Սետաթ Փեքեր կը վարկազրկէ իշխանութիւնը

2Մա­յիս 2021-ին Թուրքիոյ յան­­ցա­­­գործ շրջա­­նակ­­նե­­­րու կա­­րեւոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րէն Սե­­տաթ Փե­­քեր առա­­ջին ան­­գամ «Եու­­թուպ»ի մի­­ջոցաւ հրա­­պարա­­կեց տե­­սաերիզ մը, որ մեծ ցնցում յա­­ռաջա­­ցուց Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գի վրայ։

Սե­­տաթ Փե­­քերի անու­­նը նա­­խապէս կը յի­­շուէր նա­­խագա­­հ Էր­­տո­­­ղանի եւ անոր կու­­սակցու­­թեան ի նպաստ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով։ Ան նոյ­­նիսկ հան­­րա­­­հաւաք­­ներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պէր, որոնց ըն­­թացքին շատ լուրջ սպառ­­նա­­­լիք­­ներ կը տե­­ղաց­­նէր իշ­­խող կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­մար ան­­հա­­­ճոյ թո­­ւացող բո­­լոր շրջա­­նակ­­նե­­­րու հաս­­ցէին։ Կը յանդգնէր կա­­ռավա­­րու­­թեան որո­­շումնե­­րուն դէմ յայտնո­­ւած ակա­­դէմա­­կան­­նե­­­րու եւ ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու ղե­­կավար­­նե­­­րուն արիւ­­նը հե­­ղելու նման ծանր խոս­­տումնե­­րու։

Թուրքիոյ ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան հա­­մակար­­գը այդ ելոյթնե­­րը կը դի­­տեր իբ­­րեւ խօս­­քի ազա­­տու­­թիւն։

Որ­­քան ալ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան քօ­­ղար­­կել կը ջա­­նայ, գաղտնիք չէ որ իշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէ ներս զա­­նազան խմբա­­ւորումներ իրա­­րու դէմ ծու­­ղակ կը լա­­րեն։ Ար­­դա­­­րեւ Սե­­տաթ Փե­­քերի յայ­­տա­­­րարու­­թիւններն ալ, որոնք իրենց թի­­րախ դար­­ձուցած են, Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լուն, նոյն նա­­խարա­­րու­­թեան նախ­­կին աթո­­ռակալ­­նե­­­րէն Մեհ­­մետ Աղա­­րը եւ նախ­­կին վար­­չա­­­պետ Պի­­նալի Եըլ­­տը­­­րըմի որ­­դին։

Փե­­քեր սե­­րիալի վե­­րածած իր յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ կը նշէ թմրե­­ցու­­ցիչ նիւ­­թե­­­րու մե­­ծաքա­­նակ վա­­ճառքներ, զա­­նազան թո­­ւական­­նե­­­րուն տե­­ղի ու­­նե­­­ցած ոճ­­րա­­­գոր­­ծութիւններ, որոշ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րու կամ լրագ­­րողնե­­րու տրո­­ւած կա­­շառքներ եւ դեռ անօ­­րինու­­թեան բա­­զում օրի­­նակ­­ներ։

Բնա­­կանա­­բար Փե­­քերի մին­­չեւ օրս ու­­թե­­­րոր­­դին հաս­­նող այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը մեծ ու­­շադրու­­թեան կ՚ար­­ժա­­­նանան եւ կը դի­­տուին բազ­­մա­­­միլիոն մարդկանց կող­­մէ։

Ան իր ելոյթնե­­րու ըն­­թացքին ծի­­ծաղով կ՚ըսէ թէ եռո­­տանիի եւ տե­­սախ­­ցի­­­կի մը մի­­ջոցաւ ահ ու սար­­սա­­­փի պի­­տի մատ­­նէ ամ­­բողջ հա­­մակարգ մը։

Որ­­քան ալ իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լը եւ կա­­ռավա­­րու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը ան­­տե­­­սել ձե­­ւաց­­նեն Սե­­տաթ Փե­­քերի վի­­տէոնե­­րը ամ­­բողջո­­վին գրա­­ւած են երկրի քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տը։ Վեր­­ջա­­­պէս Ներ­­քին Գոր­­ծոց նա­­խարաը հար­­կադրո­­ւեցաւ պա­­տաս­­խա­­­նել այս մե­­ղադ­­րանքնե­­րու եւ ըն­­դունեց լրագ­­րողնե­­րուն նիւ­­թի մա­­սին ուղղած հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նել։ Բայց ժո­­ղովուրդը զար­­մա­­­նալով տե­­սաւ թէ ան փո­­խանակ իրեն ուղղո­­ւած հար­­ցումնե­­րը պա­­տաս­­խա­­­նելու նիւ­­թը կը շե­­ղէր եւ կը պատ­­մէր բո­­լորո­­վին կա­­պակ­­ցութիւն չու­­նե­­­ցող այլ խնդիր­­ներ։

Հարցում Հրանդ
Տինքի ոճիրի մասին

Փեքեր ակնարկութիւններուն մէջ կը յիշուէր նաեւ Հրանդ Տինքի ոճիրը, որու մասին Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցում ուղղեց Ներքին Գործոց Նախարարին, պահանջելով յաւելեալ տեղեկութիւններ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ։

Միւս կողմէ հասարակութեան քննադատութիւնը ուղղուած է նաեւ դատական համակարգին, որ իր կարգին եւս լռութիւն կը պահէ։

Նշենք որ այդ նոյն համակարգը առանց վարանումի դատական հարցաքննութիւն կը կատարէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք «Թուիթըր»եան գրառումով կամ «Դիմատետր»ի ձայնակցութիւնով մը քննադատած կը համարուէին կառավարութիւնը եւ անոր որոշումները։

Խնդիրը հասաւ այն աստիճանին, ուր ընդդիմադիր Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորներէն մէկը նոյնիսկ մամուլի էջերէն ծանուցում տալով փորձեց պարտականութեանը գիտակից դատախազ փնտռել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ