Միջոցառում հինգ հայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ

«Եւրա­սիա» գե­ղարո­ւես­տի կեդ­րո­նը 1-4 Յու­նիս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ կը կազ­մա­կեր­պէ ժա­մանա­կակից գե­ղան­կարչու­թեան տօ­նավա­ճառ մը։ «ART CONTACT ISTANBUL» ընդհա­նուր խո­րագ­րին տակ ներ­կա­յացո­ւած բազ­մա­թիւ նմուշնե­րու մէջ իրենց գոր­ծե­րով կը ներ­կա­յանան հինգ հայ գե­ղան­կա­րիչ­ներ՝ երե­քը Հա­յաս­տա­նէն եւ եր­կուքը Թուրքիայէն։

Ան­ցեալին ար­դէն Թուրքիոյ մէջ իրենց ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէսնե­րով ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած անու­ներ են Արծրուն Ապ­րե­սեանը, Աշոտ Եանը եւ Դա­ւիթ Դա­ւիթեանը։

Մի­ջոցառ­ման կը մաս­նակցին նաեւ թուրքիացի եր­կու նկարչուհիներ՝ Իտա Գահ­րա­ման եր­կու եւ Մա­րի Կի­զել­լա Քա­ւաք չորս գոր­ծե­րով։

Այս մա­սին տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ մեր բա­րեկամ արո­ւես­տա­բան Պայ­քար Տե­միր, որուն ջան­քե­րով կա­յացա­ծ էին Արծրուն Ապ­րե­սեանի, Աշոտ Եանի եւ Դա­ւիթ Դա­ւիթեանի ցու­ցա­հան­դէսնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ