31 Մայիսին կայացած Նախարարներու ժողովէն ետք Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ Քորոնա Ժահրի համավարակի հետ պայմանաւորուած սահմանափակումներու աստիճանաբար մեղմացման կանոններու մասին։
Նշենք թէ յատկապէս սրճարաններ եւ ճաշարաններ մեծ յուզումով կը սպասէին սահմանափակումներու եթէ ոչ ամբողջովին վերացման, բայց գոնէ որոշ չափով ազատութեան մասին լուրերը։ Սակայն շուտով պարզուեցաւ որ կանխամիջոցներու թուլացումը հեռու է այդ զանգուածի ակնկալութիւնները գոհացնելէ։ Տրուած ըլլալով որ ճաշարանները արտօնուած են մինչեւ ժամը 21 յաճախորդ ընդունելու եւ այդ ժամէն ետք ալ միայն պատուէրներու առաքումը կատարելու։ Այս սահմանափակումով յայտնի կը դառնայ թէ կառավարութիւնը համավարակը առիթի մը կը վերածէ ալքոլային խմիչքներու օգտագործման դէմ։
Կրօնամէտ գաղափարախօսութեան իշխանութեան գալով հասարակութեան մէջ տիրած էր, այն մտավախութիւնը թէ սոյն կառավարութիւնը ժողովուրդի կենցաղը պիտի ձեւաւորէ կրօնական թելադրանքներու հիման վրայ։ Այդ ժամանակ Էրտողան խստիւ մերժած էր նման մտահոգութիւնը յայտնելով թէ բացարձակ նպատակ չունին մարդկանց ապրելաոճին միջամտելու առումով։ Սակայն օրըստօրէ կը յայտնուի այդ հաւանականութեան իրաւացիութիւնը, քանի որ Էրտողանի կառավարութիւնը արդէն անհամեմատ բարձր հարկերով գրեթէ անհասանելի դարձած ալքոլային խմիչքներու սպառումը ալ աւելի նուազացնելու համար իբրեւ պատրուակ կը շահագործէ համավարակը։
Միւս կողմէ մշակութային նախաձեռնութիւններն ալ կը շարունակեն արգիլուած մնալ, քանի որ այս վերջին թոյլտուութիւններու շարքին մէջ չեն նշուած թատրոնի կամ շարժանկարի սրահները։ Իսկ թոյլտուութիւններու ցանկին մէջ կը տեսնենք շաբաթ եւ կիրակի օրերու փողոց ելլելու արգելքին մասամբ վերացումը եւ այսուհետեւ շաբաթ օրերը հասարակութիւնը ազատ պիտի ըլլայ մինչեւ ժամը 22.00 շրջագայելու։
Վերացած են նաեւ տարիքի հետ պայմանաւորուած սահմանափակումները։ Այսքանը անգամ որոշ ուրախութիւն պատճառեց սրճարաններու եւ առանց խմիչքի ճաշարաններու գործատէրերուն։ Այս մասին Պատրիարքարանն ալ իր կարգին հրապարակեց եկեղեցական արարողութիւններու մասին շրջաբերական մը, որուն մանրամասնութիւնները ներկայացուած է թերթիս էջերուն վրայ։
Նոյն օր Կրթութեան Նախարարն ալ յայտարարեց թէ գիւղերու մէջ դպրոցները կ՚անցնին ուսման եղանակին։ Իսկ քաղաքներու մէջ նոյն դրութիւնը կը կատարուի շաբթուն երկու օրերը միայն։
Թուրքիոյ զբօսաշրջական շուկան եւս մեծ յոյսեր կապած էր յատկապէս օտար երկիրներէ գալիք զբօսաշրջիկներու նկատմամբ։ Սակայն Ռուսիոյ Դաշնութեան դէպի Թուրքիա չուերթներու արգելքը մինչեւ 21 Յունիս երկարաձգելով պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեց այդ բնագաւառէն ներս։ Ռուսաստան չուերթներու արգելափակումը կը շարունակէ միայն երկու երկիրներու, որոնք են Թանզանիա եւ Թուրքիա։