Ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Տարի­քի յա­­ռաջաց­­ման վրայ երբ կը բար­­դո­­­ւի աշ­­խարհա­­կոր­­ծան հա­­մավա­­րակէ խու­­սա­­­փելու կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը, երբ ալ աւե­­լի կը դան­­դա­­­ղի օրո­­ւայ հոս­­քը, կար­­ծես աւե­­լի յա­­ճախ կը մտա­­բերենք ան­­ցեալէն յու­­շեր։ Ան­­ցեալ՝ որ շնոր­­հիւ բազ­­մա­­­թիւ ըն­­կերնե­­րու միաս­­նութեան, ապ­­րո­­­ւած է մեծ եռան­­դով։ Այդ ապ­­րումնե­­րը կրկնե­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը այ­­լեւս կը բա­­ցակա­­յի մեր սե­­րունդէն։ Իսկ նոր սե­­րունդը, աւաղ շատ խե­­լօք կը թո­­ւի։ Ծի­­ծաղով կը լսէ մեր զար­­մա­­­նալի գոր­­ծե­­­րը եւ կը դժո­­ւարա­­նայ ըն­­կա­­­լելու այդքան հո­­գեմաշ ձեռ­­նարկներ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու պատ­­ճա­­­ռը։

1996-ի Սեպ­­տեմբեր ամիսն էր, Ուստա Կա­­րապե­­տի հետ եկած ենք Հա­­յաս­­տան։ Իմ եր­­րորդ իսկ իր առա­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թիւնն է Հա­­յաս­­տան։ Իմ առա­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թեան օրօք, 1986-ին Հան­­րա­­­պետու­­թեան Հրա­­պարա­­կին կը հսկէր Լե­­նինի ար­­ձա­­­նը, տե­­ղադ­­րո­­­ւած ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն գե­­ղեցիկ պա­­տուան­­դա­­­նի մը վրայ։ Երկրորդ այ­­ցե­­­լու­­թեանս Լե­­նինի ար­­ձա­­­նը վե­­րացած էր, իսկ պա­­տուան­­դա­­­նը կը սպա­­սէր նոր քան­­դակ մը հիւ­­րընկա­­լելու։ Նոյ­­նիսկ ոմանք կար­­ծիքներ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին զա­­նազան անուննե­­րու մա­­սին, որոնց մէջ ամե­­նաու­­շագրա­­ւը կը դառ­­նար Արամ Ասատ­­րեանի անու­­նը, իբ­­րեւ նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու խորհրդա­­նիշ։ Այս եր­­րորդ այ­­ցե­­­լու­­թեան պա­­տուան­­դանն ալ վե­­րացած էր, տե­­ղի տա­­լով զա­­նազան վար­­կածնե­­րու թէ ո՞ր մե­­ծահա­­րուստի տան պար­­տէ­­­զը պի­­տի զար­­դա­­­րէ։

Հմա­­յուած հրա­­պարա­­կի գե­­ղեց­­կութե­­նէն, նստած էինք կեդ­­րո­­­նական նա­­մակա­­տան աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րուն։ Կա­­րապետ յան­­կարծ առա­­ջար­­կեց «Կազ­­մա­­­կեր­­պենք ու 2000-ի Զատ­­կին բո­­լոր ըն­­կերնե­­րով հա­­ւաքո­­ւինք այստեղ, հրա­­պարա­­կի ճիշդ կեդ­­րո­­­նը» ըսաւ ու աւել­­ցուց «Չորս տա­­րի ու­­նինք մեր առ­­ջեւ, կրնանք պատ­­րաստուիլ»։ Այսքա­­նը բա­­ւարար էր որ ուխտէինք նոր մար­­տահրա­­ւէր մը, որուն պար­­գե­­­ւելիք յաղ­­թա­­­նակի քաղցրու­­թիւնը զգա­­ցած էինք պա­­հուն իսկ։

Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբի կազ­­մէն բազ­­մա­­­թիւ ըեն­­կերներ անցնող 24 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին գաղ­­թած էին զա­­նազան եր­­կիրներ, որոնց հետ կա­­պը պա­­հած էինք, բայց եր­­բեք չէինք հան­­դի­­­պած։ Պո­­լիս վե­­րադառ­­նա­­­լով մեր այդ կամ­­քը պար­­զե­­­ցինք ըն­­կերներ­­նուս։ Ինչպէս շատ ան­­գամ կը պա­­տահի, միաձայ­­նութիւն մը գո­­յացաւ իս­­կոյն։ Ապա սկսանք քննար­­կել մեր առ­­ջեւ յայտնո­­ւելիք զա­­նազան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու յաղ­­թա­­­հար­­ման եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Բո­­լոր ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար պայ­­ման էր կա­­րելի եղած նո­­ւազա­­գոյն ծախ­­սով աւար­­տել նա­­խատե­­սուած ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։ Ճիշդ դա­­սաւո­­րելու էինք եր­­թուդար­­ձի թո­­ւակա­­նը, Զատ­­կի ար­­ձա­­­կուրդէն լա­­ւագոյնս օգ­­տո­­­ւելու հա­­մար։

Գո­­յացած էր ակնկա­­լուած հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ Երգչա­­խումբի ան­­դամնե­­րուն մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը ոգե­­ւորո­­ւած էին ծրագ­­րէն։ Ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի մեր նախ­­կին ըն­­կերնե­­րը նոյնպէս հա­­մաձայն էին հայ­­րե­­­նի երկրի մէջ մէկ­­տե­­­ղուե­­լու։ Աւե­­լին՝ բազ­­մա­­­թիւ բա­­րեկամ­­ներ փա­­փաք յայտնած էին այս ճամ­­բորդու­­թեան միանա­­լու։ Այդ տե­­սակի դի­­մումնե­­րը ալ աւե­­լի թափ ստա­­ցան երբ հետզհե­­տէ կը մօ­­տենար ճամ­­բորդու­­թեան թո­­ւակա­­նը։

Իս­­թանպուլ- Երե­­ւան չո­­ւերթնե­­րը այդ տա­­րինե­­րուն կ՚իրա­­կանա­­նային «Հայ­­կա­­­կան Աւիաու­­ղի­­­ներ» ըն­­կե­­­րու­­թեան կող­­մէ։ Տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով թէ գո­­յացած էր մօտ 250 հո­­գինոց ու­­ղե­­­ւոր­­նե­­­րու խումբ մը, մեր վրայ իրա­­ւունք կը տես­­նէինք տոմ­­սա­­­կի գի­­նին հա­­մար սա­­կար­­կե­­­լու։ Նոյ­­նը ըրինք նաեւ Երե­­ւանի «Դվին» հիւ­­րա­­­նոցին հա­­մար։ Ներ­­քա­­­ղաքա­­յին եւ մերձքա­­ղաքա­­յին շրջօ­­րեայ պտոյտնե­­րուն հա­­մար վար­­ձե­­­ցինք վեց հան­­րա­­­շարժներ, ան­­շուշտ դար­­ձեալ լուրջ ու անխնայ սա­­կար­­կութիւննե­­րով։

Բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կար­­գադրե­­լէ ետք, Մարտ ամ­­սու մէջ դի­­մեցինք այս տե­­սակի ու­­ղե­­­ւորու­­թիւննե­­րու փոր­­ձա­­­ռու ար­­հեստա­­վարժ անու­­նի մը՝ Կար­­պիս Ու­­ղուրլեանին։ Պա­­րոն Ու­­ղուրլեան դէ­­պի Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տան բազ­­մա­­­թիւ շրջա­­գայու­­թիւններ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լէ ետք ընդհա­­տած էր իր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։ Իրեն պար­­զե­­­ցինք մեր մշա­­կած ծրա­­գիրը եւ այդ ծրագ­­րին հա­­մար մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէ պա­­հան­­ջո­­­ւած գու­­մա­­­րը։ Առա­­ջին պա­­տաս­­խա­­­նը եղաւ «Մոռ­­ցէք այդ գու­­մա­­­րը՛ այդքան դրա­­մով կա­­րելի չէ Հա­­յաս­­տան ճամ­­բորդել»։ Երկրորդ առար­­կութիւ­­նը ու­­ղե­­­ւոր­­նե­­­րու թի­­ւին էր։ «Այդքան մեծ խումբ եր­­բեք չէ եղած։ Ես որ տա­­րինե­­րէ ի վեր այս գոր­­ծը կ՚ընեմ, ամե­­նաշատ 100 հո­­գի կրցած եմ հա­­ւաքել»։ Հա­­մոզո­­ւած էր թէ մին­­չեւ մեկ­­նումի օրը բազ­­մա­­­թիւ հրա­­ժարող­­ներ պի­­տի ըլ­­լան։ Բայց պա­­տահե­­ցաւ հա­­կառա­­կը եւ վեր­­ջին օրե­­րուն մենք էր որ կը հար­­կադրո­­ւէինք նոր դի­­մումնե­­րը մեր­­ժե­­­լու։ «Հայ­­կա­­­կան Աւիաու­­ղի­­­ներ» ըն­­կե­­­րու­­թեան Պոլ­­սոյ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ «Թա­­ւըր Թրե­­ւըլ» ըն­­կե­­­րու­­թեան հետ նստանք երկրորդ սա­­կար­­կութեան։ Այս ան­­գամ կը պա­­հան­­ջէինք թռիչ­­քի ժա­­մը յե­­տաձ­­գել, որ­­պէսզի Կեդ­­րո­­­նական եւ Գա­­րակէօզեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու ու­­սուցիչ­­ներ եւ աշա­­կերտներ եւս հաս­­նին ճիշդ ժա­­մուն։ Նշեմ որ պոլ­­սա­­­հայ ու­­սուցիչ­­ներ առա­­ջին ան­­գամ այս առ­­թիւ ճամ­­բորդած եղան դէ­­պի Հա­­յաս­­տան։ Նա­­խապէս հա­­մայնքի «շրջա­­հայեաց» վար­­չա­­­կան­­նե­­­րը ամէն գի­­նով ար­­գելք հան­­դի­­­սացած էին դէ­­պի Հա­­յաս­­տան ու­­սուցիչ­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւնը ար­­գի­­­լելու հա­­մար։ Ինչ զար­­մա­­­նալի երե­­ւոյթ, Պոլ­­սա­­­հայոց ամե­­նազ­­գուշ տար­­րե­­­րը միշտ սի­­րած են գրա­­ւել աթոռ­­ներ, ոչ թէ յա­­ռաջա­­ցողին ձեռ­­քէն բռնե­­լու, այլ ոտ­­քէն բռնե­­լով ետ քա­­շելու հա­­մար։ Աւիաըն­­կե­­­րու­­թիւնը այս չո­­ւեր­­թին հա­­մար տրա­­մադ­­րած էր իր կազ­­մի մե­­ծագոյն ինքնա­­թիռը՝ «ԻԼ 82», որ ու­­նէր 300 ու­­ղե­­­ւոր ըն­­դունե­­լու տա­­րողու­­թիւն։

Երբ հսկայ ինքնա­­թիռը վազ­­քուղիի վրայ սու­­րա­­­լէ ետք անիւ­­նե­­­րը վեր­­ցուց կրպու­­ղիէն, բո­­լորս լցո­­ւած էինք ան­­բա­­­ցատ­­րե­­­լի հրճո­­ւան­­քով։

(Շա­­րու­­նա­­­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ