Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուղերձը

Արցախի Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Ար­տակ Պեք­լա­րեան երա­խանե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան օրո­ւայ առ­թիւ դի­մած է մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան, երա­խանե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեամբ զբա­ղուող կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն՝ կանգնե­լու Ար­ցա­խի երա­խանե­րու կող­քին եւ պաշտպա­նելու անոնց իրա­ւունքնե­րը։ Ու­ղերձին մաս­նա­ւորա­պէս ըսո­ւած է.

«Երե­խանե­րու իրա­ւունքնե­րը պէտք է պաշտպա­նուած ըլ­լան ամէ­նուր, ան­կախ ան­կէ, թէ անոնք որ­տեղ կ՚ապ­րին՝ աշ­խարհի որ ան­կիւնը։ Երա­խանե­րը ու­նին մեր պաշտպա­նու­թեան կա­րիքը եւ մենք ուղղա­կի իրա­ւունք չու­նինք ան­տարբեր ըլ­լա­լու անոնց ան­հոգ ու բա­րեկե­ցիկ ման­կութեան նկատ­մամբ։

2020 թո­ւակա­նի Սեպ­տեմբե­րին Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տերազ­մը իր բա­ցասա­կան հե­տեւանքնե­րը թո­ղած է Ար­ցա­խի երա­խանե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան վրայ։ 1 երա­խայ զո­հուած է, 9-ը՝ վի­րաւո­րուած Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի քա­ղաքա­ցիական բնա­կավայ­րե­րու թի­րախա­յին եւ ոչ տար­բե­րակո­ւած յար­ձա­կումնե­րու հե­տեւան­քով։

Ար­ցա­խի երա­խանե­րը ստի­պուած էին անցնիլ պա­տերազ­մի դա­ժանու­թիւննե­րու մի­ջով՝ ապ­րե­լով ապաս­տա­րան­նե­րը մշտա­կան ռմբա­կոծու­թիւննե­րու տակ՝ զրկո­ւելով իրենց ըն­տա­նիք­նե­րու հետ բնա­կանոն ապ­րե­լու իրա­ւունքէն։ Հա­րիւ­րա­ւոր­նե­րը կորցրած են իրենց հա­րազատ­նե­րուն՝ հայ­րե­րուն, եղ­բայրնե­րուն եւ պա­պիկ­նե­րուն, եւ այ­սօր ալ կ՚առե­րեսո­ւին կո­րուստի հո­գեբա­նական հե­տեւանքնե­րուն։

Պա­տերազ­մի հե­տեւան­քով աւե­լի քան 10000 երե­խա տե­ղահա­նուած է իր բնա­կավայ­րե­րէն. խախ­տոած է անոնց՝ ֆի­զիկա­կան, մտա­ւոր եւ հո­գեւոր լիար­ժէք զար­գացման հա­մար անհրա­ժեշտ կեն­սա­պայ­մաննե­րու իրա­ւունքը։

Պա­տերազ­մի ողջ ըն­թացքին Ար­ցա­խի երա­խանե­րը զրկո­ւած էին կրթա­կան իրա­ւունքէն, այ­սօր ալ 8000-է աւե­լի երա­խաներ կրթու­թիւն կը ստա­նան իրենց հա­րազատ մի­ջավայ­րէն դուրս՝ բա­խուե­լով մի­ջավայ­րին հա­մակեր­պե­լու հետ կա­պուած հո­գեբա­նական խնդիր­նե­րու։

Ասոնք Ար­ցա­խի երա­խանե­րու իրա­ւունքնե­րու խախտման ըն­դա­մէնը մի քա­նի օրի­նակ­ներ են, որոնք վե­րաց­նե­լու հա­մար Ար­ցա­խը մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան եւ մաս­նա­ւորա­պէս երա­խանե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեամբ շա­հագրգիռ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու աջակ­ցութեան կա­րիքը ու­նի։

Երա­խանե­րու պաշտպա­նու­թեան օրը կը շնար­հա­ւորեմ եմ աշ­խարհի բո­լոր երա­խանե­րուն եւ որ­պէս Ար­ցա­խի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան յոյս կը յայտնեմ, որ այս կո­չը տեղ կը հաս­նի եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րութիւ­նը կը կանգնի Ար­ցա­խի երա­խանե­րու կող­քին՝ պաշտպա­նելու անոնց իրա­ւունքնե­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ