Գերեզմանատան անհետացումը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Անցեալ շա­բաթ ար­դէն գրած էինք Ան­գա­րա­­յի Ուլուս թա­­ղի մէջ Հայ Կա­­թողի­­կէ Գե­­րեզ­­մա­­­նատան վրայ շի­­նու­­թիւն կա­­ռու­­ցե­­­լու մա­­սին։ Այս առ­­թիւ կապ հաս­­տա­­­տեցինք, այդ գե­­րեզ­­մա­­­նի եւ յա­­րակից մա­­տու­­ռի մա­­սին ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ հրա­­տարա­­կած Աւետ Քել­­լէ­­­ճի (Աւե­­տիս Այ­­տը­­­նեան)ի հետ։

Վեր­­ջերս Ան­­գա­­­րայի հայ հա­­մայնքի մա­­սին կը խօ­­սուի Ու­­լուսի գե­­րեզ­­մա­­­նատան նիւ­­թի առնչու­­թեամբ։ Ի՞նչ է այդ հա­­մայնքի պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալը։

Թէեւ Հայ Կա­­թողի­­կէ Գե­­րեզ­­մա­­­նատան մա­­սին առա­­ջին տո­­ւեալ­­նե­­­րը կը հաս­­նին ԺԸ. դա­­րուն, բայց նկա­­տի ու­­նե­­­նալով անոր հնա­­դարեան այլ գե­­րեզ­­մաննե­­րու մօ­­տու­­թիւնը, կա­­րելի է աւե­­լի հին թո­­ւական­­նե­­­րու ալ ակ­­նարկել։ 1717 թո­­ւին ֆրան­­սա­­­ցի բու­­սա­­­գէտ Թուրնէ­­փոր­­թի պատ­­րաստած Ան­­գա­­­րայի յա­­տակագ­­ծի մէջ յստա­­կօրէն կ՚երե­­ւայ գե­­րեզ­­մա­­­նատան տա­­րած­­քը։ Աւե­­լի ուշ թո­­ւական­­նե­­­րուն հա­­յոց միջ­­դա­­­ւանան­­քա­­­յին կռիւ­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը փո­­խան­­ցո­­­ւած է Կա­­թողի­­կէդա­­ւան հա­­յերուն։ Ան շա­­հագոր­­ծո­­­ւած է մին­­չեւ 1935 թո­­ւակա­­նը, երբ կա­­ռու­­ցո­­­ւեցաւ Ճե­­պեճիի ար­­դի գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը։ Եթէ նկա­­տի ու­­նե­­­նանք ԺԸ. դա­­րը Ան­­գա­­­րայի հայ բնակ­­չութիւ­­նը կը կազ­­մէ մօտ 4-5 հա­­զար։ Քա­­ղաքի ապ­­րած սո­վի, հրդեհ­­նե­­­րու, կամ ապստամ­­բութիւննե­­րու պայ­­մաննե­­րուն տակ իսկ հայ բնակ­­չութիւ­­նը աճած է եւ 1914-ին հա­­սած 15 հա­­զարի։ Իսկ 1915-ին քա­­ղաքի հա­­յու­­թեան տա­­րագ­­րումէն ետք Ան­­գա­­­րայի հայ բնակ­­չութիւ­­նը կը բաղ­­կա­­­նայ միայն կա­­թողի­­կէ հա­­յերէ, որոնց թի­­ւը կը հա­­շուո­­ւի 2 հա­­զարի շուրջ։ 1919-ի զի­­նադա­­դարէն ետք, երբ կ՚ար­­տօ­­­նուի հա­­յոց ետ­­դարձին, շրջա­­նի այլ քա­­ղաք­­նե­­­րէն կամ աւան­­նե­­­րէն եկող­­նե­­­րով հա­­յու­­թիւնը կը հաս­­նի իր պատ­­մութեան ամե­­նաբարձր բնակ­­չութեան։ Սա­­կայն 1923-էն սկսեալ բնակ­­չութիւ­­նը դար­­ձեալ կը նօս­­րա­­­նայ եւ 1930-ական­­նե­­­րուն կը հաս­­նի մին­­չեւ 300-ի։

Իսկ ին­­չե՞ր կը պատ­­մէք մա­­տու­­ռի մա­­սին։

Պատ­­մութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու առու­­մով Ան­­գա­­­րան բա­­ւակա­­նին դժուար քա­­ղաք մըն է։1916-ի հրդե­­հին քա­­ղաքի 1/3-ը կը փճա­­նայ եւ այդ հա­­տուա­­ծին մէջ է նաեւ քրիս­­տո­­­նեանե­­րու թա­­ղամա­­սը։ Այ­­րած կա­­ռոյցնե­­րուն մէջ կը յի­­շուի եօթը հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցի­­ներ։ Իսկ հրդե­­հի աղէ­­տէն ազա­­տած են պատ­­մա­­­կան բեր­­դի մէջ գտնո­­ւող Սուրբ Խաչ Եկե­­ղեցին, Էթլի­­քի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Վան­­քը եւ Հայ Կա­­թողի­­կէ Գե­­րեզ­­մա­­­նատան մա­­տու­­ռը։

Նշենք որ առա­­ջին եր­­կու տա­­ճար­­նե­­­րը կը պատ­­կա­­­նէին Հայ Առա­­քելա­­կան հա­­մայնքին։ Իսկ գե­­րեզ­­մա­­­նատան մա­­տու­­ռը, որ նա­­խատե­­սուած էր միայն թա­­ղումնե­­րու եւ յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւննե­­րու հա­­մար հետզհե­­տէ դար­­ձած է քա­­ղաքի միակ գոր­­ծօն եկե­­ղեցին։ Այդ առու­­մով ամ­­բողջ հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին մա­­տու­­ռը քա­­ղաքի բո­­լոր քրիս­­տո­­­նեանե­­րու հա­­մար միակ աղօ­­թատե­­ղին էր։ Ար­­դա­­­րեւ իմ խօ­­սած տա­­րեց ան­­գա­­­րացի­­ներու յի­­շողու­­թեան մէջ կը մնայ մա­­տու­­ռը եւ անոր տե­­ղացի վեր­­ջին հո­­գեւո­­րակա­­նը Թոր­­պա­­­ճըեան։ Նաեւ նշեմ որ մա­տու­ռը Ան­գա­րայի հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի վեր­ջին առաջ­նորդա­րանն էր։

Ձեր յօ­դուա­ծին մէջ ալ կը նշէք, Հայր Կղմես Թոր­պա­ճըեանի անու­նը։ Իր մա­սին ին­չե՞ր կրնա՞ք պատ­մել։

Թոր­պա­ճըեանի որ­պէս եպիս­կո­պոսի փո­խանորդ պաշ­տօ­նավա­րած 1923-1933 թո­ւական­նե­րու զու­գա­դիպող 10 տա­րինե­րը անկման տա­րիներ ըլ­լա­լով կը յի­շուին։ Հե­տեւա­բար զուրկ են ար­մա­տական որո­շումնե­րէ։ Այդ ժա­մանա­կահա­տուա­ծի Թոր­պա­ճըեան, թէ հա­մայնքի հո­գեւոր ծա­ռայու­թիւննե­րը կը կա­տարէր եւ թէ կը ստանձնէր Պոլ­սոյ ՀայԿա­թողի­կէ Պատրիարքարանի Ան­գա­րայի խորհրդա­րանի հետ ու­նե­ցած թղթա­բանա­կան գոր­ծե­րը։ Կը կազ­մա­կեր­պէր դէ­պի Իս­թանպուլ կամ Եւ­րո­պա գաղ­թե­լու ձեռ­նարկող հա­մայնքի ան­դամնե­րուն ճամ­բորդու­թիւնը եւ հա­սած տե­ղերուն կարգ մը թղթա­բանու­թիւննե­րը։ Իր բնա­կարա­նի մէկ սե­նեակը յատ­կա­ցու­ցած էր հա­մայնքի երա­խանե­րուն հա­յերէն դա­սաւան­դե­լու աշ­խա­տան­քին։ Ընդհա­նուր առ­մամբ նա­հան­ջի այդ պայ­մաննե­րուն տակ Թոր­պա­ճըեան յա­ջողած է իր հօ­տը մէկ­տե­ղել եւ պաշտպա­նել մա­տուռն ու գե­րեզ­մա­նը։ Նաեւ աւելցնեմ թէ գե­րեզ­մա­նը պաշ­տօ­նապէս Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքին պատ­կա­նելով հան­դէպ 1916 թո­ւակա­նէն սկսեալ հոն կը հանգչին քա­ղաքի Լա­թին Կա­թողի­կէ, Յոյն Ուղղա­փառ եւ Հայ Առա­քելա­կան հա­մայնքնե­րէն ննջե­ցեալ­ներ։ Բա­ցի այդ Էսքի­շեհի­րի եւ Պի­լեճի­քի փոք­րա­թիւ հա­մայնքներն ալ իրենց ննջե­ցեալ­նե­րը թա­ղեցին այս գե­րեզ­մա­նատու­նը։ Իմ հաս­տա­տումնե­րով 4 Նո­յեմ­բեր 1916 եւ 4 Յու­լիս 1933 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ հոն թա­ղուած են 530 ննջե­ցեալ­ներ, որոնց կար­գին է նաեւ քա­ղաքի վեր­ջին հո­գեւո­րական­նե­րէն Հայր Կա­րապետ Գա­սապեան։

Գե­րեզ­մա­նատան փլու­զումը հա­մայնքին ալ նօս­րա­նալուն պատ­ճառ դար­ձա՞ծ է։

Գե­րեզ­մա­նը եւ մա­տու­ռը Ան­գա­րայի հայ հա­մայնքի վեր­ջին հա­սարա­կապատ­կան կա­ռոյցն էր։ Հա­մայնքը իր մշա­կոյ­թին հետ այդ կա­ռոյ­ցին մի­ջոցաւ է որ կը շփո­ւէր։ Այդ կա­ռոյ­ցին վե­րացու­մէն ետք, թէեւ շրջա­կայ տա­րածքնե­րէն եկող­ներ ալ ըլ­լան ար­դէն ոչ հա­յախօս հա­մայնքը օրըս­տօ­րէ կը կորսնցնէ իր մշա­կու­թա­յին աւան­դութիւննե­րը։

Գե­րեզ­մա­նատան հա­մալի­րի ոչնչա­ցու­մը տա­րինե­րու շա­րու­նա­կու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ։ Տա­կաւին Թոր­պա­ճըեանի կեն­դա­նու­թեան օրօք 6750 մ² հա­շուող տա­րած­քի հա­րաւա­յին հա­տուա­ծը գրա­ւած է ու հոն կա­ռու­ցո­ւեցաւ առեւ­տուրի երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան մը։ Թոր­պա­ճըեանի մա­հէն ետք նոր հո­գեւ­րա­կան մը չնշա­նակո­ւելով հա­մայքնը սկսաւ յա­ճախել ֆրան­սա­կան Սուրբ Թե­րեսա Եկե­ղեցին։ 1935-ին Ճե­պեճիի ար­դի գե­րեզ­մա­նատան բա­ցու­մէն ետք գե­րեզ­մա­նը եւ մա­տու­ռը ամ­բողջո­վին լքո­ւած եղան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ