Համեմատաբար կը թուլանան կանխազգուշացումները

Նախորդ տա­րուայ Մարտ ամի­սէն սկսե­լով մին­չեւ օրս աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րու վրայ մարդկա­յին ծանր կո­րուստնե­րու պատ­ճառ դար­ձած, նաեւ տնտե­սական ճգնա­ժամե­րու տե­ղի տո­ւած պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը հետզհե­տէ մտած է մար­ման փու­լին։ Թէեւ գիտ­նա­կան­ներ կը զգու­շացնեն հա­ւանա­կան նոր ալիք­նե­րու մա­սին։ Այս ալիք­նե­րու նո­րայայտ տար­բե­րակն է «Տել­թա» կո­չեցեալը, որ այս պա­հուն իսկ Թուրքիոյ մէջ յայտնա­բերո­ւած է վա­րակ­ման 134 դէպ­քեր։ Զա­նազան եր­կիրներ զգա­լիօրէն կը թու­լացնեն կան­խազգու­շացման մի­ջոց­նե­րը։ Այդ շրջա­նակով Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղան ալ 21 Յու­նի­սին կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւնով աւե­տեց թէ 1 Յու­լի­սի դրու­թեամբ վերջ կը գտնեն փո­ղոց ել­լե­լու մա­սին բո­լոր սահ­մա­նափա­կումնե­րը։ Նոյնպէս պար­տա­դիր չըլ­լար բաց տա­րածքնե­րու մէջ դի­մակ կրե­լը։ Հան­րա­յին փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու հա­մար կի­րար­կո­ւող բո­լոր սահ­մա­նափա­կումնե­րը եւս կը վե­րանան 1 Յու­լի­սէն սկսեալ։

Կան­խա­միջոց­նե­րու թու­լացման առու­մով շատ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն է զբօ­սաշրջու­թեան շու­կա­յի մատ­նուած ճգնա­ժամը։ Ար­դա­րեւ այս շաբ­թու մէջ վերսկսած է Ռու­սա­սանէն դէ­պի Թուրքիա զբօ­սաշրջու­թեան հո­սան­քը։

Ինչպէս յա­ճախ այս ան­գամ ալ Էր­տո­ղան իր յայ­տա­րարու­թիւնով պատ­ճառ դար­ձաւ նոր բա­նավէ­ճի մը, երբ անդրա­դար­ձաւ կէս գի­շերէ ետք երաժշտու­թիւն ածե­լու ար­գելքին։ Այդ ար­գելքը ար­դէն նո­րու­թիւն մը չէր եւ տա­րինե­րէ ի վեր բարձր ձայ­նով երաժշտու­թիւնը ար­գի­լուած էր կէս գի­շերէն ուշ ժա­մերուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ