Կառավարութիւնը կը ծրագրէ արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալ

Հայաս­տա­­­նի հան­­րա­­­պետու­­թեան յա­­ռաջի­­կայ հինգ տա­­րինե­­րու ծրա­­գիր­­նե­­­րը ընդգրկող նա­­խագի­­ծը ըն­­թերցո­­ւեցաւ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի յա­­տուկ նիս­­տի ըն­­թացքին։ Վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան հա­­կիրճ տողե­­րով նկա­­րագ­­րեց Հայստա­­նի քա­­ղաքա­­կան տնտե­­սական ըն­­կե­­­րային հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը։ Ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւն է, որ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի մէջ կը տի­­րէ ոչ հա­­մերաշխ մթնո­­լորտ մը, իշ­­խա­­­նու­­թեան եւ ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ։ Շատ բնա­­կան երե­­ւոյթ է ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու եւ իշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­կադ­­րութիւ­­նը։ Սա­­կայն այդ բնա­­կանը իր մէջ կը պա­­հան­­ջէ սկզբունքա­­յին նո­­ւազա­­գոյն քա­­ղաքա­­կիրթ կե­­ցուածք։ Ահա այս է որ կը պակ­­սի մեր քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տէն իր տե­­ղը զի­­ջելով փո­­խադարձ հա­­լածան­­քի։ Ար­­դա­­­րեւ Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի վեր­­ջին նիստն ալ կայացաւ նման լա­­րուա­­ծու­­թեան մթնո­­լոր­­տի մէջ։

Ստո­­րեւ «Սի­­վիլ­­նէթ» կայ­­քէ­­­ջէն ար­­տատպե­­լով կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք յա­­ռաջի­­կայ հնգա­­մեայ ծրագ­­րի կա­­րեւոր նիւ­­թե­­­րէն մէ­­կը հա­­մարո­­ւած արեւմտա­­հայե­­րէնի պահ­­պանման մա­­սին նա­­խագ­­ծի ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։

Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը նա­­խատե­­սէ դի­­տար­­կել Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ արեւմտա­­հայե­­րէնի կար­­գա­­­վիճակ տա­­լու օրէնսդրա­­կան հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը։ Այս մա­­սին նշո­­ւած է գոր­­ծա­­­դիրի հնգա­­մեայ՝ 2021-2026 թթ. գոր­­ծունէու­­թեան ծրագ­­րին, որ հաս­­տա­­­տուած է Օգոս­­տո­­­սի 18-ի նիս­­տին եւ դեռ պէտք է ար­­ժա­­­նանայ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի հա­­ւանու­­թեան։

«Սփիւռքի հետ կա­­պեր»ու վե­­րաբե­­րեալ բաժ­­նին կ՚առա­­ջար­­կո­­­ւի «կազ­­մա­­­կեր­­պել արեւմտա­­հայե­­րէնի պահ­­պա­­­նու­­թեան ու­­ղո­­­ւած կրթա­­կան եւ գի­­տական մի­­ջոցա­­ռումներ, որոնց շնոր­­հիւ ամ­­րապնդո­­ւելու է արեւմտա­­հայե­­րէնի կար­­գա­­­վիճա­­կը բարձրա­­գոյն կրթու­­թեան, հան­­րակրթա­­կան եւ լրա­­ցու­­ցիչ ու­­սումնա­­կան ծրագ­­րե­­­րուն»։ Այլ ման­­րա­­­մաս­­ներ չկան այս գա­­ղափա­­րի վե­­րաբե­­րեալ ծրագ­­րի մէջ։

Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւ­­նը կ՚ամ­­րագրէ, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան պե­­տական լե­­զուն հա­­յերէնն է։ Գրա­­կան հա­­յերէ­­նը ու­­նի եր­­կու ճիւղ՝ արե­­ւելա­­հայե­­րէն եւ արեւմտա­­հայե­­րէն։ «Լե­­զուի մա­­սին օրէնք»ին շեշ­­տադրո­­ւած է հէնց գրա­­կան հա­­յերէ­­նի խրա­­խուսման ու տա­­րած­­ման վրայ։ Մաս­­նա­­­ւորա­­պէս օրէն­­քով ամ­­րագրո­­ւած է, որ «Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան պաշ­­տօ­­­նական լե­­զուն գրա­­կան հա­­յերէնն է։ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը նպաս­­տէ ժա­­մանա­­կակից գրա­­կան հա­­յերէ­­նի կա­­նոնարկման, բա­­ռակերտման, տեր­­մի­­­նաբա­­նու­­թեան (եզ­­րա­­­բանու­­թեան), ուղղագ­­րութեան, ուղղա­­խօսու­­թեան, տա­­ռադար­­ձութեան եւ կէ­­տադ­­րութեան կա­­նոնարկման սկզբունքնե­­րու մշակ­­ման։ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը նպաս­­տէ հա­­յերէ­­նի ուղղագրութեան միաս­­նա­­­կանաց­­ման»։

Լե­­զուի մա­­սին ՀՀ օրէն­­քը յա­­տուկ չի նշեր, թէ գրա­­կան ո՞ր հա­­յերէ­­նի մա­­սին է խօս­­քը, թէեւ կա­­րելի է ինքնա­­բերա­­բար վե­­րաբե­­րի եր­­կուքին ալ։

Ու­­շագրաւ է, որ կա­­ռավա­­րու­­թեան 2019-ի ծրագ­­րին նման դրոյթ չկար։ Նաեւ ամ­­րագրո­­ւել էր, որ «Կրթա­­կան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին քա­­ղաքա­­կան առանցքա­­յին նպա­­տակը պէտք է ըլ­­լայ գրա­­կան հա­­յերէ­­նի տա­­րածու­­մը, նա­­խադպրո­­ցական եւ դպրոցական ցածր տա­­րիքի լսա­­րանի հա­­մար յա­­տուկ ծրագ­­րե­­­րու (ու­­սումնա­­կան, ճա­­նաչո­­ղական հա­­ղոր­­դումներ, ֆիլ­­մեր, մուլտֆիլ­­մեր եւ այլն) մի­­ջոցով գրա­­կան հա­­յերէ­­նի (այդ թիւն՝ արեւմտա­­հայե­­րէնի) իմա­­ցու­­թեան ամ­­րապնդու­­մը Հա­­յաս­­տան եւ սփիւռք»։

Արեւմտա­­հայե­­րէնի վե­­րաբե­­րեալ դրոյթ ամ­­րագրած էր նաեւ Սերժ Սարգսեանի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը՝ 2017-2022-ի ծրագ­­րին, սա­­կայն օրէնսդրա­­կան փո­­փոխու­­թիուննե­­րու մա­­սին նախ­­կի­­­նին չէ խօ­­սուածլ։ Մաս­­նա­­­ւորա­­պէս կը նշո­­ւէր, որ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը նպա­­տակ ու­­նի «2018-2022 թո­­ւական­­նե­­­րու ըն­­թացքին իրա­­կանաց­­նել սփիւռքա­­հայ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու վե­­րապատ­­րաստման դա­­սըն­­թացներ, ստեղ­­ծել եւ տա­­րածել արե­­ւելա­­հայե­­րէն եւ արեւմտա­­հայե­­րէն ու­­սուցո­­ղական հո­­լովակ­­ներ, հա­­մայնքնե­­րուն տրա­­մադ­­րել ու­­սուցո­­ղական ձեռ­­նարկներ, դա­­սագրքեր եւ այլ նիւ­­թեր՝ սփիւռքա­­հայ երի­­տասարդնե­­րու շրջա­­նին հա­­յերէ­­նի բա­­ւարար իմա­­ցու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կի բարձրաց­ման նպա­տակով»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ