Մահ Եդուարդ Գովանի

Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի վաս­տա­կաւոր կրթա­կան մշակ­նե­րէն հա­շուե­պահ եւ հա­շուեքննիչ Եդո­ւարդ Գո­վան մա­հացաւ 94 տա­րեկան հա­սակին։ Ան ամ­բողջ կեանք մը նո­ւիրած էր մաս­նա­գիտու­թեան եւ ետին կը թո­ղու բազ­մարժէք հրա­տարա­կու­թիւններ յատ­կա­պէս տնտե­սագի­տու­թեան եւ ընդհա­նուր բա­ռարա­նագի­տու­թեան կա­լուա­ծէն ներս։

Ծնած էր 1927 թո­ւակա­նին Իս­թանպուլ։ Աւար­տած էր Պոլ­սոյ Մխի­թարեան վար­ժա­րանը եւ ապա Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի տնտե­սագի­տու­թեան բա­ժինը։ Տա­կաւին հա­մալ­սա­րանա­կան տա­րինե­րուն մուտք գոր­ծած էր հա­շուե­պահա­կան աս­պա­րէզ եւ 1955-ին հիմ­նած իր սե­փական գրա­սենեակը։ 1961-1981 թո­ւական­նե­րուն Մխի­թարեան եւ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ու­սուցչա­գոր­ծեց, որ­պէս հա­շուե­պահու­թեան ու­սուցիչ։ Ամ­բողջ 40 տա­րիներ որ­պէս խորհրդա­տու ծա­ռայեց Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանին։ Իր այդ ծա­ռայու­թիւննե­րը երախ­տա­պար­տութեան մե­տայ­լով մը պար­գե­ւատ­րո­ւեցաւ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քի կող­մէ։

Եդո­ւարդ Գո­վանի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը տե­ղի ունեցաւ 2 Յու­լիս ուրբաթ, ժա­մը 13.00-ին Գումգա­բուի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ