Մռայլ հնձուորի գերանդին կը հնձէ

Մռայլ հնձո­­ւորի ման­­գա­­­ղը կը ճօ­­ճուի հա­­մայն աշ­­­խարհի վե­­­րեւ եւ մերթ ընդ մերթ կը հնձէ նաեւ Իս­­­թանպու­­­լա­­­­­­­հայ կեան­­­քեր խոր յու­­­զում յա­­­ռաջաց­­­նե­­­­­­­լով հա­­­մայնքէ ներս։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ զո­­­հաբեր­­­ման տօ­­­նի ոչ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին օրե­­­րու ըն­­­թացքին Մռայլ հնձո­­­ւորի գե­­­րան­­­դին աշ­­­խա­­­­­­­տեցաւ ան­­­դա­­­­­­­դար ցաւ ու վիշտ պատ­­­ճա­­­­­­­ռելով բո­­­լորիս։

Այդ հունձքի շար­­­քէն եղաւ «Մար­­­մա­­­­­­­րա» թեր­­­թի բազ­­­մա­­­­­­­մեայ աշ­­­խա­­­­­­­տակից Կա­­­րօ Հա­­­մամ­­­ճեանը։ 65 ամեայ Կա­­­րօն իր կեան­­­քի 43 տա­­­րինե­­­րը նո­­­ւիրած էր թեր­­­թին պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րելով տպագ­­­րութեան եւ խմբագ­­­րութեան զա­­­նազան բա­­­ժին­­­նե­­­­­­­րու մէջ։

Կա­­­րօ Հա­­­մամ­­­ճեան նաեւ մաս կը կազ­­­մէր Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի Սուրբ Վար­­­դա­­­­­­­նանց Եկե­­­ղեց­­­ւոյ թա­­­ղական խոր­­­հուրդին։ «Մար­­­մա­­­­­­­րա»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­պէտ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեան թեր­­­թի 24 Յու­­­լի­­­­­­­սի հա­­­մարով կը յայտնէր իր ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քը այս դառն կո­­­րուստին հա­­­մար։ «…Տխուր եմ, շատ տխուր։ Քեզ կորսնցու­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լու ցա­­­ւը անմխի­­­թար ցաւ է ին­­­ծի, իմ կո­­­ղակ­­­ցիս Սիւ­­­զա­­­­­­­նին ու ամ­­­բողջ ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս հա­­­մար։ Դուն՝ «Մար­­­մա­­­­­­­րայի Կա­­­րօն» չկաս այ­­­լեւս ու քու մա­­­հով բան մը փրթաւ մեր ու շա­­­տերու կեանքէն» կ՚ըսէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեան իր աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցին ուղղեալ ան­­­կա­­­­­­­րելի նա­­­մակին մէջ։

Կա­­­րօ Հա­­­մամ­­­ճեանի յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թիւնը կա­­­տարո­­­ւեցաւ 24 Յու­­­լիս շա­­­բաթ օր Հա­­­լըճըօղ­­­լո­­­­­­­ւի Հա­­­յոց Գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատան մէջ։

Կա­­­րօ Հա­­­մամ­­­ճեան վա­­­րակո­­­ւած էր 1 Յու­­­լիս թո­­­ւակա­­­նին Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ սրա­­­հին մէջ կա­­­յացած ժո­­­ղովի մը ըն­­­թացքին։ Ժո­­­ղովի պա­­­հուն կողք կող­­­քի նստած էին Կա­­­րօ Հա­­­մամ­­­ճեան, «Ժա­­­մանակ» թեր­­­թի խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ Արա Գօ­­­չու­­­նեան, Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Վար­­­ժա­­­­­­­րանի խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան Ատե­­­նապետ Յա­­­րու­­­թիւն Էպէօղ­­­լու եւ «Սուրբ Գիրք» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան անձնա­­­կազ­­­մէն Թա­­­մար Գա­­­րասու։ Այս վեր­­­ջինն է, որ պսա­­­կաձեւ ժահ­­­րի ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը տա­­­րաւ բա­­­ւակա­­­նին թե­­­թեւ, իսկ մնա­­­ցեալ երե­­­քը հար­­­կադրո­­­ւեցան հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի բու­­­ժումի։ Բա­­­րեբախ­­­տութիւն է տես­­­նել թէ դար­­­մա­­­­­­­նու­­­մը դրա­­­կան ար­­­դիւնք տո­­­ւած է Արա Գօ­­­չու­­­նեանի եւ Յա­­­րու­­­թիւն Էպէօղ­­­լո­­­­­­­ւի հա­­­մար։ Անոնք այժմ կը բո­­­լորեն ապա­­­քին­­­ման շրջա­­­նը։

Տխուր լուր մը հա­­­ղոր­­­դո­­­­­­­ւեցաւ նաեւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն,որ կը գու­­­ժէր մա­­­հը պոլ­­­սա­­­­­­­հայ հո­­­գեւո­­­րակա­­­նաց դա­­­սու աւագ սե­­­րունդի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րէն Մի­­­նաս Աւագ Քա­­­հանայ Ճի­­­հան­­­կիւլեան։ Ան եւս վա­­­րակո­­­ւած էր պսա­­­կաձեւ ժահ­­­րէն եւ 19 Յու­­­լի­­­­­­­սին կնքեց իր մահ­­­կա­­­­­­­նացուն 88 տա­­­րեկան հա­­­սակին։

Տէր Մի­­­նաս Քա­­­հանայ Ճի­­­հակիւ­­­լեանի յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թիւնը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 20 Յու­­­լի­­­­­­­սին Սա­­­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկե­­­ղեցին, ուրկէ փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ Պա­­­լըք­­­լըի Հա­­­յոց Գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը։

Մա­­­հուան ցնցիչ եր­­­րորդ լու­­­րը այս ան­­­գամ կը հաս­­­նէր քա­­­ղաքի Ասիական հա­­­տուա­­­ծէն՝ Գա­­­տըգիւ­­­ղէն։ Պոլ­­­սա­­­­­­­հայ հա­­­մայնքը յոյ­­­սէր սնու­­­ցած էր Լէօ Սու­­­րէն Հա­­­լէպ­­­լիի հան­­­դէպ, որ իր լաւ պատ­­­րաստո­­­ւած ինքնու­­­թեամբ կրնար կա­­­րեւոր ներդրում ու­­­նե­­­­­­­նալ հա­­­մայ­­­քի զար­­­գացման։ Հա­­­լէպ­­­լի հա­­­զիւ 40 տա­­­րեկան էր,երբ սրտի անսպա­­­սելի կա­­­թուա­­­ծի մը հե­­­տեւան­­­քով հրա­­­ժեշտ կ՚առնէր մեզ­­­մէ։ Ան նախ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սումը ստա­­­ցած էր Փան­­­կալթըի Մխի­­­թարեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանը՝ որ­­­մէ ետք յա­­­ճախած էր Ռո­­­պերթ Քո­­­լէճ։ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան ու­­­սումը աւար­­­տեց Լոն­­­տո­­­­­­­նի Տնտե­­­սագի­­­տու­­­թեան դպրո­­­ցը, ուր նաեւ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­ցաւ Եւ­­­րո­­­­­­­միու­­­թեան հա­­­մակերպման քա­­­ղաքատնտե­­­սական պայ­­­մաննե­­­րու ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեամբ։ Ան ու­­­սա­­­­­­­նողա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն իսկ իր մաս­­­նակցու­­­թիւնը բե­­­րած էր ըն­­­կե­­­­­­­րային կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու։ Ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցած էր Վար­­­ժա­­­­­­­րանի Թուրք Ու­­­սա­­­­­­­նողաց Միու­­­թեան։ Նաեւ հիմ­­­նա­­­­­­­դիրը եղած էր նոյն հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մէջ Հայ Ու­­­սա­­­­­­­նողաց Միու­­­թիւնի մը։ Իր կեան­­­քի մէջ շատ կա­­­րեւոր հանգրո­­­ւան մը կը կազ­­­մէ սոյն եր­­­կու միու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մատեղ նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը Հրանդ Տին­­­քի մա­­­հուան յա­­­ջոր­­­դող օրե­­­րուն։ «Ին­­­ծի հա­­­մար շատ մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նէր, այն փոր­­­ձը երբ կը տես­­­նէի թէ կան­­­խա­­­­­­­կար­­­ծիքնե­­­րը թո­­­թափե­­­լով ինչպէս կա­­­րելի է հակադրո­­­ւած տար­­­րե­­­­­­­րու հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թիւնը»։ Լէօ Հա­­­լէպ­­­լի նաեւ կը պատ­­­րաստո­­­ւէր Թուրքիոյ մէջ հայ ան­­­հա­­­­­­­տի մը պե­­­տական բարձրաս­­­տի­­­­­­­ճան պաշ­­­տօ­­­­­­­նակա­­­տար ըլ­­­լա­­­­­­­լու նա­­­խափոր­­­ձին։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ ԵՄ-ի շրջագ­­­ծով կը կազ­­­մո­­­­­­­ւէր գրա­­­սենեակ մը, ուր պաշ­­­տօն ստանձնե­­­լու հրա­­­ւիրո­­­ւած էր նաեւ Լէօ Հա­­­լէպ­­­լի։ Սա­­­կայն ինչ-ինչ պատ­­­ճառնե­­­րով այդ նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը կի­­­սաւարտ մնաց եւ Հա­­­լէպ­­­լի իր ու­­­սումը ազ աւե­­­լի զար­­­գացնե­­­լու մի­­­տու­­­մով մեկ­­­նե­­­­­­­ցաւ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­ման։

Լէօ Հա­­­լէպ­­­լիի թա­­­ղումն ալ կա­­­տարո­­­ւեցաւ Գա­­­տըգիւ­­­ղի Սուրբ Թա­­­գաւոր Եկե­­­ղեցիի մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան աւար­­­տին Ու­­­զունչա­­­յըրի Հայ­­­կա­­­­­­­կան Գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը։

Այս բո­­­լորը կը զու­­­գա­­­­­­­դիպին այնպի­­­սի շրջա­­­նի մը, ուր եր­­­կի­­­­­­­րը ինչպէս աշ­­­խարհի զա­­­նազան ան­­­կիւններ կը փոր­­­ձէ մա­­­սամբ ձեր­­­բա­­­­­­­զատո­­­ւիլ հա­­­մավա­­­րակի կան­­­խարգիլ­­­ման հա­­­մար գոր­­­ծադրո­­­ւած մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րէն։ Ներ­­­կայ դրու­­­թեամբ Թուրքիոյ մէջ վա­­­րակ­­­ման դէպ­­­քե­­­­­­­րը զգա­­­լիօրէն աճած են եւ հա­­­սած օրա­­­կան մօտ 15 հա­­­զարի վա­­­րակ­­­ման տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րու։ Սա եռա­­­պատիկն է ըն­­­դա­­­­­­­մէնը տա­­­սը օր առաջ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած վարակման դէպ­­­քե­­­­­­­րուն։ Երե­­­ւոյ­­­թը մտա­­­հոգիչ է եւ զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րէ ներս, ուր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը կը հար­­­կադրո­­­ւին չե­­­ղեալ հա­­­մարո­­­ւած կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րը վե­­­րահաս­­տա­­­տելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ