«Յետաձգելու ենք Ղարաբաղի իրավիճակի բանակցութիւնը»

Ռուսիոյ Դաշնու­թեան Անվտան­գութեան Խոր­հուրդի փոխ խորհրդա­տու Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ ռու­սա­կան մա­մու­լի հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելով անդրա­դար­ձաւ Ղա­րաբա­ղի իրա­վիճա­կին։ Ան նշեց որ կող­մերը այս նիւ­թի շուրջ շատ տար­բեր մեր­ձե­ցումներ ու­նին, նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նէ ներս տա­րակար­ծութիւններ կան։ «Այս պայ­մաննե­րու տակ աւե­լի տե­ղին պի­տի ըլ­լայ խնդրի քննար­կումը յե­տաձ­գել» ըսաւ Մետվետեւ։

Մետ­վե­տեւ Ղա­րաբա­ղեան խնդրի լուծման գոր­ծընթա­ցի մէջ բարձր գնա­հատեց նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թի­նի դե­րակա­տարու­թիւնը։ «Որ­քան որ հե­տեւե­ցայ, սա շատ նուրբ խնդիր մըն էր։ Վլա­տիմիր Վլա­տիմի­րովի­չը պա­տերազ­մող կող­մե­րու հետ բա­նակ­ցե­լու հա­մար եր­կար ժա­մեր վատ­նեց։ Եթէ այդ ջան­քե­րը չըլ­լա­յին բա­խումնե­րը մին­չեւ այ­սօր կրնա­յին շա­րու­նա­կուիլ։ Այդ առու­մով Հա­յաս­տան եւ Ատրպէյ­ճան պէտք է երախ­տա­պարտ ըլ­լան։ Ընդհա­նուր ան­դորր կը տի­րէ եւ ամե­նակա­րեւո­րը մա­հեր չեն գրան­ցո­ւիր եւ զար­գացման առիթ­ներ գո­յացած են»։

Միւս կող­մէ ՄԱԿ-ի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նին եւ Ատրպէյ­ճա­նին կոչ ուղղե­լով պա­հան­ջե­ցին ռազ­մա­գերի­ներու վե­րադար­ձը եւ սպա­նուած զի­նուոր­նե­րու դիակ­նե­րուն իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն յանձնու­մը։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւած է 9 Նո­յեմ­բեր 2020 թո­ւակիր զի­նադա­դարի պայ­մաննե­րը ռազ­մա­գերի­ներու եւ դիակ­նե­րու փո­խան­ցաման մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ