Ինք գնաց յիշատակը անթառամ կը մնայ

Ծիրա­նա­­­փող որ կ՚ըսենք հա­­­ւանա­­­բար աշ­­­խարհի ամե­­­նապարզ նո­­­ւագա­­­րան­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քէն պէտք է դա­­­սել։ Եղած ու չե­­­ղածը ծի­­­րանի փայ­­­տէ պատ­­­րաստո­­­ւած փող մըն է, որ սա­­­կայն կը պար­­­գե­­­­­­­ւէ ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­լիօրէն զգա­­­ցական դրդրում մը, որու մի­­­ջոցաւ հա­­­յը կը նկա­­­րագ­­­րէ իր ամ­­­բողջ էու­­­թիւնը։

Թե­­­րեւս այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ է, որ աւե­­­լի քան դար մը առաջ մեծն Կո­­­միտաս հրա­­­պարա­­­կած էր հաս­­­տատ հա­­­մոզում մը, ըսե­­­լով որ «Հա­­­յոց ազ­­­գա­­­­­­­յին նո­­­ւագ­­­րա­­­­­­­նը փո­­­ղաւոր գոր­­­ծիքներն են»։

Իրա­­­ւ ալ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ շատ տա­­­րածուն այդ նո­­­ւագա­­­րանը դի­­­մադ­­­րեց խորհրդա­­­յին տա­­­րինե­­­րուն իր հան­­­դէպ ցու­­­ցա­­­­­­­բերո­­­ւած բո­­­լոր դժկա­­­մու­­­թիւննե­­­րը։ Խորհրդա­­­յին գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը մեր­­­ժած էր տու­­­տուկը զայն հա­­­մարե­­­լով սգա­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի նո­­­ւագա­­­րան։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ մինչ օրս ըն­­­դունո­­­ւած սո­­­վորու­­­թիւն է թաղ­­­ման թա­­­փօրի տու­­­տուկով կա­­­տարու­­­մը։ Բայց եկան ժա­­­մանակ­­­ներ եւ նաեւ ան­­­կանխա­­­տեցե­­­լի հե­­­տաքրքրու­­­թիւններ, որոնց շնոր­­­հիւ տու­­­տուկը վե­­­րագ­­­տաւ իր ար­­­ժա­­­­­­­նի յար­­­գանքը։ Կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել որ ԱՄՆ-ի Ըրա­­­քի դէմ գոր­­­ծադրած Ծո­­­ցի Առա­­­ջին պա­­­տերազ­­­մի օրե­­­րուն CNN- հե­­­ռուստա­­­կայա­­­նը ամէն երե­­­կոյ պա­­­տերազ­­­մի լու­­­րե­­­­­­­րը կը հա­­­ղոր­­­դէր տու­­­տուկի նո­­­ւագակ­­­ցութեամբ։ Մեծ տու­­­տուկա­­­հար Վա­­­չէ Յով­­­սէ­­­­­­­փեանի ձայ­­­նագրու­­­թիւնը շնոր­­­հիւ Բի­­­դըր Կեպ­­­րիելի վե­­­րամ­­­շա­­­­­­­կու­­­մին յան­­­կարծա­­­կիօրէն ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ու­­­շադրու­­­թեան։ Մար­­­դիկ իմա­­­նալ կ՚ու­­­զէին այդ կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան նո­­­ւագի գաղտնի­­­քը։ Եւ այդ նոյն տա­­­րինե­­­րուն էր որ աշ­­­խարհահռչակ տու­­­տուկա­­­հար Ճի­­­վան Գաս­­­պա­­­­­­­րեան նման ու­­­շադրու­­­թեան կ՚ար­­­ժա­­­­­­­նանար յօ­­­րինե­­­լով «Կլա­­­տեաթէօր» ֆիլ­­­մի երաժշտու­­­թիւնը։

6 Յու­­­լիս թո­­­ւակա­­­նը ամ­­­բողջ աշ­­­խարհին կը յայտներ գոյ­­­ժը տու­­­տուկի մեծ վար­­­պետ Ճի­­­վան Գաս­­­պա­­­­­­­րեանի։ Ար­­­մատնե­­­րով մշե­­­ցի ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ մը եկած Ճի­­­վան Գաս­­­պա­­­­­­­րեան ծնած էր 1928 թո­­­ւակա­­­նին Կո­­­տայ­­­քի Ցո­­­լակ գիւ­­­ղը։ Փոք­­­րիկ տա­­­րիքին հայ­­­րա­­­­­­­զուրկ մնա­­­լով ման­­­կութիւ­­­նը ան­­­ցաւ որ­­­բա­­­­­­­նոցի մէջ։ Փոքր տա­­­րիքէն իր մէջ արթնա­­­ցած էր երաժշտու­­­թեան յատ­­­կա­­­­­­­պէս տու­­­տուկի հան­­­դէպ սէ­­­րը։ Իր ներշնչման աղ­­­բիւրն էր կի­­­նօթատ­­­րոննե­­­րու մէջ ան­­­ձայն ֆիլ­­­մե­­­­­­­րու ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցող երա­­­ժիշտնե­­­րը։ Գաս­­­պա­­­­­­­րեան յա­­­ռաջա­­­ցաւ իր այդ ու­­­ղիին մէջ հետզհե­­­տէ դառ­­­նա­­­­­­­լով առաս­­­պե­­­­­­­լական անուն մը։ Հրա­­­պարա­­­կեց աւե­­­լի քան 20 սկա­­­ւառակ­­­ներ, հա­­­մերգներ սար­­­քեց աշ­­­խարհի բա­­­զում եր­­­կիրնե­­­րու մէջ։ Ճի­­­վան Գաս­­­պա­­­­­­­րեան հիւ­­­րա­­­­­­­համերգնե­­­րով այ­­­ցե­­­­­­­լեց նաեւ Թուրքիա եւ Պոլ­­­սոյ մէջ բեմ բարձրա­­­ցաւ նշա­­­նաւոր Քար­­­տեշ Թիւրքիւ­­­լեր խումբի ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ։

Պոլ­­­սոյ մէջ ծա­­­նօթա­­­ցաւ ու բա­­­րեկա­­­մացաւ «Քա­­­լան» ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան տնօ­­­րէն Հա­­­սան Սալ­­­թը­­­­­­­քի հետ ու այդ բա­­­րեկա­­­մու­­­թե­­­­­­­նէ ծնաւ նոր ալ­­­պոմ մը, ուր Գաս­­­պա­­­­­­­րեան կը նո­­­ւագէր ժո­­­ղովրդա­­­կան երաժշտու­­­թեան մե­­­ծանուն վար­­­պետ Էր­­­քան Օղու­­­րի հետ։ Գաս­­­պա­­­­­­­րեան ապա Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վան­­­քի միու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թեան 50-ամեակի առ­­­թիւ կրկին այ­­­ցե­­­­­­­լեց Պո­­­լիս եւ իր երաժշտու­­­թիւնով ան­­­գամ մը եւս հմա­­­յեց բո­­­լորը։ Յաղ­­­թա­­­­­­­նակով լե­­­ցուն կեան­­­քի մը աւար­­­տին ՀՀ նա­­­խագա­­­հը եւ վար­­­չա­­­­­­­պետը ցա­­­ւակ­­­ցա­­­­­­­կան գրու­­­թիւննե­­­րով ող­­­ջունե­­­ցին անոր մեծ վաս­­­տա­­­­­­­կը։

Մե­­­զի կը մնայ մխի­­­թարո­­­ւիլ այն գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նով թէ կեան­­­քը ժա­­­մանա­­­կաւոր է իսկ գոր­­­ծը յա­­­ւիտե­­­նական։ Ու­­­րեմն Ճի­­­վան Գաս­­­պա­­­­­­­րեան այ­­­սուհե­­­տեւ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր գոր­­­ծով եւս մնալ մեզ հետ եւ չի թա­­­ռամիր իր յի­­շատա­­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ