Համավարակը իբրեւ օրակարգի գլխաւոր խնդիր

Իդէմ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան միամիտ ակնկա­լու­թիւննե­րուն, պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը կը շա­րու­նա­կուի նոր յայտնո­ւած օրե­րու թա­փով։ Պե­տու­թիւննե­րը աւե­լի եր­կար չէին կրցած համ­բե­րել տնտե­սական կեան­քի ան­դա­մալոյծ ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թին դի­մաց եւ փոր­ձած էին հա­մեմա­տաբար վե­րադառ­նալ բնա­կանոն կեան­քի։ Ներ­կայ «բնա­կանոն» հաս­կա­ցողու­թիւնը թէեւ բա­ւակա­նին հե­ռու է հա­մավա­րակի նա­խոր­դող ժա­մանակ­նե­րու պատ­կե­րէն բայց այսքա­նը իսկ բա­ւարար եղաւ, որ վա­րակո­ւած­նե­րու եւ մա­հացող­նե­րու թի­ւը ոս­տում ար­ձա­նագ­րէ ամե­նու­րէք։ Այժմ կրկին օրա­կար­գի եկած է փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելքներ հռչա­կելու վար­կա­ծը։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ նե­րառեալ Թուրքիա կը պատ­րաստո­ւի ուսման տա­րեշրջա­նի վե­րամու­տին։ Սա­կայն տի­րող ընդհա­նուր հա­մոզու­մով վե­րամու­տը կար­ճա­տեւ պի­տի ըլ­լայ եւ հա­ւանա­բար այս տա­րի ալ աշա­կերտնե­րը պի­տի հար­կադրո­ւին հե­ռակայ ուսման դրու­թեան։

Ար­դէն իսկ Թուրքիոյ նա­խարա­րու­թիւնը կ՚աշ­խա­տի տար­բեր բնոյ­թով կան­խա­միջոց­նե­րու վրայ։ Սա­կայն հե­ռակայ ուսման դրու­թիւնն ալ իր կար­գին որոշ ան­հա­ւասա­րու­թեան երե­ւոյթներ կը պար­զէ, քա­նի որ աշա­կեր­տութեան բո­լորը նոյն չա­փով չեն կրնար օգ­տո­ւիլ հա­մացանցէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ