Համեմատական բարելաւում Հայաստանի մէջ

Հայաս­տա­նի Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը հի­կիենա­յին անվտան­գութեան կա­նոն­նե­րու մէջ փո­փոխու­թիւններ նա­խատե­սած է։

ՀՀ Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը կը յայտնէ թէ, Յու­նի­սի 1-էն սկսեալ բաց տա­րածքնե­րուն դի­մակ կրե­լը այ­լեւս պար­տա­դիր չըլ­լար։ Իսկ պա­տուաս­տո­ւած քա­ղաքա­ցինե­րու հա­մար փակ տա­րածքնե­րուն դի­մակ կրե­լը պար­տա­դիր չըլ­լար Յու­լի­սի 1-էն սկսեալ։

Պա­տուաս­տո­ւած կը հա­մարո­ւին, այն քա­ղաքա­ցինե­րը, որոնք ստա­ցած են պա­տուաս­տա­նիւ­թի 2 դե­ղաչափ, գրան­ցո­ւած են «Armed E-Health» հա­մակար­գի մէջ եւ ու­նին QR քոտ։

Հա­յաս­տան մէջ քո­րոնա­վիրու­սի դէմ պա­տուաս­տումը կ՚իրա­կանա­ցուի 3 պա­տուաս­տա­նիւ­թով «Սպուտնիկ-5», «Աստրա­Զենե­կա» եւ «Կո­րոնա­վակ»։ «Աստրա­Զենե­կա»ով եւ «Կո­րոնա­վակ»ով պա­տուաս­տումնե­րը կրնան իրա­կանա­ցուիլ 18 եւ բարձր տա­րիքի ան­ձանց, ըստ դի­մելիու­թեան, կա­մաւո­րու­թեան սկզբունքով։ Իսկ «Սպուտնիկ-5»ով պա­տուաս­տումնե­րը նա­խատե­սուած են 18 տա­րեկա­նէն բարձր քրո­նիկ հի­ւանդնե­րու, 18-54 տա­րեկան բու­ժաշխա­տող­նե­րու, սո­ցիալա­կան խնամ­քի կեդ­րոննե­րու բնա­կիչ­նե­րու եւ աշ­խա­տակից­նե­րու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ