ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Պատրիարքական աթոռի աւելի քան տասը տարիներ թափուր մնալու հետեւանքը բաւականին ծանր եղաւ պոլսահայ հասարակութեան ընկերաքաղաքական կեանքին համար։ Եկեղեցին որոշ ժամանակ քօղարկեց Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդութիւնը։ Երբ այդ քօղարկումը անկարելի դարձաւ այս անգամ ալ քօղարկեց հիւանդութեան պատճառած աւերին անդարմանելի, անվերադարձ ըլլալու փաստը։ «Մենք հաւատացեալ ենք, կը հաւատանք հրաշքներուն» ըսելով որոշ ժամանակ եւս լոլոզեց պոլսահայութիւնը։ Կարգ մը ողջամիտ անձեր նկատեցին այս բացթողումին հաւանական հետեւանքները եւ պահանջեցին շուտափոյթ կերպով ընտրութիւններու երթալ։ Սակայն հասարակութենէ եկած այդ պահանջն ալ բախեցաւ ներկայ իրավիճակին շարունակուիլը ցանկացող շրջանակներու դժկամութեան։ Աւելի յստակեցնելու համար նշենք, թէ այդ դժկամութեան հեղինակները կառավարութեան յանձնարարութեամբ փոխանորդ նշանակուած Արամ Արք. Աթէշեանը եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն էին։ Երկուքը յաջողեցան այս ուղղութեամբ կառավարութեան ալ միջամտութիւնը ապահովելու։ Երեւոյթ մը, որ խնդիրը ինքնին փորձանքի վերածած եղաւ պոլսահայութեան համար։
Այդ նոյն շրջանակի քուլիսական ջանքերով է որ ընդհատուեցաւ Պեքճեան սրբազանի տեղապահի ընտրութիւնը։ Աւելի ետք ալ մեր կարգ ու կանոնին բոլորովին հակասող կանոնագիրով մը ընտրութեան երթալու հրամայականը ապրեցանք։ Բոլորին կողմէ տեսնուած բայց ոչ մէկուն կողմէ արտասանուած սխալներու հետեւանքները այսօր դարձեալ կը տառապեցնեն պոլսահայ հասարակութիւնը։ Պատրիարքական աթոռի թափուր մնալու շրջանը պիտի ունենար եւ արդէն ունեցաւ ժխտական հետեւանքներ պոլսահայ համայնքի համար։ Նախորդ շաբթու վերջ ականատես եղանք մեզի համար անսովոր ոճով մը կատարուած բամբասանքներուն։ Շիրինօղլու ըստ երեւոյթի լքած է իր երբեմնի անմիջական բարեկամը՝ Արամ Սրբազանը եւ հիմա իր ամբողջ ուժով կը ճնշէ անոր վրայ։ Այդ ընելու ժամանակ ալ կ՚անտեսէ քաղաքակրթութեան բոլոր սկզբունքները։ Անարգանքներ կը տեղացնէ Արամ Սրբազանի հասցէին, որ այդ պայմաններու տակ իսկ կը փորձէ պահել հոգեւորականի վայել լրջութիւն մը։ Իր գրած պատասխանին մէջ կը խուսափի վերջ ի վերջոյ իրեն ալ ամօթ պատճառելիք նախադասութիւններ կազմելէ։
Միւս կողմէ այս բոլորին շուքին տակ ամօթի զգացումէն բոլորովին զուրկ կերպով կը գործէ նեխածութեան այլ երեւոյթներ։ Զարմանալով կը հետեւինք կարգ մը թաղականներու ընտրութիւններու բացակայութենէն օգտուելով իրենց զաւակները եւս թաղական դարձնելու փորձերուն։ Այսօր եթէ անցեալին նայելով պիտի խօսինք վարկազրկումի մը մասին ահա անոր գլխաւոր դրդապատճառն է հասարակութեան անտարբերութիւնը իր սեփական հարստութեան հանդէպ։
Բոլորի բաժնած համոզումն է, որ եթէ պոլսահայութիւնը ողջամիտ կերպով օգտագործէ իր ունեցուածքը մեր բոլոր հաստատութիւնները կրնար դուրս գալ տնտեսական տիրող ճգնաժամէն։
Մէկ կողմէն այս համայնքի ամենայաջող կրթական հաստատութիւնը կը փորձէ դիմագրաւել տնտեսական ծանր ճգնաժամ մը եւ միւս կողմէ մի այլ հաստատութիւն կը մսխէ իր հարստութիւնը։ Այս բոլորը կրնայ վերջ գտնել միայն ու միայն ներկայ իրավիճակի հետ չհաշտուողներու բողոքով։ Սակայն եկուր տես որ տարիներու հոլովոյթով մենք նաեւ կորսնցուցած ենք պահանջատիրութեան գիտակցութիւնը եւ ամբողջովին մատնուած ենք բարերարներու գթութեան։ Մինչդեռ ժամանակը կը թելադրէ գթութիւն թելադրելէ աւելի պայքարիլ արդար իրաւունքի համար։ Անշուշտ որ խնդիրը այսօրուան ցաւը չէ, այլ պատմութեան տեւողութեամբ մեր մէջ հիմք դրած ստրկամտութիւնը։ Եւ սակայն հիասթափուելու կարիք չկայ, երբ արդէն գիտենք թէ խնդիրը այսօրով սահմանուած չէ, այլ ունի տասնամեակներու հոլովոյթով նկարագրելու յարմար անցեալ մը։ Ուրեմն պիտի չվհատինք գիտնալով թէ ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան։