Տպաւորութիւններ ժողովրդավարութեան բանախօսութենէ

ԷՍՐԱ ՉԻՖԹՉԻ

24Յու­­­նի­­­­­­­սին Ենի­­­գաբու Տոք­­­թոր Քա­­­տիր Թոփ­­­պա­­­­­­­շի անո­­­ւան մշա­­­կոյ­­­թի կեդ­­­րո­­­­­­­նին մէջ կա­­­յացաւ ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւն մը, մեծ թի­­­ւով մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ։

Բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցը մեկ­­­նարկած էր ԵՄԻԱ-ի նախ­­­կին դա­­­տաւոր­­­նե­­­­­­­րէն Ռը­­­զա Թիւրմե­­­նի առա­­­ջար­­­կով։ Թիւրմե­­­նի կո­­­չին ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գած էին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւններ եւ մտա­­­ւորա­­­կան­­­ներ։ Բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւնը կը նպա­­­տակադ­­­րէր ազա­­­տութիւննե­­­րու սահմանափակման, գոր­­­ծազրկու­­­թեան եւ աղ­­­քա­­­­­­­տու­­­թեան ան­­­հանդուրժե­­­լի հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւննե­­­րու հա­­­սած երկրի ներ­­­կայ վի­­­ճակին մէջ ճնշո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րուն եւ զրկո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րուն ձայ­­­նը լսե­­­լի դարձնել։ Կ՚առա­­­ջար­­­կո­­­­­­­ւէր ըն­­­կե­­­­­­­րային պա­­­հան­­­ջա­­­­­­­տիրու­­­թիւնը զօ­­­րակ­­­ցութեան մի­­­ջոցաւ աւե­­­լի բարձրա­­­ձայն ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել։ Բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան կո­­­չին ձայ­­­նակցողներուն մէջ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք Ահ­­­մետ Թիւրք, Ճա­­­նան Արըն, Ճե­­­լալ Ֆրաթ, Իհ­­­սան Էլիաչըք, Կեն­­­ճօ Էր­­­քալ, Մել­­­տա Օնուր, Մու­­­րաթհան Մունկան, Նեժ­­­լա Քու­­­րուլ, Էօզ­­­թիւրք Թիւրքտո­­­ղան, Ռը­­­զա Թիւրմեն, Շեպ­­­նեմ Քո­­­րուր Ֆին­­­ճանճը, Թա­­­րըք Զի­­­յա Էքին­­­ճի եւ Զիւլֆիւ Լի­­­վանե­­­լիի նման անուննե­­­րուն։

Ռը­­­զա Թիւրմեն բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան բաց­­­ման ճա­­­ռը ար­­­տա­­­­­­­սանե­­­լու պա­­­հուն շեշ­­­տեց որ այս մէկ­­­տե­­­­­­­ղու­­­մը կը մի­­­տի իրա­­­ւունքնե­­­րը բռնագ­­­րա­­­­­­­ւուած, ար­­­տաքսո­­­ւած, ճնշո­­­ւած եւ հա­­­ցի կա­­­րօտ մնա­­­ցած զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը խօս­­­նա­­­­­­­կը ըլ­­­լա­­­­­­­լու։

«Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս իրա­­­կանա­­­ցու­­­ցինք։ Մեծ աշ­­­խա­­­­­­­տանք եւ յոյս վատ­­­նե­­­­­­­լով հա­­­սանք այս պա­­­հուն։ Այ­­­սօր մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած ենք որով­­­հե­­­­­­­տեւ այ­­­լեւս չենք կրնանք հան­­­դուրժել լռե­­­լու։ Անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, ճնշու­­­մի եւ կե­­­ղեքու­­­մի դէմ համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թեան բա­­­ժակը յոր­­­դած է։ Մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը սպա­­­ռած են հա­­­սարա­­­կու­­­թեան պա­­­հան­­­ջա­­­­­­­տիրու­­­թիւնը լսե­­­լի դարձնե­­­լու հա­­­մար։ Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը փա­­­կած է բո­­­լոր դռնե­­­րը։ Ու­­­րեմն այս բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւնով մենք կը ջա­­­նանք ժո­­­ղովրդա­­­կան շար­­­ժում մը մեկ­­­նարկել, նոր հա­­­սարա­­­կու­­­թիւն, նոր Թուրքիա եւ ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան սկզբունքնե­­­րով նոր սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւն մը կեր­­­տե­­­­­­­լու գոր­­­ծին։ Հե­­­տեւա­­­բար այս հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը աւարտ մը չէ, այլ մեկ­­­նա­­­­­­­կէտ մը» ըսաւ Ռը­­­զա Թիւրմեն։

Աւե­­­լի ետք հա­­­սարա­­­կու­­­թեան տար­­­բեր հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող 21 կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ եւս ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալով պար­­­զե­­­­­­­ցին իրենց մատ­­­նո­­­­­­­ւած ճնշումնե­­­րը։ Այդ խմբակ­­­ցութիւններն էին կի­­­ներու, գի­­­տու­­­թեան եւ ակա­­­դեմիայի, հաշ­­­մանդամ­­­նե­­­­­­­րու, աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րու, միասե­­­ռական­­­նե­­­­­­­րու, բնա­­­պահ­­­պաննե­­­րու, տար­­­բեր հա­­­ւատքնե­­­րու հե­­­տեւող­­­նե­­­­­­­րու, ան­­­չա­­­­­­­փահաս­­­նե­­­­­­­րու, մա­­­մու­­­լի ազա­­­տու­­­թեան, մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու, երի­­­տասար­­­դութեան, գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու, իրա­­­ւաբան­­­նե­­­­­­­րու , արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րու, առող­­­ջա­­­­­­­պահու­­­թեան, գիւ­­­ղատնտե­­­սու­­­թեան, ուսման եւ օրէն­­­քի հա­­­մազօր որո­­­շումնե­­­րով գոր­­­ծա­­­­­­­զուրկ մնա­­­ցած­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը։

Կա­­­րելի է ըսել որ ատե­­­նախօս­­­նե­­­­­­­րու մէջ երեք անուններ յա­­­տուկ ու­­­շադրու­­­թեան ար­­­ժա­­­­­­­նացան։ Անոնք էին «Կե­­­զի» զբօ­­­սայ­­­գիի դէպ­­­քե­­­­­­­րու ժա­­­մանակ հաց առ­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար տու­­­նէն դուրս եկած եւ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ար­­­ձա­­­­­­­կած ար­­­ցունքա­­­բեր կա­­­զի պար­­­կուճի հա­­­րուա­­­ծով մը մա­­­հացող Պեր­­­քին Էլ­­­վա­­­­­­­նի մայ­­­րը Կիւլսիւմ Էլ­­­վան, Ուրֆա­­­յի մէջ ԱՔՓ կու­­­սակցու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Հա­­­լիլ եըլ­­­տը­­­­­­­զի թիկ­­­նա­­­­­­­պահ­­­նե­­­­­­­րուն յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մով ամու­­­սի­­­­­­­նը եւ եր­­­կու որ­­­դի­­­­­­­ները կորսնցու­­­ցած Էմի­­­նէ Շե­­­նեաշար եւ հինգ տա­­­րիէ ի վեր Սի­­­լիվ­­­րիի ար­­­գե­­­­­­­լանո­­­ցին մէջ բան­­­տարկո­­­ւած զի­­­նորա­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանի ու­­­սա­­­­­­­նող Ֆուրքան Չե­­­թին­­­քա­­­­­­­յայի մայ­­­րը Մե­­­լիք Չե­­­թին­­­քա­­­­­­­յա։

Բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան աւար­­­տին հրա­­­պարա­­­կուե­­­ցաւ փակ­­­ման զեկոյց մը, որ կը նե­­­րառէր օրո­­­ւայ ըն­­­թացքին ար­­­տա­­­­­­­սանո­­­ւած ճա­­­ռերու ամ­­­փո­­­­­­­փու­­­մը եւ կը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւէր մա­­­մու­­­լին ժո­­­ղովուրդը իրա­­­զեկ պա­­­հելու հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ