Յիշելով «Մամոսթէ Սարգիս»ը


28Մարտը մահուան թուականն է «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վաս­տա­կաւոր խմբագիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի։ Ակօ­սական­նե­րու կո­չու­մով Պա­րոն Սար­գիս հիմ­նադրու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ իր կեան­քի աւար­տը օրի­նակե­լի կեր­պով վա­րեց իրեն վստա­հուած խիստ պա­տաս­խա­նատու պաշ­տօ­նը եւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րը վե­րածեց բո­լորո­վին ան­կախ հար­թա­կի մը, որուն վրայ լայն տեղ կը տրո­ւէր հայ ազ­գագրա­կան զա­նազան երե­ւոյթնե­րուն։ Ոչնչաց­ման դա­տապար­տո­ւած արեւմտա­հայու­թեան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը դար­ձեալ Սե­րով­բեանի ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին էր։ Ան նաեւ պատ­մա­գէտ շրջիկ մը քայլ առ քայլ այ­ցե­լած էր Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­ներ, որու ըն­թացքին մշա­կած էր նաեւ ան­հա­մար բա­րեկա­մու­թիւններ մա­նաւանդ ալ պայ­մաննե­րու բեր­մամբ կրօ­նափոխ եղած, բայց իրենց ար­մատնե­րու հան­դէպ հա­ւատար­մութիւն ցու­ցա­բերած հա­յերու հետ։

Սե­րով­բեանի խմբագ­րա­կան կամ պատ­մա­բանի գոր­ծունէու­թիւնը ու­նէր մաս­նա­գիտա­կան որակ, որ ապա­հովո­ւած էր ամ­բողջո­վին ինքնուս ջան­քե­րով։ Ան օգ­տուելով իրեն աւան­դո­ւած գի­տելիք­նե­րու պա­շարէն, մե­րօրեայ վկա­յու­թիւննե­րը բե­րաւ ան­ցեալի գի­տելիք­նե­րուն վրայ։

Կրնանք սրտա­բաց կեր­պով խոս­տո­վանիլ թէ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վրայ զգա­լի է իր բա­ցակա­յու­թեան հե­տեւանքնե­րը, քա­նի որ դիւ­րին չէ նո­ւիրու­մով ար­տադրող գրիչի մը հե­տաքրքրու­թեան դաշ­տը լիիրաւ կեր­պով փո­խարի­նել։

Այս գի­տակ­ցութեամբ իր մա­հուան տա­րելի­ցի առ­թիւ սէր ու յար­գանքով նաեւ երախ­տա­պար­տութեամբ կը վեր­յի­շենք սի­րելի Պա­րոնը, Սար­գիս աղ­բա­րիկը եւ նաեւ գա­ւառի իր բա­րեկամ­նե­րու կո­չու­մով Մա­մոս­թէ Սար­գի­սը՝ Սար­գիս Սե­րով­բեանը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ