Սեբաստահայոց աւանդական ապրումները

Գրաւոր աղբիւրներու համաձայն Սեբաստիոյ մէջ արդի դպրոցական կեանքը 1830-ական տարեթիւերուն սկսած է 4 վարժարաններով։ 1915-ի շէմին Սեբաստիա ունէր 120 դպրոցներ, որոնց կը յաճախէին 10,998 աշակերտներ։


ՇՈՒՇԱՆ ԵՆԻՃԷ

Իր ընդարձակ տարածքով եւ պատմական անցեալով կարեւոր քաղաք մը եղած է Սեբաստիան։ Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ գաղթեր ապրելով հանդերձ հոն հայկական գոյութիւնը թէ քաղաքի կեդրոնին եւ թէ շրջակայ գաւառներուն մէջ մինչեւ օրս կը շարունակուի։

1915-էն ետք քաղաքի հայութիւնը կը բնակէր Աքտեղիրմէն եւ Պեզիրճի թաղերուն, երկյարկանի քարուկիր բնակարաններու մէջ, որոնց մուտքը բակէն էր։ Ափսոս որ այդ տուներէն հազիւ մի քանի հատը հասած են մեր օրերուն։ Այդ տուները հայերէ գրաւեցին եւ տրամադրեցին գաղթական թուրքերուն։ 5 կամ 6 տարեկան էի, կը յիշեմ մօրս մեծզմօր Թաւրայի իրենց երբեմնի տան տեղը ցոյց տալով «մեր տունը հոս էր, այս ծառերէն ոմանք մեծ հայրս, ոմանք ալ հայրս տնկած են» ըսելով արտասուելը։ Ուրեմն մերոնց տուներն ալ յափշտակած էին։ Բարեբախտաբար ջաղացպան ըլլալու շնորհիւ իմ նախնիները ազատուեցան սպանդէ եւ աքսորէ։ Մենք շարունակեցինք մնալ քաղաքի կեդրոնը։ Սեբաստահայերը բացի ջաղացպանութենէ, կը՛զբաղէին դարբինութեան, դերձակութեան, ոսկերչութեան, պղնձագործութեան, կլայագործութեան, ատաղձագործութեան նման զանազան արհեստներով։ Բացառութիւն էր կրօնափոխութեան երեւոյթները։ Բոլորս կը կանչուէինք հայկական անուններով։ Միայն ազգանուններն էին որ, ինչպէս բովանդակ երկրի տարածքին փոխուած էր ու վերածուած թրքերէնի։

Գրաւոր աղբիւրներու համաձայն Սեբաստիոյ մէջ արդի դպրոցական կեանքը 1830-ական տարեթիւերուն սկսած է 4 վարժարաններով։ 1915-ի շէմին Սեբաստիա ունէր 120 դպրոցներ, որոնց կը յաճախէին 10,998 աշակերտներ։ Մեր աւագ սերունդները օգտուեցան այդ դպրոցներու ուսուցումէն, որու շնորհիւ գրաճանաչ էին հայերէն տառերուն։ Անձամբ հօրս ցուցմունքներով ճանչցած եմ հայերէն տառերը։ Մանկապարտէզի համար պատրաստուած այբբենարան մըն էր իմ առաջին գիրքը, որուն մէջ տառերը կը ծանօթացուէին ոչ թէ ձեռագիրով, այլ անկիւնաւոր տպագիրով։ Հազիւ համալսարան յաճախած տարիներոս կրցայ զանազանել տպագիրն ու ձեռագիրը։ Իսկ հայախօսութիւնը երբեք չէր դադրած մեր տան մէջ։ Ընդհակառակ՝ մեր տարեցները կը դժուարանային թրքերէնով արտայայտուելու։ Մեծ մայրիկս քիչ մըն ալ հպարտանալով կ՛ըսէր թէ «Իսլամերէն չի գիտեր»։ Ես ու եղբայրս Փայէլ հազիւ դպրոցի նստարաններուն վրայ ծանօթացանք թրքերէն լեզուին։

Սեբաստիան կարեւոր նշանակութիւն ունի հայոց պատմութեան մէջ։ Նմանապէս սեբաստահայերն ալ սիրտով ու հոգիով կապուած են իրենց քաղաքին։ Յայտնի արծաթագործ հայրս Մանուկ Կիւլլիւտերէ նոյնպէս Սեբաստիոյ սիրահար մըն էր։ Մայրը՝ որ տարիներ առաջ հաստատուած էր Մարսէյլ իզուր ջանաց իր որդին ալ քովը առնելու։ Եղբայրս Փայել ու ես ալ համալսարանական ուսում ստանալու համար Իսթանպուլ եկած եւ չէինք վերադարձած։ Մեր կանչերն ալ ապարդիւն մնացին։ Նոյնիսկ 4 Սեպտեմբեր 1978-ին Սեբաստիոյ մէջ ալեւիներու ու թուրքերու միջեւ տեղի ունեցած ազգամիջեան կռիւներու ժամանակ իր խանութն ալ վնասուած էր եւ ինք մազապուրծ փրկուած։ Բայց ան նորէն անդրդուելի մնացած էր «Իմ հայրենիքս հոս է։ Մօրս եւ հօրս շիրիմները հոս են։ Ես ալ հոս ապրեցայ, հոս պիտի մեռնիմ» ըսելով։

Հայրս եւ իր գործընկերը քեռիս Սեբաստիոյ մէջ սաւատի դրութեամբ գործող վերջին արծաթագործներն էին։ Ի վերջոյ, երբ խանութը պետականացուեցաւ, ակամայ լքեց քաղաքը եւ եկաւ հաստատուեցաւ Իսթանպուլ։ Եկած ատեն իր նախնիներու գերեզմանէն բուռ մը հող բերած էր իր հետ։ Երբ 1 Յունուար 1997-ին մահացաւ կատարեցինք իր կտակը եւ Սեբաստոյ հողով ու մատըմաքով թաղեցինք զինք։

Մայրս վկայեալ դերձակ մըն էր ու մեծ համբաւ ունէր Սեբաստիոյ մէջ։ Իրականութեան մէջ դերձակութիւնը մօրենական կողմիս համար ընտանեկան աւանդութիւն մըն է։ Մեծ մայրս ալ դերձակ էր, նաեւ քեռիս։ Քաղաքի բարձրաստիճ պաշտօնեաներու կանայք հագուստ կարուելու համար կը դիմէին մօրս։ Մեծ մեծ մայրս ալ նմանապէս ազնուականներու համար պատմուճաններ կը կարէ եղեր։ Մայրս ալ 1 Մայիս 2011-ին վերջնականապէս հրաժեշտ առաւ մեզմէ։

Սեբաստիոյ մէջ գործօն եկեղեցի մը չունէինք։ Ոչ ալ մնայուն հոգեւորական մը։ Մերթ ընդ մերթ Կեսարիոյ քահանան կ՚այցելէր Սեբաստիա եւ այդ այցելութիւններու ընթացքին կը կատարէր նորածիններու մկրտութիւնը կամ նոր ամուսնացածներու պսակադրութիւնը։ Թէեւ չունէինք մնայուն քահանայ, բայց ունէինք ցեղասպանութէ վերապրած սարկաւագներ, որոնք Սուրբ Գրային ընթերցումներ կը կատարէին տօնական օրերուն։ Երբ կը յիշեմ Սեբաստիոյ ապրումները, աչքերուս առջեւ կը պատկերանայ տեսարան մը, ուր թաղի կանայք յատկապէս շաբաթ օրերը կը մէկտեղուէին միասնաբար աղօթելու համար։ Ունէինք ուխտատեղիներ, որոնցմէ կարեւորագոյնն էր «Հույքեսեն»ը, որուն յիշատակման օրն էր Վարդավառի տօնը։ Իսկ Քառասուն Մանուկի տօնը յատուկ նշանակութիւն ունէր մեր ընտանիքէն ներս, քանի որ այդ օր կը տօնէինք նաեւ հօրս անունը։

Սեբաստիա անցեալին ունեցած էր հարիւրաւոր եկեղեցիներ։ Իսկ մեր ժամանակներուն անոնցմէ մէկը իսկ չէր մնացած կանգուն։ Հետեւաբար տօնական արարողութիւնները տուներուն մէջ կը կատարուէին։ Տօնական օրը բացի իր Սուրբ գրային նշանակութենէն յատուկ իմաստ կ՚ունենար նաեւ կեր ու խումի առումով։ Չէ որ հայոց համար սեղանը նոյնպէս սրբազան է եւ կը խորհրդանշէ ընտանեկան միասնութիւնը։ Արդարեւ ամէն տօնական օր ունէր իրեն յատուկ ճաշատեսակ։ Բայց սեբաստացիի համար այդ բոլորին մէջ եզակի էր մսատու անասուններու ոտքերով սարգուած ապուրը։ Տօնական խոհանոցի յատկութիւններէն մէկն ալ դժուար ճաշերու պատրաստութիւնն է։ Կատարեալ արարողակարգ մըն էր այդ ոտքերու պատրաստութիւնը։ Օրեր առաջունէ պատուէր կը տրուէր եւ օրեր ալ կը տեւէր անոր մաքրութիւնը եւ ապա եփելու գործողութիւնը։

Տօնական օրերու յատկապէս ալ Սուրբ Զատկի նախորդող օրը, որ Խթում կը կոչուէր աւանդաբար այր մարդիկ բաղնիք կ՚երթային։ Բաղնիքը ինքնին զուարճանքի մէկնակէտն էր կարծես։ Կը յարգուէր մի ուրիշ աւանդութիւն եւս։ Այցելութիւն կը տրուէր վերջերս մահացած մէկու մը ընտանիքին։ Ընտանիքի անդամներու այցելութիւնները կը կատարուէին յաջորդ օր։ Կ՚արժէ յիշել որ այդ այցելութիւնները միայն հարազատներով կամ մօտ ազգականներով սահմանուած չէին։ Սեբաստիոյ բոլոր հայերը իրարու այցելութեան կ՚երթային տօնական օրերուն։ Բայց ինչ է պատճառը չեմ կրցած հասկնալ, իգական սեռը չէր մասնակցեր այդ այցելութիւններուն։

Վերեւ նշած էի որ Սեբաստիոյ մէջ ոչ եկեղեցի ունէինք, ոչ ալ հոգեւոր առաջնորդ մը։ Ուրեմն կրօնական սովորութիւնները կը սերտուէին ծնողներու կողմէ։ Ես ալ կը յիշեմ մօրս սորուեցուցած աղօթքը, որ ամէն գիշեր անկողին մտնելուս պիտի մրմջայի «Հայր Մեր»ի հետ միասին։ Հետեւեալն էր այդ աղօթքը։

«Աստուծոյ խաչը բարձիս վրայ,

Սուրբ Աւետարանը բերնիս վրայ,

Յիսուս Հայրիկս, Մարիամ Մայրիկս,

Բարի Հրեշտակները եղբայրս

Ատենին քուն տաք, ատենին ձայն տաք»

Հարսանիքները ունէին իրենց աւանդութիւնները։ Շաբաթներ առաջունէ կը սկսէր պատրաստութիւնները։ Հարսնացուն կը հիւրընկալուէր ազգականներու եւ ընկերներու տուները։ Այդ հիւրամեծարութեան անունը տունտարուկ էր։ Կնքամայրը կը կազմակերպէր հարսնացուի բաղնիքը։ Մերթ 20, մերթ 30 հոգինոց խումբով կ՚երթային բաղնիք եւ ըստ աւանդութեան հարսնացուն կը լուար իւրաքանչիւրին գլուխները։ Ընդհանրապէս շաբաթ գիշերներ կը կատարուէր հարսանիքի արարողութիւնը, որ դարձեալ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ խնճոյքի սեղան։ Խնճոյքի սեղան որ կ՚ըսեմ ճոխ սեղան մը մի պատկերացնէք։ Այդ օր սպասարկութիւնը կը ստանձնէին երիտասարդ տղաք եւ պատրաստո
ւած ուտեստը կը մատուցէին հիւրերուն։ Անշուշտ նման ուրախութիւններուն անբաժան մասնիկներն են նուագածուները։ Անցեալին բոլոր նուագողները հայեր կ՚ըլլային։ Բայց մեր օրօք անոնցմէ միայն լուսահոգի Գրիգոր Էլմաստաղը մնացած էր։ Նաեւ կը յիշեմ դարձեալ ողբացեալ Սեդրակ Ճանճիկը, նոյնպէս ճիւնպիւշ կը նուագէր։

Սեբաստիոյ մէջ կարեւոր տօնակատարութիւններէն մէկն ալ Վարդավառն է։ Վարդավառի առաւօտները դաշտապտոյտի տրամադրութիւնով կ՚այցելէինք Սուրբ Խնդրակատար վանքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Այդ վայրը ժողովուրդի մէջ ծանօթ էր «Հույքեսեն» կոչումով։ Կը հաւատային թէ անբուժելի հիւանդները այդ տեղ հրաշքով բուժում կը գտնեն։ Այդ եկեղեցւոյ աւերակնեու մօտ մատաղներ կը մորթուէր, աղօթքներ կը մատուցուէր եւ երեխէք ուրախ զուարթ խաղերով կը վայելէին տօնական օրը։

Յ.Գ. Այս յօդուածի համար օգտուած եմ նաեւ Ամերիկաբնակ Սեբաստացի Արդին Քորքորի յուշերէն եւ Ռայմոն Գէորգեան ու Փոլ Փապուճեանի «Հայերը» անուն գիրքէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ