Նշուեցաւ 6-7 Սեպտեմբերի սադրանքի 65 ամեակը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երկրի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը եւ իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լը որ­­քան ալ լուռ մնայ, ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­ներ, լրա­­գիր­­ներ եւ հե­­ռուստա­­կայան­­ներ յա­­տուկ հա­­ղոր­­դումնե­­րով յի­­շեցին 6-7 Սեպ­­տեմբեր 1955-ի կազ­­մա­­­կեր­­պեալ սադ­­րանքը։ Ինչպէս ծա­­նօթ է այդ թո­­ւակա­­նին օրո­­ւայ կա­­ռավա­­րու­­թեան պա­­տուե­­րով եւ պե­­տական գաղտնի գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ թա­­լանի ահ­­ռե­­­լի գոր­­ծադրու­­թիւն մը կի­­րար­­կո­­­ւեցաւ Պոլ­­սոյ մէջ, որ ապա ու­­նե­­­ցաւ իր բազ­­մաբնոյթ հե­­տեւանքնե­­րը։

1955-ի ամա­­ռուայ ամիս­­նե­­­րուն Կիպ­­րո­­­սի խնդրի շրջագ­­ծով բա­­նակ­­ցութիւններ կը կա­­տարո­­ւէին Լոն­­տո­­­նի մէջ։ Այս բա­­նակ­­ցութիւննե­­րուն մաս­­նակցող թրքա­­կան պա­­տուի­­րակու­­թիւնը Ան­­գա­­­րային թե­­լադ­­րեց թէ կա­­րիքը կը զգայ Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թեան այս նիւ­­թի շուրջ գերզգայ­­նութիւ­­նը պար­­զող երե­­ւոյթնե­­րու։ Այդ պա­­հան­­ջին իբր պա­­տաս­­խան «յա­­տուկ ռազ­­մա­­­կան ծա­­ռայու­­թիւն»ը ծրագ­­րեց սադ­­րիչ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն մը։ «Ազ­­գա­­­յին լրա­­քաղու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան» հաշ­­ւոյն աշ­­խա­­­տող արեւմտեան Թրա­­կիացի գոր­­ծա­­­կալ մը ռումբ ար­­ձա­­­կեց Թե­­սաղո­­նիկէ քա­­ղաքի մէջ Աթա­­թիւրքի ծնած տան պար­­տէ­­­զը։ Ոչ կոր­­ծա­­­նիչ այդ ռումբի պայ­­թումով թե­­թեւ վնաս­­ներ գո­­յացան շէն­­քին վրայ։ Սա­­կայն լու­­րը շռնդա­­լից հրա­­պարա­­կու­­մով փո­­խան­­ցող «Էքսփրես» թեր­­թը կա­­տարեց իրեն վի­­ճակած պար­­տա­­­կանու­­թիւնը եւ թա­­լանը սկսաւ։

Այս թա­­լանի հա­­մար գա­­ւառի զա­­նազան կեդ­­րոննե­­րէ բազ­­մա­­­թիւ մար­­դիկ հան­­րա­­­շար­­ժե­­­րով փո­­խադ­­րո­­­ւած էին Իս­­թանպուլ։ Իրենց փո­­խան­­ցո­­­ւած էր թա­­ղերու մէջ քրիս­­տո­­­նեանե­­րու պատ­­կա­­­նող գոր­­ծա­­­տեղի­­ներու, բնա­­կարան­­նե­­­րու եւ եկե­­ղեցի­­ներու հաս­­ցէ­­­ները։ Խու­­ժա­­­նը ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի այդ հաս­­ցէ­­­ներ եւ քա­­ղաքի զա­­նազան թա­­ղերու մէջ հրկի­­զուե­­ցան աւե­­լի քան 70 յու­­նա­­­կան եկե­­ղեցի եւ վանք, թա­­լանո­­ւեցան գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­ներ, գոր­­ծա­­­տեղի­­ներ եւ բնա­­կարան­­ներ։

Եր­­կու օր տե­­ւող դէպ­­քե­­­րու աւար­­տին կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ար­­տա­­­կարգ վար­­չա­­­ձեւ հռչա­­կեց։ Ար­­տա­­­կարգ վար­­չա­­­ձեւի հրա­­մանա­­տարը յա­­ջորդ օր թեր­­թե­­­րու խմբա­­գիր­­նե­­­րը հրա­­ւիրե­­ց իր մօտ եւ յայ­­տա­­­րարեց այդ դէպ­­քե­­­րու մա­­սին լռու­­թիւն պա­­հելու հրա­­հան­­գը։ Խմբա­­գիր­­նե­­­րուն ըսուեցաւ թէ միայն կրնան գրել այն նիւ­­թե­­­րը որոնք փո­­խան­­ցո­­­ւած են «Անա­­տոլու Աժանս» լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թեան կող­­մէ կամ ալ հնչած են երկրի պե­­տական ռա­­տիօկա­­յանի մի­­ջոցաւ։

Այս դէպ­­քե­­­րէն շուրջ հինգ տա­­րի անց կա­­ռավա­­րու­­թիւնը տա­­պալե­­ցաւ զի­­նուո­­րական հա­­րու­­ծով մը եւ վար­­չա­­­պետ Ատ­­նան Մեն­­տե­­­րես սոյն դէպ­­քե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ դա­­տապար­­տո­­­ւեցաւ 6 տա­­րի ազա­­տազրկման։ Մեն­­տե­­­րես իրեն վե­­րագ­­րո­­­ւող այլ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու հե­­տեւան­­քով 1961-ին կա­­խաղան հա­­նուե­­ցաւ։ Քա­­ղաքի յոյն բնակ­­չութիւ­­նը զգա­­լիօրէն նո­­ւազե­­ցաւ 6-7 Սեպ­­տեմբե­­րի սադ­­րիչ գոր­­ծո­­ղու­թե­նէն ետք։

Նախորդ շաբթուայ մէջ ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ՝ Կա­­րօ Փայ­­լան եւ Էօմէր Ֆա­­րուք Կեր­­կերլիօղ­­լու նիւ­­թը ար­­ծարծե­­ցին խորհրդա­­րանի ամ­­պիոնէն եւ պա­­հան­­ջե­­­ցին որ վերջ գտնէ նման դէպ­­քե­­­րու հան­­դէպ ան­­պատժե­­լիու­­թեան աւան­­դութիւ­­նը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ