Մահ՝ Եավուզ Քըլըչէրի

Հա­մատա­­րած հաս­­տա­­­տում մըն է՝ ու­­սուցչու­­թիւնը նո­­ւիրում պա­­հան­­ջող աս­­պա­­­րէզ է։ Միայն այդ նո­­ւիրու­­մը իւ­­րա­­­ցու­­ցած ու­­սուցիչն է, որ կը հաս­­նի նման ընդհա­­նուր հա­­մակ­­րանքի մը, որուն ար­­ժա­­­նացած էր Կեդ­­րո­­­նակա­­ն եւ Եէշիլգիւղի վարժարաններու նկար­­չութեան բազ­­մա­­­մեայ ու­­սուցիչ Եավուզ Քը­­լըչէր։ Կեդ­­րո­­­նակա­­նէ ներս 30 տա­­րինե­­րու հաս­­նող ու­­սուցչա­­գոր­­ծութեան շրջա­­նին ան յա­­ջողե­­ցաւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր աշա­­կեր­­տի դպչիլ, անոնցմէ գե­­ղարո­­ւես­­տի տա­­ղանդ ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը յայտնա­­բերել եւ ապա ուղղել արուես­­տի ճիւ­­ղե­­­րուն մէջ բարձր ու­­սում ստա­­նալու։ Ոչ միայն աշա­­կեր­­տութեան, այլ պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րու շրջա­­նակին մէջ ալ ապա­­հոված էր մեծ սէր ու յար­­գանք իր ան­­ձին հան­­դէպ։ Այս էր պատ­­ճա­­­ռը, որ անոր վա­­ղաժամ մա­­հը խոր ցնցում պատ­­ճա­­­ռեց վար­­ժա­­­րանի անձնա­­կազ­­մին մօտ անխտիր բո­­լորին։ Մա­­հուան գոյ­­ժը ստա­­նալով կեդ­­րոնական­­ցի­­­ներ փու­­թա­­­ցին իրենց զգա­­ցումնե­­րը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մի­­ջոցաւ։

Տիօրէ­­նու­­հի Սիլ­­վա Գու­­յումճո­­ւեան Մար­­կո­­­սեան բարձր գնա­­հատե­­լով Քը­­լըչէ­­րի մարդկա­­յին եւ յատ­­կա­­­պէս ալ ու­­սուցչա­­կան յատ­­կութիւննե­­րը, նշեց որ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան 30 տա­­րինե­­րուն Եավուզ վար­­ժա­­­պետը միշտ մնա­­ցած է ան­­փո­­­խարի­­նելի։ «Երբ երկրոր­­դա­­­կան բաժ­­նին ուսման ծրագ­­րէն դուրս բե­­րին նկար­­չութիւն առար­­կան, ան այս ան­­գամ ալ իբ­­րեւ արո­­ւես­­տի պատ­­մութեան ու­­սուցիչ շա­­րու­­նա­­­կեց իր առա­­քելու­­թիւնը։

Եավուզ Քը­­լըչէր վեր­­ջերս կը տա­­ռապէր անո­­ղոք հի­­ւան­­դութիւ­­նով, որու հե­­տեւեան­­քով մա­­հացաւ եւ թա­­ղու­­մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Մեծ Կղզիի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ