Վանքի վերջին մնացորդացն ալ վտանգուած

ԻՀԱ լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան Ար­մա­շի Վա­նական հա­մալի­րի մա­սին հա­ղոր­դած տե­ղեկու­թիւնը պատ­ճառ դար­ձաւ դիւ­րի­մացու­թիւննե­րու։

Նի­քոմի­տիոյ եր­բեմնի վա­նական հա­մալի­րը 1860-ական տա­րեթի­ւերէն սկսեալ ու­նե­ցաւ շատ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն մը, իր կազ­մին մէջ ու­նե­նալով արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի միակ հո­գեւոր ճե­մարա­նը։ Ար­դա­րեւ Ար­մա­շու Դպրե­վան­քի հունձքը եր­կար տա­րիներ իր դրոշ­մը բե­րաւ հայ հո­գեւոր ապ­րումնե­րուն։ Գոր­ծա­կալու­թեան լրա­տուու­թեան հիմք հան­դի­սացո­ղը ոչ թէ վան­քը կամ եր­բեմնի Դպրե­վանքն, այլ անոնցմէ մեր օրե­րուն հա­սած միակ նմոյ­շը՝ Ար­մա­շու Դպրե­վան­քի տպա­րանը։

Վան­քը աւե­րուած էր 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք եւ իր տե­ղը կա­ռու­ցո­ւած էր դպրո­ցի նոր շէնք մը։ Այդ շէնքն ալ վնա­սուե­ցաւ Նի­քոմի­տիոյի երկրա­շար­ժի ըն­թացքին եւ ապա նոյն տե­ղը կա­ռու­ցո­ւեցաւ նոր դպրո­ցի շէնք մը։

Այդ ըն­թացքի մէջ տպա­րանի տա­րած­քը ան­տէ­րու­թեան մատ­նո­ւած էր եւ ամ­բողջո­վին աղ­բա­կոյ­տի մը վե­րածո­ւած։ Ան­ցեալին Ար­մա­շը իբ­րեւ բնա­կավայր ու­նէր 1505 բնա­կիչ։ Սա­կայն եկե­ղեց­ւոյ տօ­նակա­տարու­թեան օրե­րուն կը հիւ­րընկա­լուէր մին­չեւ 15 հա­զարի հաս­նող ուխտա­ւոր­ներ։

Վա­նական հա­մալի­րի ան­ցեալը կը հաս­նի 1611 թո­ւակա­նին, իսկ նոր տա­ճարի եւ դպրե­վան­քի շի­նու­թիւնը աւար­տած է Ար­մա­շու Ար­քե­պիս­կո­պոս Ալեք­սա­նեանի օրով 1872-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ