Օհանի գործերը կը ցուցադրուին Չանաքքալէի մէջ

Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան Չա­նաք­քա­լէի մաս­նա­ճիւ­ղը 1 Սեպ­տեմբեր Խա­ղաղու­թեան Հա­մաշ­խարհա­յին օրո­ւայ առ­թիւ ծրագ­րած է շարք մը մի­ջոցա­ռումներ։ Մին­չեւ 21 Սեպ­տեմբեր եր­կա­րող մի­ջոցա­ռումնե­րու շար­քը մեկ­նարկեց 1 Սեպ­տեմբեր չո­րեք­շաբթի ժա­մը 18.00-ին, քա­ղաքի խորհրդա­նիշ­նե­րէն հա­մարո­ւող ժա­մացոյ­ցի աշ­տա­րակի ներ­քեւ ըն­թերցուած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւնով։ Նոյն օր Եալը Հա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տարո­ւեցաւ թեր­թիս աշ­խա­տակից Օհան­նէս Շաշ­կա­լի «Խա­ղաղու­թեան եւ Ժո­ղովրդա­վարու­թեան գի­ծեր» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին։

Նա­խաձեռ­նութեան կա­րեւոր մի­ջոցա­ռումնե­րէն մէկն ալ պի­տի կա­յանայ 11 Սեպ­տեմբեր շա­բաթ երե­կոյ, ուր Այ­շե­կիւլ Տո­ղան, Պոր­ճու Գա­րագաշ, Էլ­չին Աք­թոփրաք եւ Շեպ­նեմ Քո­րուր Ֆին­ճանճը պի­տի զե­կու­ցեն «Ան­սահման խա­ղաղու­թիւն՝ բե­ւեռաց­ման, ցե­ղապաշ­տութեան եւ գաղ­թի ծի­րէն ներս հա­մատեղ կե­ցու­թեան հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը» նիւ­թին շուրջ։

Մի­ջոցա­ռումնե­րը աւար­տին պի­տի հաս­նին 21 Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի երե­կոյ Ժո­ղովուրդի Պար­տէ­զի մէջ կա­յանա­լիք «Խա­ղաղու­թիւն ման­կանց հետ» ծրա­գիրով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ