Դժոխքի ճամբուն մեղաւորները

ՆԱԶԼԸ ԴԵՄԻՐ ՊԷՅԼԵՐԵԱՆ

«Դժոխ­քի ամե­նաեռուն տե­ղը վե­րապա­հուած է ճգնա­ժամե­րու պա­հուն չէ­զոքու­թիւն պա­հող­նե­րու հա­մար»։ Տան­թէ Ալի­կէիրիի նշա­նաւոր «Ար­քա­յու­թիւն» գոր­ծը կրկին ան­գամ կ՚ըն­թերցեմ եւ միտքս կը խու­ժեն Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի մա­սին խոր­հուրդներ։

Առա­ջին ան­գամ հա­յոց գրա­կանու­թեան դա­սապա­հուն օրիորդ Ար­մի­նէէն լսած էի Տան­թէի անու­նը։ Բայց ան կը խօ­սէր մեր Տան­թէի մա­սին։ Արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան կա­րեւո­րագոյն բա­նաս­տեղծը կը հա­մարո­ւի Պետ­րոս Դու­րեան։ Կը վեր­լուծէինք անոր «Տրտունջք» բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ «Մեր Տան­թէն Դու­րեանն է» ըսած էր գրա­կանու­թեան ու­սուցչու­հին։ Յի­շողու­թեանս մէջ դրոշ­մո­ւած է անոր ըմ­բոստ բա­նաս­տեղծու­թիւնը։

Այս օրե­րուն մեր մատ­նո­ւած փոր­ձութիւննե­րու լոյ­սին տակ կրկին ու կրկին կ՚ըն­թերցեմ Դու­րեանի բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Կար­ծես այս ան­գամ աւե­լի հա­սուն եւ աւե­լի ըմ­բոստ հո­գեվի­ճակով։ Կը խոր­հիմ մեր գո­յու­թեան պատ­ճառնե­րուն, միւ­սի եւ Աս­տուծոյ մա­սին։ Պա­տաս­խա­նատուու­թեան եւ նե­րելու մա­սին։

Յե­տոյ կ՚անդրա­դառ­նամ, որ մատ­նուած եմ ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թեան։ Կը քննա­դատեմ ինքզինքս, պա­տաս­խանատո­ւու­թիւնը ու­րի­շի բեռցնե­լով։ Կը սկսիմ իմ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան կամ իմ մեղ­քե­րու հետ հա­շուե­յար­դար տես­նե­լու։

Դու­րեանի «Տրտունջք»ը

Վաղ երի­տասար­դութեան թո­քախ­տով վա­րակո­ւած ու մա­հացած Պետ­րոս Դու­րեանի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը մեծ հա­սու­նութեան մը ար­տա­յայ­տութիւնն են։ Յատ­կա­պէս «Տրտունջք»ը Արա­րիչի դէմ ըմ­բոստում մըն է։ Ան իր 21 տա­րուայ կեան­քին մէջ առա­ջին ան­գամ է, որ կը յանդգնի Աս­տուծոյ բո­ղոքե­լու։ Դժբախտ Դու­րեանն ալ այս կարճ կեան­քի տե­ւողու­թեան Տան­թէի նման ար­դա­րու­թեան պայ­քա­րի մը մատ­նո­ւած է իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րով ու գրու­թիւննե­րով։ Թէ Տան­թէ եւ թէ Դու­րեան շատ տար­բեր դրդումնե­րով ալ ըլ­լան Աս­տուծոյ դէմ ըմ­բոստա­նալու արիու­թիւն ցու­ցա­բերած եր­կու կա­րեւոր բա­նաս­տեղծներ են։ Դու­րեան անար­դար կը գտնէ իրեն վի­ճակած հի­ւան­դութիւ­նը։ Իսկ Տան­թէ իրո­ղու­թեան որո­նու­մի մէջ է եւ յետ մա­հու կեան­քի մէջ ար­դա­րու­թեան հա­մար բա­նավէ­ճի կը մտնէ Աս­տուծոյ հետ։

Տրտունջքի առա­ջին տո­ղերը կը սկսին «Է՜հ մնաք բա­րով Աս­տո­ւած եւ արեւ, որ կը պըլ­պը­լաք իմ հոգւոյս վե­րեւ… »։ Դու­րեան երիտ­սարդ էր, թո­քախ­տա­ւոր եւ գի­տէր թէ շու­տով պի­տի մա­հանայ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ եր­կար «Տրտունջք» մը հիւ­սեց իր ճա­կատագ­րին ու Արա­րիչին։ 150 տա­րուայ առա­ջուայ պայ­մաննե­րով մեծ հա­մար­ձա­կու­թիւն։ Ո՞վ կրնար քննա­դատել արա­րիչը։ Ան­մի­ջապէս յա­ջորդ օր գրեց։ «Զղջում (օր մը վերջ)» անուն կարճ բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Այս ան­գամ զղջում կը յայտնէր, նե­րողու­թիւն կը խնդրէր ուր կը փոր­ձէր բա­ցատ­րել թէ ին­չո՞ւ գրած է այդ տո­ղերը։ Հե­տեւեալն էին անոնք.

«Երեկ երբ պաղ քրտանց մէջ

Սեւ մրափ մը կ՚առ­նէի,

Եւ թօշ­նած զոյգ մը վար­դեր

Այ­տե­րուս վրայ կ՚այ­րէին,

Ան­շուշտ ճակ­տիս վրայ մա­հու

Դալ­կութիւն մը կը պըլ­պը­լար,

Եւ մա­հու թռիչ մ՚ու­նէի,

Լսե­ցի մօրս հե­ծեծում…

Բա­ցի աչերս խոն­ջած

Մօրս ար­տօսն տե­սի՛…

Ո՜հ ճշմա­րիտ գո­րովի

Մար­գա­րիտ­ներ սուտ ու կեղծ…։

Մայրս ան­հուն ցաւ մ՚ու­նէր։

Այն սեւ ցա­ւը ե՛ւ էի…։

Ա՜հ գլուխս փո­թոր­կեց…

Այս սեւ հե­ղեղն տո­ւի դուրս…

Ո՜հ նե­րէ ինձ Աս­տո­ւած իմ,

Մօրս ար­տօսրը տե­սի…»։

Դու­րեան գի­տէր թէ շու­տով պի­տի մա­հանայ, բայց անոր սիր­տը ճզմո­ղը Աս­տուծոյ դէմ ըմ­բոստու­թեան տա­նողը մօ­րը ճա­րահա­տու­թիւնն էր, անոր ար­ցունքնե­րը։ Աս­տո­ւած ոչ Դու­րեանը տե­սած էր եւ ոչ ալ մօ­րը ար­տա­սու­գը։ Մոռ­ցած էր զա­նոնք…։ Այս քեր­թո­ւածը կրկին ու կրկին կը կար­դամ ու մայ­րե­րը կը խոր­հիմ։ Աչ­քերնին ար­ցունքոտ մայ­րե­րը։ Ճնշումնե­րուն հնա­զան­դումը մեր­ժե­լով ճա­կատագ­րին զո­հը դար­ձած երի­տասարդնե­րը ու նո­րահաս տղա­քը եւ անոնց մայ­րե­րը կը խու­ժեն մտքիս։ Ար­ցա­խի պա­տերազ­մին մա­հացող­նե­րու սգա­ւոր մայ­րե­րը։ Ամ­բողջ աշ­խարհ ան­տե­սեց մայ­րե­րու ար­ցունքնե­րը։ Առան­ձին ու ան­ճար մնա­ցին այս ճնշումնե­րու աշ­խարհին վրայ։ Չլսո­ւեցաւ անոնց տրտունջքը։ Կրկին ան­գամ իրենց ծնած երկրին հա­տու­ցումը կա­տարե­ցին։ Այ­սօր այ­լեւս անի­մաստ է հա­յերը առանձնու­թեան մատ­նողնե­րու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան մա­սին խօ­սիլ։ Ամէն 24 Ապ­րի­լին քա­ղաքա­կան ձե­ւակեր­պութիւննե­րով ար­տա­սանո­ւած ճա­ռերը հա­րիւր տա­րի առա­ջուան նման զուրկ են մտեր­մութե­նէ։ Ին­չի՞ հա­մար էր այդքան երի­տասար­դի մա­հը։ Իսկ մայ­րե­րու ար­տա­սու­քի պա­տաս­խա­նատու­նե­րը լոկ անո՞նք էին։

Թէ Տան­թէ, թէ Դու­րեան յա­ջոր­դա­բար պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւննե­րը կը յի­շեց­նեն մե­զի։ Անոնց մի­ջոցաւ կ՚ըմ­բո­տանանք այս լռու­թեան, աշ­խարհի ան­տե­սու­մին…։ Սա­կայն գրա­կանու­թիւնը բա­ցի միւ­սի դէմ ըմ­բոստա­նալէ մեր սե­փական եսն ալ կը դնէ հա­յելիի դի­մաց։ Ուղղա­կի դժոխքն ենք որ փոր­ձած ենք ու հի­մա պահն է դժոխք տա­նող ճա­նապար­հի վրայ մեր մեղ­քե­րու հետ առե­րեսո­ւելու։

Երեք վայր, երեք պոռթկում

Լռու­թիւնը թէեւ ապստամ­բութիւն է, բայց միաժա­մանակ հա­մակեր­պում, նոյ­նիսկ ու­րա­ցում։ Այս է Թուրքիաբ­նակ հա­յերու մատ­նո­ւած ան­խօ­սու­թեան երե­ւոյ­թը։ Միւս կող­մէ խօս­քի ազա­տու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ աղա­ղակե­լով, պո­ռալով, յի­շելով գո­յու­թիւնը պա­հել ջա­նացող սփիւռքը։ Ան­շուշտ այս ալ ապստամ­բութեան երե­ւոյթ մըն է, բռնու­թեան դի­մադ­րութիւն մը եւ ներ­կա­յու­թիւնը փաս­տե­լու փորձ մը։ Անոնց կող­քին կայ նաեւ առ­նո­ւազն երե­սուն տա­րի է փո­խանակ եր­կիր կա­ռավա­րելու ինք ալ բռնու­թիւն մը գո­յացու­ցած իշ­խա­նու­թիւննե­րով եւ ի վեր­ջոյ այդ բռնու­թեան դէմ ընդվզող ժո­ղովուրդով Հա­յաս­տա­նը։ Աշ­խարհագ­րա­կան երեք տար­բեր հա­տուած­ներ, երեք տար­բեր բայց իրա­կանու­թեան մէջ մէկ ժո­ղովուրդ եւ երեք ապստամ­բութեան եղա­նակ­ներ։ Այդ երե­քին դէմ մէկ պա­տաս­խա­նատու «միւ­սը» կամ «մո­ռացած Աս­տո­ւածը»։

Ար­դեօք միակ պա­տաս­խա­նատուն միամի­տօրէն իր վրայ յոյ­սը դրո­ւած «միւսն»է։ Պատ­մութեան ոչ մէկ հա­տուա­ծին վէր­քե­րուն բա­լասան եղած «միւ­սը»։ Դժո­ւար թէ բա­լասան ըլ­լայ, քա­նի որ այս վէր­քը իրեն չի պատ­կա­նիր։ Սա մեր վէրքն է։ Ու­րեմն «միւս»էն ակնկա­լածը մեր վէր­քե­րը բու­ժե՞լն է։ Մեր մատ­նո­ւած վիշ­տը ու­րի­շը՞ պի­տի վե­րաց­նէ։ Նման հա­մոզու­մը շա­տերուս հա­մար ընդվզե­ցու­ցիչ է։ Կրկին կը յի­շեմ Դու­րեանի բա­նաս­տեղծու­թեան վեր­ջին երկտե­ղը «…Ո՜հ ամենքն զիս ծաղ­րել են… Աս­տո­ւածոյ ծաղրն է աշ­խարհն ալ ար­դէն…»։

Իսկ մի­թէ պա­հը չէ եկա՞ծ մեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան մա­սին խոր­հե­լու։ Ինչպէ՞ս յա­ջողե­ցանք մեր դժոխ­քը սե­փական ձեռ­քե­րով կա­ռու­ցե­լու։ Դէ­պի դժոխք տա­նող այս ճա­նապար­հին լռե­լով, մերթ աղա­ղակե­լով, ի զուր ապստամ­բութիւննե­րով կամ բռնու­թեան հա­մակեր­պե­լով, ու­րի­շին պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն բեռցնե­լով մենք ալ մե­ղաւո­րը չե­ղանք այդ ճա­նապար­հին։ Չենք յա­գեցած ող­բերգնե­րէ, սու­գե­րէ, կորցրած­ներնուս ետե­ւէն ար­տա­սուե­լէ։ Եւ Աս­տուծմէն ողոր­մութիւն յու­սադրե­լէ, ու­րի­շը մե­ղադ­րե­լէ, միւ­սին բար­կա­նալէ։

Բո­լոր այս ճի­չերը, աղօթքնե­րը, լռու­թիւնը, ան­կողմնա­կալու­թիւնը չի նպաս­տե­ցին հա­յու վրայ ին­կած գե­րեզ­մա­նի հո­ղը թօ­թափե­լու։ Ընդ հա­կառա­կը ու­րի­շին բեռ­ցուցած պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը նոյն ինքն դժոխք տա­նող ճամ­բան հան­դի­սացաւ։ Մինչդեռ մարդ միւ­սի մի­ջոցաւ ինքզինք կը բնու­թագրէ։ Անոր հետ կ՚ապ­րի սի­րոյ ու ատե­լու­թեան յա­րաբե­րու­թիւնը։ Ու­րի­շին նկատ­մամբ հան­դուրժո­ղակա­նու­թեան, հա­ւատար­մութեան սի­րոյ հա­մազօր է մե­ղադ­րե­լը։ Որուն հիմ­քե­րը կը հաս­նին մարդ արա­րածի գո­յու­թեան փի­լիսո­փայու­թեան մէջ։ Բայց այ­սօր գո­յու­թիւնը պա­հելու բռնու­թեան չհան­դուրժե­լու ապա­գային նա­յելու եղա­նակը այս չէ։ Եթէ այ­սօր տա­կաւին երի­տասարդներ կը զո­հուին պա­տերազմնե­րուն, տա­կաւին չէ չոր­ցած մայ­րե­րու ար­ցունքը, եթէ ժողովուրդներ բար­կութիւ­նով լե­ցուած են իրենց վի­ճակած դժոխ­քի տան­ջանքին, բայց տա­կաւին պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը կը բեռցնէ միայն ու­րի­շին վրայ կամ յոյ­սեր կ՚ակնկա­լեն ու­րի­շէն ու­րեմն սխա­լու­թիւն մը կայ։

Պար­տա­ւոր ենք հե­տեւեալ հար­ցումին պա­տաս­խա­նը գտնե­լու։ Այսքան տա­րի ետք բռնու­թեան դի­մադ­րե­լու հա­մար մեռ­նիլ կամ մեռցնել է պէտք, է ոչ աւե­լի ըն­դարձակ տե­սադաշ­տով մը մտա­ծել։ Գի­տակ­ցիլ թէ խնդի­րը մեռ­նե­լէ աւե­լի գո­յու­թիւն ու­նե­նալն է։ Լի­նել թէ չլի­նելու գաղտնի­քը լու­ծե­լը։

Այս հար­ցադրումնե­րու մա­սին մտա­ծած պա­հուն կ՚ու­զեմ Ուի­լեամ Սա­րոյեանի յոյս ներշնչող «Մար­դուս բնազ­դին բա­րիու­թեան» ապա­ւինիլ։ Այո, ընդմիշտ եւ ընդդէմ ամէն բա­նի ապա­ւինիլ բա­րիու­թեան, բայց նկա­տելով, իւ­րացնե­լով իրո­ղու­թիւնը։ Առանց խու­սա­փելու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնե­լէն, արիաբար վառ պա­հել յոյ­սը։ Ինչպէս կ՚ըսէ Հրանդ Տինք. «Միշտ հա­ւատա­լով, ապ­րած դժոխ­քը դրախ­տի վե­րածե­լու ատակ մարդկան գոյութեան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ