Երգ ու բանով յիշատակուեցաւ Ճիվան Գասպարեան

Նախքան պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի ըն­կե­րային կեան­քը խա­փանե­լը սո­վորա­բար ամա­ռուայ ամիս­նե­րուն մշա­կու­թա­յին ու գե­ղարո­ւես­տա­կան յա­տուկ եռու­զեռ մը կը տի­րէր Իշ­խա­նաց Կղզի­ներու մէջ։ Ան­ցեալին ըլ­լայ Գնա­լը Կղզիի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ բա­կը, ըլ­լայ Կազ­դուրման Կա­յանի պար­տէ­զը հիւ­րա­սիրած են զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ։ Այս երկրորդ տա­րին է, որ այդ բո­լորէն հե­ռու կը մնանք խու­սա­փելով մա­հաբեր վա­րակու­մէ մը։ Իսկ երբ Յու­լիս ամի­սէն վերջ սահ­մա­նափա­կումնե­րը հետզհե­տէ թու­լա­ցան այս առու­մով ալ որոշ աշ­խուժու­թիւն մը կը նկա­տուի։

12 Օգմսիոս Հինգշաբ­թի երե­կոյ Գնա­լը Կղզիի Ջու­րի Մար­զա­ձեւե­րու Ակումբի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խարհահռչակ տու­տուկա­հար Ճի­վան Գաս­պա­րեանի յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռում մը։ Նա­խաձեռ­նութեան մտայ­ղա­ցողն էր իրա­ւաբան Էլիֆ­սու Տի­լեք Շեն։ Ան կ՚ընդվզէր այս մեծ կո­րուստին միայն քա­նի մը օր օրա­կարգ զբա­ղեց­նե­լէ ետք մո­ռաց­ման մատ­նո­ւելուն դէմ։ Նախ պատ­րաստեց նման մի­ջոցա­ռու­մի պատ­շա­ճող յայ­տա­գիր մը, հրա­ւիրեց այժ յայ­տա­գիրը իրա­կաց­նե­լու յար­մար ատե­նախօս­ներ եւ արո­ւես­տա­գէտ­ներ ու ապա սկսաւ այդ ձեռ­նարկը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար յար­մար վայ­րի մը որոն­ման։ Առա­ջին հեր­թին այ­ցե­լեց Գնա­լը Կղզիի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ վար­չութիւ­նը յու­սա­լով թէ հոն պի­տի գտնէ իր ոգե­ւորու­թիւնը կի­սող մար­դիկ։ Սա­կայն մեր­ժո­ւեցաւ եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ նման մի­ջոցա­ռում մը անցնե­լու իր ցան­կութիւ­նը։ «Տա­կաւին քա­ռասունքը չէ ելած» ըսած էին իր խօ­սակից­նե­րը։ Յայտնի է որ անոնց պատ­կե­րացու­մը սահ­մա­նուած էր «Հո­գեհան­գիստ» հաս­կա­ցողու­թեամբ եւ դժո­ւարա­ցած էին ան­կէ աւե­լին ըն­կա­լելու։ Բա­րեբախ­տա­բար Մար­զա­կումբի վար­չութիւ­նը ձայ­նակցած էր այս իմաս­տա­լից հան­դիպման եւ դռնե­րը լայն բա­ցած Էլիֆ­սու Տի­լեք Շե­նի դի­մաց։

Այսպէս հինգշաբ­թի երե­կոյեան ժա­մերուն մշա­կու­թա­սէր զան­գո­ւած մը փու­թա­ցած էր ակումբ հե­տեւե­լու հա­մար Ճի­վան Գաս­պա­րեանի յի­շատակ­ման հան­դէ­սին։

Էլիֆ­սու Տի­լեք Շեն ստանձնած էր նաեւ հան­դի­սավա­րի պաշ­տօ­նը եւ իր ող­ջունի խօս­քը ար­տա­սանե­լու հա­մար բեմ հրա­ւիրեց նախ Իշ­խա­նաց Կղզիաց քա­ղաքա­պետ Էր­տեմ Կիւ­լը։ Քա­ղաքա­պետը իր հա­կիրճ ելոյ­թին մէջ ող­ջունեց կա­տարո­ւած ձեռ­նարկը եւ պատ­րաստա­կամու­թիւն խոս­տա­ցաւ նման բնոյ­թի բո­լոր մի­ջոցա­ռումնե­րուն զօ­րակ­ցե­լու հա­մար։

Ապա բեմ եկաւ մե­նակա­տար Սեր­ճան Կա­զերօղ­լու, որ լաւ պատ­րաստո­ւած եր­գա­ցան­կով մը ար­ժա­նացաւ մաս­նա­կից­նե­րու գնա­հատան­քին։ Ապա կար­գաւ խօսք առին Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ Յա­կոբ Մա­միկո­նեան մե­կու­սե­լով մեծ վար­պե­տի կեն­սագրու­թեան եւ յատ­կա­պէս ալ տու­տուկ կո­չեալ այդ պարզ ծի­րանա­փողին ստեղ­ծած ան­հա­ւատա­լի զգա­ցումնե­րու մա­սին։

Օրո­ւայ միակ սայ­թա­քումն էր թեխ­նի­քական այն թե­րու­թիւնը, որու հե­տեւան­քով եր­րորդ ատե­նախօս Օս­ման Քէօքէր չի կրցաւ ներ­կա­յաց­նել իր զե­կոյ­ցը, քա­նի որ կա­րելի չէր եղած իր պատ­րաստած տե­սանիւ­թե­րը ցո­լաց­նել էկ­րա­նի վրայ։

Ապա կար­գով ելոյթ ու­նե­ցան Կիւլսե­ւեն Մե­տար, որ հա­յերէն եւ քրտե­րէն եր­գե­րով ող­ջունեց Ճի­վան Գաս­պա­րեանի յի­շատա­կը։ Մե­տար յայտնու­թիւն մը եղաւ բո­լորին հա­մար, թէ իր քնքոյշ ձայ­նով եւ թէ հո­գեհա­րազատ մեկ­նա­բանու­թիւնով։ Ապա բեմ եկաւ տու­տուկա­հար Էմ­րէ Սը­նան­մըշ, որ նախ նո­ւագեց Ճի­վան Գաս­պա­րեանի եր­գա­ցան­կէն ընտրո­ւած գոր­ծեր եւ ապա քրտա­կան մե­ղեդի­ներ։ Իբ­րեւ օրո­ւայ ոգալ աստղեր Մա­րալ Այ­վազ եւ Թա­թիանա Պոս­թան։ Անոնք եւս իրենց կա­տարումնե­րով մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռեցին մի­ջոցառ­ման վայ­րը ամ­բողջո­վին լե­ցու­ցած հան­դի­սատես­նե­րու հա­մար։ Յայ­տագրի շա­րու­նա­կու­թեան մէջ Էլիֆ­սու Տի­լեք Շեն իր ող­ջունի խօս­քը ար­տա­սանե­լու հա­մար խօ­սափո­ղը յանձնեց ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նին, որ ինչպէս պի­տի սպա­սուէր իր­մէ քա­ղաքա­կան բնոյթ ճա­ռախօ­սու­թեան մէջ անդրար­ձաւ հա­մաշ­խարհա­յին խղա­ղու­թեան անհրա­ժեշ­տութեան եւ այդ տո­ղերով ալ ար­ժա­նացաւ ներ­կա­ներու խան­դա­վառ ծա­փող­ջոյննե­րուն։

Այսպէ­սով ամա­ռային մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու բո­լորո­վին ան­գոյ դար­ձած պայ­մաննե­րուն մէջ Գնա­լըի Եկ­նա­կամա­րին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձրո­րակ եւ յա­տուկ նշա­նակու­թիւնով մի­ջոցա­ռում մը, որուն հա­մար կ՚ար­ժէ շնոր­հա­ւորել թէ նա­խաձեռ­նողնե­րը եւ թէ մաս­նակցող­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ