­նա­կան պայ­քա­րի աննկուն կամ­քով։

Սար­դա­րապա­տը գե­րագոյն մարմնա­ւորումն է Չա­րեն­ցեան ան­մեռ պատ­գա­մին՝ «Ո՛վ հայ ժո­ղովուրդ, քո փրկու­թիւնը միայն քո հա­ւաքա­կան ոյ­ժի մէջ է»։ Ա՛լ դադ­րե­լու ենք մեր փրկու­թիւնը յու­սա­լէ այս կամ այն ար­տա­քին ոյ­ժէն՝ ապա­ւինո­ղական ստրկա­միտ մտայ­նութեամբ։ Մեր հա­ւաքա­կան, հա­մընդհա­նուր կամ­քին մէջ փնտռե­լու ենք մեր միաս­նա­կան ոյ­ժը, ազ­գա­յին մեր երազ­նե­րուն եւ նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու յոյսն ու հա­ւատ­քը, մեր փրկու­թեան ու­ղին։

Սար­դա­րապա­տեան «ՄԵՆՔ»-ի, հա­ւաքա­կան կամ­քի, ոգիի եւ նե­րու­ժի աշ­տա­րակու­մով՝ մենք պի­տի կա­րենանք դի­մագ­րա­ւել մեր դէմ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րը, կեր­տել հզօր հայ­րե­նիք եւ յա­ռաջա­դէմ հա­յու­թիւն, հաս­նիլ մեր Մեծ Երա­զին՝ Ազ­գա­հաւա­քի եւ Հո­ղահա­ւաքի։

Պի­տի լսե՞նք Սար­դա­րապա­տեան զան­գե­րու մշտա­հունչ ղօ­ղան­ջը՝ ազ­գա­յին արթնու­թեան եւ միաս­նութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ