Չի կրցանք կողմ ըլլալ

Անկողմնա­կալու­թիւն, չէ­զոքու­թիւն կամ ձեռնպահ մնալ։ Այս երե­ւոյթնե­րուն շատ ան­գամ կը վե­րագ­րո­ւի դրա­կան իմաստ։ Ան­շուշտ որ մրցու­մի մը իրա­ւավարէն պի­տի ակնկա­լուի ան­կողմնա­կալու­թիւն։ Ան­շուշտ որ ձեռնպահ մնա­լը եր­կու բե­ւեռ­նե­րու մի­ջեւ եր­րորդ այ­լընտրան­քի մը նշա­նակու­թիւնը ու­նի։ Բայց ի՞նչ կա­րելի է ըսել անի­րաւութեան դէմ չէ­զոքու­թիւն պա­հողին։ Եթէ կայ կե­ղեքող եւ կե­ղեքո­ւող ի՞նչ կը նշա­նակէ չե­զոքու­թիւնը։

Ծա­նօթ իրո­ղուիւն է թէ հւգե­ւորա­կանաց դա­սը ձե­ւակա­նօրէն կը որ­դեգրէ իբ­րեւ թէ աշ­խարհա­կան խնդիր­նե­րու մի­ջամուխ չըլ­լա­լու սկզբունքը։ Սա­կայն այստեղ կա­րեւոր է այդ «իբ­րեւ թէ» վե­րապա­հու­թիւնը։ Հո­գեւորականն ալ կ՚ապ­րի նոյն ըն­կե­րային կեան­քի մէջ, կը կա­րօտի բո­լորիս պի­տանի ամէն ին­չի։ Մա­նաւանդ երբ գի­տենք թէ ինչպի­սի ուժ մը կը ներ­կա­յաց­նէ դրամ կո­չուած սա­տանան։ Հո­գեւո­րականը ինքզինք զերծ կը պա­հէ աշ­խարհիկ հո­գերէ, այ­սինքն քա­ղաքա­կանու­թե­նէ։ Այս ալ չա­կեր­տա­ւոր հաս­տա­տում մըն է, քա­նի որ քա­ղաքա­կանու­թիւն կո­չուա­ծը չէ սահ­մա­նուած կու­սակցու­թիւննե­րով կամ խորհրդա­րան­նե­րու դահ­լի­ճով։ Քա­ղաքա­կանու­թիւնը ին­քը կեանքն է։ Մարդկա­յին ապ­րումնե­րու բո­լոր նա­խապա­տուու­թիւննե­րը քա­ղաքա­կան բնոյթ ու­նին։ Ու­րեմն հո­գեւո­րականն ալ իր բռնած դիր­քո­րոշումնե­րով դար­ձեալ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ է։ Ի վեր­ջոյ խո­րանին վրայ ար­տա­սանո­ւած իւ­րա­քան­չիւր քա­րոզ, նոյ­նիսկ մեկ­նած ըլ­լայ Աս­տուածա­շունչի ցան­կա­ցած պա­տու­մէ, վերջ ի վեր­ջոյ պի­տի բնու­թագրէր մեր առօ­րեան։ Քա­րոզի­չը իր պատ­մա­կան ան­ցեալի առա­կը պի­տի կա­պէ այ­սօ­րուայ խնդի­րի մը հետ։ Այսպէ­սով խրա­տական մը փո­խացած պի­տի ըլ­լայ զինք լսող հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն։ Ահա այդ ինքնին քա­ղաքա­կանու­թիւն է։ Նոյ­նիսկ պա­տահած են երե­ւոյթներ, ուր զան­ազան դա­ւանանքներէ հո­գեւոր առաջ­նորդներ լծո­ւին քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի կար­գա­վիճա­կին։ Կրնանք յի­շել Մա­կարիոս Արք. Եպիս­կո­պոսը Կիպ­րո­սի մէջ, Մար­թին Լու­թեր Քին­կը ԱՄՆ կամ Իմամ Հո­մէյ­նին Իրան։ Եթէ Մակար­իոս եւ Հո­մէյ­նին ստանձնե­ցին պե­տական գոր­ծի­չի կո­չու­մը, ան­դին Մար­թին Լու­թէր Քին­կը, Մայ­րա­պետ Թե­րեզան կամ Տես­մոնթ Թու­թու վար­դա­պետը, իբ­րեւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան իրենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին եղան նաեւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ։ Այս ծի­րէն ներս նշե­լու իսկ կա­րիքը չենք զգայ Հռո­մի Պա­պի առա­քելու­թեան։ Ան որ­պէս հո­գեւո­րական, թէ պե­տու­թեան մը պետն է եւ թէ ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին իր յոր­դորնե­րով ուղղու­թիւն ներ­կա­յաց­նող կեր­պար մը։ Պատ­մութեան ըն­թացքին հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին ալ ու­նե­ցած է քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ իր դրոշ­մը դրած հո­գեւոր առաջ­նորդներ, Սկսեալ Ղե­ւոնդ Երէ­ցէն մին­չեւ Խրի­մեան Հայ­րիկ Պատ­րիար­քը կամ Կա­թողի­կոսը։ Այս բո­լորին մէջ մե­րօրեայ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սէն ներս յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող անուն մը ըլ­լա­լով պատ­մութեան ան­ցաւ Գու­գա­րաց Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլճեան։ Անոր առաջ­նորդած թե­մը կը հա­շուէր աւե­լի քան կէս մի­լիոն բնակ­չութիւն, որոնց իւ­րա­քան­չիւրին հետ շփում ու­նե­ցած էր, նոյն ինքն սրբա­զանը։ Մօտ 500 հա­զար բնակ­չութիւն կազ­մող տա­րած­քաշրջա­նի մը առաջ­նորդը որ­պէս, ան կը շփո­ւէր իր հօ­տի իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տին հետ։ Տու­նա­զուրկ ըն­տա­նիք­նե­րուն տուն ապա­հովե­լը իր առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րէն էին։ Իր շնոր­հիւ տաս­նեակ­նե­րով ըն­տա­նիք դուրս եկան անօ­թեւա­նի իրավի­ճակէն։ Իրա­րու հետ խնդիր ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ հաշ­տութիւն կնքե­ցին Սե­պուհ Սրբա­զանի շնոր­հիւ։ Այդ բո­լորին մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նի «Ծի­ծեռ­նակ» ճամ­բա­րը, ուր ամէն ամառ բազ­մա­թիւ պա­տանի­ներ կ՚օգ­տո­ւէին այդ եր­դի­կին տակ կազ­մա­կեր­պո­ւած դաս­տիարա­կիչ մի­ջոցա­ռումնե­րէ։ Կը ծա­նօթա­նային ազ­գա­յին երգ ու պա­րին, հա­յոց մշա­կոյ­թի պատ­մութեան եւ բա­րոյա­գիտու­թեան բա­զում գի­տելիք­նե­րուն։ Սրբա­զանին մե­ծագոյն ու­րա­խու­թիւնն էր իր հիւ­րե­րը ըն­դունիլ ճամ­բա­րին մէջ։ Ան իր գոր­ծունէու­թեամբ կա­րող էր ծաղ­կեցնել նաեւ Պոլ­սոյ վեր­ջին 10-15 տա­րինե­րուն հիւ­ծած, կեն­սունա­կու­թիւնը եւ ինքնավստա­հու­թիւնը կրսնցու­ցած պոլ­սա­հայ հա­մայնքը։ Չար միտ­քեր զա­նազան դա­ւադ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով ար­գելք հան­դի­սացան Սե­պուհ Սրբա­զանին պատ­րիար­քա­կան թեկ­նա­ծու­թեան։

Այ­սօր կրնան կրկնա­կի ու­րա­խանալ իրենց յաղ­թա­նակին հա­մար։ Իսկ մեզ՝ այս պատ­մա­կան քա­ղաքի մե­րօրեայ բնա­կիչ­նե­րուս ան­գամ մը եւս կը վի­ճակի չէ­զոքու­թեան ծանր լու­ծը տանիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ